ՀՅԴ երիտասարդութիւնը կը մարմնացնէ համաժողովրդական բանակի գաղափարը
Գլխավոր » Երիտասարդական » ՀՅԴ երիտասարդութիւնը կը մարմնացնէ համաժողովրդական բանակի գաղափարը

ՀՅԴ երիտասարդութիւնը կը մարմնացնէ համաժողովրդական բանակի գաղափարը

«Դրօշակ»ի հարցազրոյցը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր-Գէորգեանի հետ

«ԴՐՕՇԱԿ».- Ընկե՛ր Յովսէփ, վերջին տարիներին քաղաքական-հասարակական կեանքում առաւել վճռական է դարձել երիտասարդութեան դերակատարութիւնը, որն ընդհանրապէս իր էութեամբ միշտ հասարակութիւնների ամենաակտիւ շերտն է: Նոյնպիսի գործընթացներից կարծես թէ անմասն չմնաց հայ երիտասարդութիւնը Հայաստանում եւ Հայաստանից դուրս: Ինչպէ՞ս էք տեսնում այս երեւոյթը, եթէ մեր հայեացքը կենտրոնացնենք յատկապէս հայկական միջավայրի վրայ:

ՅՈՎՍԷՓ ՏԷՐ-ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Այո՛, նկատելի է, որ աշխարհին մէջ երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս աւելի գործունեայ եւ վճռական կը դառնայ, երբ խօսքը կը վերաբերի հանրային հնչեղութիւն ունեցող խնդիրներուն։ Կը հաւատամ, որ երիտասարդութեան դերն ալ ատիկա է` մշտապէս արթուն գտնուիլ եւ պատրաստ ըլլալ ստանձնելու նորանոր մարտահրաւէրներ։ Հայկական աշխարհին մէջ հայ երիտասարդին վիճակուած է իր ապրած իրականութեան պարտադրած մարտահրաւէրներու ստանձնումը։

Հայ երիտասարդն է, որ կը պաշտպանէ մեր հայրենիքի սահմանները, Միջին Արեւելքի գաղութներուն մէջ կ’ապահովէ մեր ժողովուրդին անվտանգութիւնը, նաեւ հայ երիտասարդն է, որ գլխացաւանք է թուրք-ազերիական «լոպիին», կը փութայ համաճարակի օրերուն կարիքաւոր հայ ընտանիքներու օժանդակութեան, տեւական ներկայութիւն է ընկերային ցանցերուն վրայ՝ ուրոյն ձեւով ապրելով իր հայկականութիւնը…

Կազմակերպուած երիտասարդութիւնն է, որ առաջնագիծին վրայ է: Հիմնական հարցը այդ շրջանակը ընդլայնելն ու բազմահազար հայ երիտասարդութիւնը մասնակից դարձնելն է հայ կեանքին:

Բաւարար վճռակա՞ն է արդեօք այդ մասնակցութիւնը: Չեմ կարծեր, քանի որ այսօրուան համաշխարհային եւ հայկական հիմնախնդիրները բարդ են ու փոխշաղկապուած եւ կը պահանջեն հետեւողական պայքար մղելու պատրաստ զգօն եւ յանձնառու երիտասարդութիւն, որ մօտեցումի եւ պայքարի արդի ու նորարար միջոցներ կ’որդեգրէ:

Կ’ուզեմ աւելցնել նաեւ, որ համաշխարհային մակարդակի վրայ, բայց նաեւ հայ իրականութեան մէջ, կը տիրէ քաղաքական ամբոխավարութիւն մը, մակերեսային մօտեցումներու եւ յայտարարուող լոզունգներու տարափ մը։ Հայ երիտասարդութիւնը թիրախ է իրեն բնորոշ զգացական եւ իտէալապաշտ նկարագրին պատճառաւ. ան պէտք չէ իյնայ այս թակարդին մէջ:

