Ինքնորոշման իրաւունքը վերարծարծելը հրամայական է
Գլխավոր » Լրահոս » Ինքնորոշման իրաւունքը վերարծարծելը հրամայական է

Ինքնորոշման իրաւունքը վերարծարծելը հրամայական է

Հայաստանի Վերանկախացման 33-Ամեակին Առիթով

Սեպտեմբեր 21-ի նշումը, հայկական երկրորդ հանրապետութեան տապալումէն ետք, կորսնցուցած է իր տօնականութիւնը: Պէտք է վերյիշել, որ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները միմեանց անվտանգութեան գլխաւոր երաշխիքները կը հանդիսանային: Մէկուն կորուստը սպառնալիք է երկրորդին, եւ այս ելակէտէն ալ իմաստազուրկ է այն մօտեցումը, որ հայկական կողմը, ընդունելով Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ, պէտք է կեդրոնանայ 29.734 քառ. քիլոմեթրի պաշտպանութեան եւ պահպանման վրայ:

Պաշտօնական Երեւանը Արցախի վերադարձ չի պահանջեր: Աւելի՛ն. Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձը եւս կը բացակայի Երեւանի օրակարգէն: Չեն հնչեր պահանջներ, իրաւունքներու իրացման անհրաժեշտութիւններ:

Հաւաքական վերադարձի որոշումը կարելի է հիմնել ինքնորոշման իրաւունքին վրայ: Արցախի ժողովուրդը ի՛նք է, որ բռնի տեղահանուելէ ետք կը պահանջէ վերադառնալ իր բնօրրանը:

Ինքնորոշումը ներկայ փուլին այս պահանջի իրացումն է: Այդ պահանջը սակայն իրաւունք ունին բարձրացնելու ինքնորոշուած Արցախի պետական ներկայացուցիչները: Հայաստանի իշխանութիւնները չեն գիտակցիր յայտնաբար, որ Արցախի պետական հիմնարկները լուծարուած նկատելով, անոնց գոյութիւնը չընդունելով կամ անոնց Հայաստանի մէջ գործունէութիւնը արգելակելով ըստ էութեան չէզոքացուցած կ՛ըլլան ինքնորոշման իրաւունքի գործարկման իրաւական կարելիութիւնները:

Արցախի Հանրապետութեան բռնատեղահանուած պետական ներկայացուցիչները ինքնորոշուած Արցախի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած պաշտօնեաներ են եւ իրաւասու են ներկայացնելու զիրենք ընտրած ժողովուրդի պահանջները:

Սեպտեմբեր 21-ի խորհուրդը կը յուշէ ամէն բանէ առաջ, որ Հայաստանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան սպառնացող թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի ծրագիրները պէտք է խանգարել: Այդ ծրագիրներու իրականացումը կը սպառնայ մեր հայրենիքի գերիշխանութեան եւ անկախութեան:

Արցախի Հանրապետութեան տապալումը, Արցախի հայաթափումը այդ ծրագիրի առաջին փուլն է:

Հայաստանի գերիշխանութեան այսօրուան սպառնալիքը թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի փայփայած «Զանգեզուրեան միջանցք»-ն է: Թուրանական կամուրջի կառուցման ծրագիրը տապալելու համար Երեւանը աշխարհաքաղաքական գործընթացներու ճիշդ ընթերցումը կատարելու պարտաւորութիւնը ունի եւ առարկայական եզրակացութեան հիման վրայ հաւասարակշիռ քաղաքականութիւն կիրարկելու հարկադրանքին առջեւ է: Սխալիլը կ՛իրականացնէ երկրորդ սպառնալիքը, ուղղուած` մեր գերիշխանութեան եւ անկախութեան:

Շարունակենք դիտարկել սպառնալիքները եւ տեսնել թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի անվերջ նորացուող նախապայմանները: Կրճատել ռազմական պիւտճէն, սահմանափակել արտաքին օժանդակութիւնները զինարհեստագիտութեան եւ զինապաշարի, փոխել Սահմանադրութիւնն ու օրէնսդրութիւնը, չպահանջել հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներ ներխուժած ազրպէյճանական զօրքերու հեռացումը, Պաքուին հետ համատեղ դիմել լուծարելու համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակն ու անոր եռանախագահութիւնը:

Այս վերջին կրկնուող պայմանով հարցը կը վերադարձուի ինքնորոշման իրաւունքէ հրաժարումին: ԵԱՀԿ կը նշանակէ սկզբունքներ, որոնցմէ` ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը:

Այդ ինքնորոշման իրաւունքը, վերջին իրադարձութիւններէն ետք, արցախեան հողին վրայ ներկայ պահու դրութեամբ չի կրնար իրականացուիլ: Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն տեսակի օժանդակութիւն պէտք է շարունակել դէպի Հայաստան բռնատեղահանուած Արցախի ժողովուրդին, չնպաստելու արտագաղթին եւ ենթահող ձեւաւորելու համար հաւաքական վերադարձին:

Ինքնորոշման իրաւունքը վերարծարծելը հրամայական է: Ինքնորոշման իրաւունքը կրնան արծարծել Արցախի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած ներկայացուցիչները: Արցախի պետական համակարգի պահպանումը նախապայմանային մեկնակէտ է ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման առաջադրանքը կարճաժամկէտ եւ հեռահար նպատակներուն ծառայեցնելու համար:

Թուրքեւազրպէյճանական սպառնալիքները, ուղղուած` մեր հայրենիքի գերիշխանութեան եւ անկախութեան, անվերջանալի են: Այդ սպառնալիքները, Արցախի հայաթափումէն եւ Արցախի Հանրապետութեան տապալումէն ետք, թիրախաւորած են ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի օգտագործման իրաւական կարելիութիւններու փակումը:

Ինքնորոշուած եւ բռնատեղահանուած ժողովուրդին կողմէ ընտրուած ներկայացուցիչներուն անհրաժեշտ է տրամադրել ամէն աջակցութիւն, որպէսզի անոնք բարձրացնեն ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ` սկսելու համար, հաւաքական վերադարձի մարդկային եւ ազգային իրաւունքը:

Ազդակ

1