Քաղաքական առցանց ելոյթ
Գիշերուան ժամը 9-ին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի եւ «Ազատ Օր»ի համացանցի էջերէն սփռուեցաւ Ցեղասպանութեան նուիրուած քաղաքական ելոյթը։ Յայտագիրը սկսաւ Համազգայինի «Յ. Փափազեան» երգչախումբին կողմէ, ընկ. Մկրտիչ Գրիգորեանի խմբավարութեամբ երգուած Յունաստանի եւ Հայաստանի ոգերգներու հնչումով։
Յաջորդաբար, բացման խօսքը կատարեց ընկ. Տիգրան Պլէճեան, որ յատուկ անդրադարձ կատարեց Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ՝ Արցախին վրայ շղթայազերծած պատերազմին եւ դատապարտեց համաթրքութեան անունով կատարուած ոճիրները հայ ժողովուրդին վրայ։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան կուռ խօսքը փոխանցեց ընկ. Ալին Այվազեան, որ նշեց թէ հայ երիտասարդութիւնը կը շարունակէ մնալ հայ ժողովուրդի արդար պայքարներուն դրօշակակիրը։ Երկու ընկերներուն խօսքը կու տանք առանձին։
Նախկին նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի խօսքը
Այս տարուան ոգեկոչական ելոյթին յատուկ մասնակցութիւն ունեցաւ Ֆրանսայի հայասէր նախկին նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ, որ մասնաւոր նկարահանուած ուղերձ մը ղրկեց։ Նախկին նախագահի խօսքը կու տանք ստորեւ։
«Շատ կը փափաքէի ձեզի հետ ըլլալ Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի նշումին, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը փաստացի իրողութիւն մըն է եւ Թուրքիան պատասխանատու է անոր համար։
Շատ ցաւեցայ, որ պաշտօնավարութեանս ընթացքին որպէս նախագահ, ապա որպէս քաղաքական այր, Թուրքիան չճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը։
|Ֆրանսան զբաղեցաւ յիշողութեան եւ պատմութեան այս իրողութեան հետ -անշուշտ միակը չէր որ այդպէս ըրաւ-եւ ի մի հաւաքեց այս ողբերգութեան բոլոր մասնիկները։
Ֆրանսան ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հանդիսացաւ այն առաջին երկիրներէն մէկը, որ ճանաչումը կատարեցին, որմէ յետոյ յաջորդեցին նաեւ այլ երկիրներ։ Նախագահական պաշտօնավարութեանս ընթացքին իրագործեցինք որոշ քայլեր եւս՝ քրէականացնելու համար Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը։
Անշուշտ, մեր օրերուն, Ֆրանսայի մէջ եւ այլուր, գոյութիւն ունին որոշ անհատներ եւ խմբաւորումներ, որոնք ծանօթ են մեզի եւ կը ներշնչուին Էրտողանի վարչա կարգէն ու շարունակեն ժխտել ու խեղաթիւրել պատմական իրողութիւնը։
Այս պատճառով ալ հետամուտ եղանք հաստատելու քրէականացումը։
Այսօր, ուշադրութիւնս կեդրոնացած է Հայաստանի վրայ։ Վերջին ամիսներուն շատ լուրջ ռազմական բախում մը տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանին հետ, որ նախաձեռնեց յարձակումին յենուելով իր ուժին վրայ, ինչպէս նաեւ ունենալով Թուրքիոյ եւ Սուրիայէն հասած վարձկաններու աջակցութիւնը, որոնք մասնակից դարձան այս պատերազմին։
Հայաստանը վտանգի տակ է ։ Շատ կարեւոր է, որ Հայաստանի բոլոր բարեկամները աշխատին միջազգային լուծում մը ապահովելու ուղղութեամբ։
Ֆրանսան պէտք է իր դերակատարութիւնը ունենայ, ամբողջական պատասխանատուութեամբ։ Տեղեակ եմ, որ Ճօ Պայտըն կը գիտակցի այն վտանգին, որուն ենթակայ են Հայաստանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը։
Այսպէս, յիշելով Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը, պարտաւոր ենք միշտ մտածել Հայաստանի մասին։ Ուրախ եմ, որ այս դժուար ժամանակին կարողացայ իմ խօսքը ձեզի ուղղել։
Լաւագոյնը կը մաղթեմ ձեզի։ Մի՛ հրաժարիք։ Քաջ գիտակցեցէ՛ք, որ ձեր ծառայած նպատակը չի վերաբերիր միայն հայերուն, այլ ամբողջ Մարդկութեան նպատակն է։ Շնորհակալութիւն»։
Դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլանի խօսքը
Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպան պ. Ֆադէյ Չարչօղլեան ելոյթ ունենալով յայտնեց՝ «Թուրքիան այնուամենայնիւ շարունակում է կառչած մնալ ժխտողականութեան խորշելի քաղաքականութեանը՝ ցուցաբերելով Ցեղասպանութեան զոհերի արժանապատուութեանն ու յիշատակի հանդէպ վիրաւորանք եւ անցեալի հետ առերեսուելու անկարողութիւն։ Ինչպէս 1915 թ., այնպէս էլ աւելի քան մէկ դար անց, Թուրքիայի ղեկավարութիւնը շարունակում է բացայայտօրէն մարտահրաւէր նետել միջազգային հանրային կարծիքին եւ պատմական իրականութեանը:
