ՀՅԴ ԼԵՄ-ի զօրակցական երթը` Հայաստանի «դիմադրութեան» շարժումին
Գլխավոր » Լրահոս » ՀՅԴ ԼԵՄ-ի զօրակցական երթը` Հայաստանի «դիմադրութեան» շարժումին

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի զօրակցական երթը` Հայաստանի «դիմադրութեան» շարժումին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, շաբաթ, 21 մայիսին, Պուրճ Համուտի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի «Դիմադրութիւն» «Զարթնի՛ր Լաօ» շարժումի զօրակցական երթ մը:

Երթը ընթացք առաւ «Շաղզոյեան» կեդրոնէն եւ շրջեցաւ Պուրճ Համուտի հայկական թաղամասերուն` «Աբրահամ Աշճեան», «Արաքս», «Մարաշ» թաղերուն մէջ, հասաւ մինչեւ Տորա, ապա կրկին վերադարձաւ եւ ընթացքը աւարտեց Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ:

ԼԵՄ-ականները իրենց ձեռքերուն բռնած էին «Զարթնի՛ր Լաօ» եւ «Դիմադրութիւն» պաստառներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներ:

«Ձեզի համար Արցախը տարածք է, մեզի համար` սուրբ հայրենիք», «Տէ՛րն ենք մեր հայրենիքին», «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ» կարգախօսներով եւ ազգային-յեղափոխական երգերու ընկերակցութեանբ կատարուած երթին ընթացքին ԼԵՄ-ականները ժողովուրդին բաժնեցին «սթիքըրներ»:

Երթի ընթացքին մնայուն կերպով հնչեց նաեւ «Զարթի՛ր լաօ» երգը:

Նշենք նաեւ, որ օրեր առաջ ԼԵՄ-ը` ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցին եւ ուղեկից միութիւններուն հետ միասին, այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստան Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ յուշագիրով մը պահանջեց Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:

aztagdaily.com

1