Կանադայում տեղի ունեցավ Հայոց Ցեղասպանության զոհերի ոգեկոչման արարողություն
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » Կանադայում տեղի ունեցավ Հայոց Ցեղասպանության զոհերի ոգեկոչման արարողություն

Կանադայում տեղի ունեցավ Հայոց Ցեղասպանության զոհերի ոգեկոչման արարողություն

Գեմպրիճի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչում, հայտնում է «Հորիզոն»-ը:

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչումը սկիզբ առաւ 21 Ապրիլ 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1։00-ին, ծաղկեպսակի զետեղումով, ԳԵՄ-ականներու կողմէ, Գեմպրիճի Հայ կեդրոնի յուշարձանին դիմաց, հոծ բազմութեան ներկայութեամբ, որմէ ետք ժողովուրդը ուղղուեցաւ Հայ կեդրոնի սրահը։ Խումբ մը սկաուտներ Գանատայի, Օնթարիոյի, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակներով առաջնորդեցին ներկաները եւ դրօշակները զետեղեցին բեմին վրայ:

Հանդիսավար Մեղեդի Պէքմէզեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ 1915-ի ցեղասպանութեան, հասնելով Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի անցքի փակումին, որով շրջափակեցին Արցախի ժողովուրդը՝ պատճառելով սով եւ հիւանդութիւն, որմէ ետք զինուորական անհաւասար յարձակումները պարտադրեցին արցախցիներուն դուրս գալ իրենց պապենական տունէն եւ հողէն:

Արդարութեան եւ Մարդու Իրաւունքներու Հայկական Իրաւական Կեդրոնի տնօրէնութեան խորհուրդի անդամ դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան նշեց, որ կ’ոգեկոչենք ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակը Արեւմտեան Հայաստանի մեր հողերու գրաւման, որուն դերակատարն էր Թուրքիան, իր թուրանական տեսլականով։ Մօտիկ անցեալին բոլորս ականատես եղանք, թէ ինչպէս Ատրպէյճանը զանազան ձեւերու դիմելով, նոյն թրքական քաղաքականութեամբ, պարտադրեց արցախցիներուն բռնի տեղահանութիւն, լքել իրենց հողերը, միեւնոյն ժամանակ պարպեց Արցախը իր ղեկավարներէն՝ ձերբակալութիւններով, ինչ որ շարունակութիւնն էր 1915-ի Թուրքիոյ Օսմանեան պետութեան գործելաձեւին, քաղաքականութեան, երբ ձերբակալեցին եւ գլխատեցին մտաւորականները։ Նոյն գաղափարախօսութիւնն է, որ տեղի կ’ունենայ, որուն դիմաց հայ ժողովուրդը պէտք է ամուր կանգնի, չմոռնայ իր պատմութիւնը՝ միշտ յիշելով, պահանջելով իր իրաւունքը եւ արդարութեան տենչալով։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Երուսաղէմի հայութեան, որոնք պէտք ունին պաշտպանութեան եւ նեցուկի։

Օրուան պատգամը բաժնուած էր 4 ենթագլուխներու, յիշողութիւն, փոխհատուցում կամ ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացում, դիմադրողականութիւն եւ պահանջատիրութիւն։ Առաջին ենթագլուխի պարագային ան անդրադարձաւ յիշողութեան կարեւորութեան եւ յիշողութիւնը վառ պահելու համար կրթութեան կարեւորութեան, ցեղասպանութեան գիտելիքներու ձեռքբերման, եւ յիշողութիւնը որպէս սերունդէ-սերունդ փոխանցուող ժառանգութիւն՝ անոր կարեւորութեան մասին: Ան նաեւ դիմադրութեան ձեւ մըն է. յիշողութեան ճամբով կրնանք մեր պահանջատիրութիւնը յառաջ տանիլ, յիշեով կրնանք գիտնալ, թէ ի՛նչ կը պահանջենք, կրնանք ձգտիլ արդարութեան եւ պաքարիլ արդարութեան համար: Հետեւաբար յիշելու համար պէտք է լաւ գիտնանք, լաւ ճանչնանք մեր պատմութիւնները եւ փոխանցենք սերունդէ-սերունդ։

Երկրորդը՝ փոխհատուցում կամ ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացում, որ կ’ընդգրկէ վնասներու հատուցումը, չկրկնելու երաշխիքները, ներողութիւնը, ցեղասպանութեան կանխարգիլումը, նիւթական եւ կալուածներու վնասից հատուցումն ու անոնց վերադարձի անհրաժեշտութիւնը։

Երրորդը՝ մենք եւ միջազգային հանրութիւնը պատասխանատուութիւնը ունինք պաշտպանելու հայութիւնը, ցեղասպանութիւնը չկրկնուելու իմաստով նաեւ մեր իրաւունքները պաշտպանելու իմաստով, յատկապէս արդարութիւնը վերականգնելու։

Չորրորդը՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, մենք միշտ վերապրած ենք, վերականգնած ենք, մեր մէջ գտած ենք այն ուժը՝ պայքարելու ոգին վերագտնելու. հետեւաբար հարկ է այսօրուան տիրած յուսահատութեան եւ յուսալքութեան վերջ տալ եւ վերականգնել մեր ուժերը։Բանախօսութեան աւարտին հադիսավար ընկերուհին նշեց, որ մեր ոգեկոչումին կը մասնակցին կառավարական անձնաւորութիւններ եւ Ուոթըրլուի ոստիկանապետը, որոնք ելոյթ պիտի ունենան իրենց սրտի խօսքերով.Յաջորդաբար հրաւիրուեցան Գանատայի խորհրդականներ՝ Պրայըն Մէյ, Վալերի Պրատֆորտ, Մայք Մօրիս, նահանգային խորհրդականներ՝ Մայք Շրայնըր, Պրայըն Րիտըլ, Ճէս Տիքսըն, Էշլի Քլանսի, Օնթարիոյի Ազատական կուսակցութեան ղեկավար Գաթրին ՄըգԿէրի, քաղաքական պաշտօնատարներ՝ Սու Ֆօքսթըն, Հելէն Շուէրի, Րաս Ըրշօ, Շէրի Րօպերթս, Պերրի Վպանովիք, Քերըն Րիտման եւ ոստիկանապետ Չիֆ Մարք, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին բանախօսին՝ իր շինիչ եւ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցելուն համար, շեշտեցին Արցախի ժողովուրդին նեցուկ կանգնելու կարեւորութիւնը, եւ թէ Գանատան միշտ եղած է եւ պիտի շարունակէ մնալ բարեկամ հայ ժողովուրդին:

Պէքմէզեան իր փակման խօսքին մէջ շեշտեց, թէ միշտ կը յիշենք, պիտի յիշենք եւ պիտի պահանջենք մեր գրաւեալ հողերը, պիտի պատմենք ու պիտի փոխանցենք յաջորդող սերունդներուն, մինչեւ արդարութեան կիրարկուիլը։Նախքան ձեռնարկի փակումը հրաւիրուեցաւ Աւետարանական եկեղեցւոյ պատուելի Արա Պալըքճեան, որ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, խնդրելով իմաստութիւն՝ հարթելու բոլոր դժուարութիւնները։

Իսկ ապրիլ 24-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին առիթով, պահանջատիրական աւանդական քայլերթը կայացաւ Օթթաուայի մէջ, կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին։ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց։

1