Ցեղասպանութեան ճանաչումը աշխարհի տուրքը չէ հայ ժողովրդին ու նրա զոհերին»։ Ան նաեւ շեշտեց, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը մարդկային խիղճի եւ արդարութեան յաղթանակն է անհանդուրժողականութեան ու ատելութեան հանդէպ։ Դեսպանին խօսքը կը հրատարակենք առանձին։
Օրուան բանախօսի ելոյթը
Ոգեկոչական ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսն էր Աթէնքի համալսարանի դասախօս եւ քաղաքական փորձագէտ պ. Իոաննիս Մազիս, որ իր ակադեմական գործունէութեան մէջ ներկայացուցած է նկատառելի թիւով հրատարակութիւններ ու աշխատութիւններ տարածաշրջանի խնդիրներուն եւ Թուրքիոյ ծաւալողապաշտ քաղաքականութեան մասին։ Յատկապէս, Արցախի վրայ սանձազերծուած վերջին պատերազմէն ետք, յոյն դասախօսը հրատարակեց իր նոր աշխատութիւնը, վերլուծելով արցախեան պատերազմի աշխարհաքաղաքական եւ ռազմական ծալքերը։
Իր խօսքին մէջ, բանախօսը յատուկ նշում ըրաւ Արցախի մասին պատրաստուած իր վերջին գիրքին, յայտնելով թէ աշխատանքը կատարուեցաւ ցոյց տալու համար իր մեծ սէրն ու համակրանքը հայ ժողովուրդին հանդէպ։ Ան վերլուծեց Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական նկրտումները հարաւային Կովկասի կենսական նշանակութիւն ունեցող տարածաշրջանէն ներս, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարեց Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի կեցուածքին ամբողջ պատերազմի տեւողութեան։ Շեշտեց Թուրքիոյ ռազմական գլխաւոր դերակատարութիւնը եւ համաթրքութեան գաղափարի ծաւալումը, որ կը սպառնայ շրջանի երկիրներու անվտանգութեան վրայ։ Ան շեշտաւորեց Յունաստանի քաղաքական ընտրանքներն ու ռազմական պատրաստակամութիւնը, ամրապնդելու համար ապահովութեան եւ խաղաղութեան ընթացքը շրջանէն ներս։
Ողջոյնի խօսքեր
Օրուան իմաստին շուրջ ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան յունական կառավարութեան ներկայացուցիչ, Կրթութեան եւ կրօնից փոխնախարար պ. Ակելոս Սիրղոս, հայ յունական խոհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբի նախագահ պ. Տիմիթրիս Մարքոփուլոս, Ատիկէի մարզպետ պ. Եորղոս Փաթուլիս, Մակեդոնիոյ փոխմարզպետ պ. Ափոսփոլոս Ծիծիքոսթաս, Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ մարզպետ պ. Խրիսթոս Մեթիոս։
Բոլոր խօսողները անդրադարձան Թուրքիոյ անպատճելիութեան, միջազգային ընտանիքի հանդուրժողութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան անհատոյց մնալու իրողութեան, որուն հետեւանքը եղաւ թուրք-ազերիական յարձակումը Արցախի վրայ եւ հայ ժողովուրդի վրայ նոր բռնութիւններու ծաւալումը։ Բոլոր խօսողները շեշտեցին Թուրքիոյ յարձակողապաշտ քաղաքականութեան հետեւանքները տարածաշրջանին մէջ։
Գեղարուեստական յայտագիր
«Կռունկ» եւ «Երանի» երգերու յուզիչ մեկնաբանութեամբ հանդէս եկաւ Մարիա Սփիրիտունիտու, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լեւոն Բիջախճեանի։
Երիտասարդ երգչուհիի յուզումնալից երգերուն ընթացքին, պաստառին վրայ ցուցադրուեցան 1915-ի մռայլ օրերու տեղահանումներու եւ ջարդերու վաւերական նկարներ։
Խոր ապրումով եւ յուզիչ մեկնաբանութեամբ, Հ.Յ.Դ. երիտասարդական միութեան անդամ ընկ. Նարօտ Շահինեան ասմունքեց Շարլ Ազնաւուրի «Անոնք ինկան» բանաստեղծութիւնը, իսկ ելոյթի աւարտին ան մեկնաբանեց Ուիլիըմ Սարոյեանի «Հայերու մասին» ծանօթ խօսքը։
Ելոյթի աւարտէն առաջ, ներկայացուեցաւ յատուկ տեսանիւթ մը Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութեան՝ նախորդ տարիներու պահանջատիրական ելոյթներու մանրամասնութիւններով։ Յատուկ տեսարաններով ցուցադրուեցան Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ իրագործուած պահանջատիրական ելոյթներու նմուշներ, ցոյց տալով հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղիին վրայ։