Քաղաքական գնահատականի յաւելուածին կարեւորագոյն բաժինը

ՀԱՊԿ-ի երեւանեան վեհաժողովին ուղղութեամբ լուսարձակները կեդրոնացան յայտարարուելիք հռչակագիրին Երեւանի կողմէ անհամաձայնութեան վրայ: Հայկական կողմը պահանջած է երկու փաստաթուղթերու մէջ ներառել քաղաքական գնահատական` Ազրպէյճանի յարձակողապաշտութիւնը դատապարտող: Հարցը առկախուած է եւ որոշուած փաստաթուղթերը լրամշակել:
ՀԱՊԿ-ի երեւանեան քննարկումներուն ընթացքին կայ կէտ, որ առաջին հայեացքով հեռանկարային կը թուի, սակայն հիմնական ուղղութիւններով մտահոգութիւններ կը փոխանցէ:
Կառավարութեան նիստին բացուած են որոշ փակագիծեր եւ կատարուած յայտարարութիւն առ այն, որ Ռուսիոյ նախագահին հետ եղած են բանակցութիւններ, որոնց ընթացքին հայկական կողմը ստացած է դրական ազդակներ եւ տեղեկութիւններ, ինչ որ ենթադրել տուած է նախատեսել էական եւ լուրջ կարելիութիւն սկսելու Հորատիզ-Մեղրի-Օրդուբադ-Սադարակ-Երասխ ուղիի վերականգնման աշխատանքները:
Ըստ էութեան, 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 9-րդ կէտին մասին է խօսքը:
9-րդ կէտ. «Կ՛ապաշրջափակուին տարածաշրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային ճանապարհները: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններուն եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ փոխադրամիջոցային, հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը` քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու` երկու ուղղութիւններով անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու նպատակով: Փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան նկատմամբ վերահսկողութիւնը կ՛իրականացնեն Ռուսիոյ ԱԴԾ սահմանապահ ծառայութեան մարմինները»:
Նման քննարկումներու գործնական փուլ անցումը կը նշանակէ շրջանցել նոյն 9 նոյեմբերի յայտարարութեան այլ հիմնադրոյթներ` ռազմագերիներու վերադարձ, պահուող անձերու ազատ արձակում, գաղթականներու տունդարձ: Կը նշանակէ նաեւ հրադադարի համաձայնութեան պահուն գոյութիւն ունեցող շփման գիծի խախտումի ընդունում: Այլ խօսքով, հրադադարի յայտարարութեան ընտրովի կէտերու իրականացում` անտեսելով այլ հիմնադրոյթներ:
Փոխադրուղիներու եւ հաղորդուղիներու գործարկումը սերտօրէն կապուած է ընդհանուր ապաշրջափակման հետ: Միայն խաղաղութեան համաձայնագիրի հաստատումով կը պայմանաւորուին նման ծաւալային տարողութիւն ունեցող ծրագիրներ:
ՀԱՊԿ-ի կողմէ քաղաքական գնահատական ակնկալելը կ՛ենթադրէ`
Ա.- Արցախի պատերազմի հրադադարի համաձայնութեան պահուն գոյութիւն ունեցող շփման գիծի վերականգնում, այսինքն` ազրպէյճանական զօրքերու յետհրադադարային ժամանակահատուածի տեղաշարժէն վերադարձ նախկին դիրքեր:
Բ.- 9 նոյեմբեր յայտարարութեամբ չկատարուած բոլոր պայմանաւորուածութիւններու իրականացում` յատկապէս մարդասիրական բնոյթի խնդիրներու` ռազմագերիներ, գաղթականներ, տուժածներ, պահուող անձեր, աճիւններ:
Գ.- Պաքուի գործադրած ռազմական յանցագործութիւններու դատապարտում եւ քրէականացման գործընթացի մեկնարկ:
Դ.- Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժած ազրպէյճանական զօրքերու ելման կէտեր վերադարձ:
Ե.- Ազրպէյճանական անդադրում սպառնալից հռետորաբանութեան դատապարտում եւ իրաւական յանձնառութիւն նման քայլերու չդիմելու:
Զ.- 9 նոյեմբերի յայտարարութեան բովանդակած հիմնադրոյթներէն դուրս այլ պահանջներ չներկայացնելու պարտաւորութեան յարգում` «Զանգեզուրեան միջանցք» ձեւակերպումէն եւ պահանջէն հրաժարում:
Պարզ է, որ հայկական կողմը ամուր դիրքերէ նման պահանջներ արծարծելու առաձգականութիւնն ու դիւանագիտական ուժը չի վայելեր այսօր: Սակայն արդէն իսկ պայմանաւորուածն ու ռուսական երաշխաւորութեամբ կայացածը առնուազն կրնայ արծարծել: Այլապէս, ապաշրջափակման օրակարգին անցնիլը ներխուժուած վիճակով, ռազմագերիներու պատանդուած իրավիճակով, Արցախի զիջուած շփման գիծով, պարզապէս հետեւիլ է թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի ճշդած խաղի կանոններուն:
Քաղաքական գնահատականին պէտք է կցել այս պահանջները: Արդէն իսկ պայմանաւորուածները կատարելու ու նոր յարձակումներ կանխարգիլելու երաշխաւորութեան անհրաժեշտութիւնը վերընդգծելով:
«Ա.»
aztagdaily.com