Կաշառակերներու, ժողովուրդը կեղեքած իշխանաւորներու, պետութեան եւ կազմակերպութիւններու առողջ գործունէութիւնը շեղող, խմբակային շահեր հետապնդող առաջնորդներու հանդէպ դժգոհութիւնը, ընդվզումն ու նոյնիսկ ատելութիւնը պէտք չէ երիտասարդութիւնը մղեն ամբոխավարներու, անպատասխանատու մեծխօսիկներու, քննադատութիւնը արհեստ դարձուցած, բարոյականութեան քարոզներ տուողներու, երեւութապէս մաքրամաքուր, սակայն իրողապէս խոցելի անհատներու գիրկը: Երիտասարդութիւնը զգօն պէտք է ըլլայ եւ չտրուի ժամանակավրէպ մօտեցումներու։

Հայկական միութիւններն ու կազմակերպութիւնները պէտք է ըլլան առողջ, ժողովրդավար, հաշուետու, թափանցիկ: Հաւանական է, որ սխալներ գործուած ըլլան, սակայն այդ երեւոյթներու դէմ պայքարիլը հետեւողական եւ կառուցողական մօտեցումով պէտք է ըլլայ եւ ոչ թէ եղածը քանդելու կործանարար, ենթակայական պատճառներէ բխող մոլուցքով:

Բարդ իրավիճակներու հետ գործ ունինք, հարցերը պէտք է քննել իրենց արժանի խորութեամբ, երեւոյթներու եւ անձերու հանդէպ խորշանքը պէտք չէ կուրցնէ երիտասարդութիւնը եւ չեզոքացնէ անոր քննական միտքը:

Միաժամանակ, պատասխանատու եւ առողջ ուժերու պարտաւորութիւնն է երիտասարդութեան հետ հաղորդակից ըլլալ, անոնց բացատրել որոշումները, անոնց տուն տուող պատճառները, առարկայական մօտեցումով հիմնաւորել զանոնք, ականջալուր ըլլալ, ընդունիլ քննադատութիւնները եւ մասնակից դարձնել անոնց որոշումներու կայացման գործին։

«Դ.».- Վերջին շրջանում նկատելի են դաշնակցական երիտասարդական շարքերի ստուարացումն ու աշխուժացումը: Հաճելի է արձանագրել, որ մեր երիտասարդները, լինեն նրանք երիտասարդական թէ ուսանողական միութիւնների անդամներ, սերտ գործակցութեան մէջ են իրար հետ՝ հայրենիքի եւ Սփիւռքի ընդգրկուն աշխարհագրութեամբ: Համավարակի պատճառով վերջին ամիսներին խզուած են նաեւ միջազգային ֆիզիքական կապերը։ Գիտենք, սակայն, որ այս բեմում եւս ՀՅԴ երիտասարդութիւնը աշխոյժ մասնակից է: Պատմէք, խնդրում եմ, ՀՅԴ երիտասարդութեան ներկայ վիճակի եւ ծաւալած գործունէութեան մասին:

Յ.Տ.Գ.-
 Ինչպէս նախապէս ըսած եմ, ՀՅԴ երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւններու ցանցը` իր 10.000 անդամներով, հայկական իրականութեան մէջ ամէնատարածուն ու բազմանդամ քաղաքական երիտասարդական կազմակերպութիւնն է:

Ճիշդ էք, երբ կ’ըսէք, թէ սերտ գործակցութիւն կայ Սփիւռքի եւ Հայաստանի երիտասարդական միութիւններուն միջեւ: ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական խորհուրդին եւ գրասենեակի առաջնահերթութիւններէն են այդ կապերուն խթանումը, փորձի փոխանակումը եւ փոխադարձ ճանաչողութեան զարգացումը` յաղթահարելու համար տեղայնական մօտեցումներն ու խորացնելու դաշնակցական համահայկական արժէքները:

Հայաստանի կարիքաւոր ընտանիքներուն նուիրուած «Օգնի՛ր հայրենակցիդ» ծրագրի գծով մեր համաշխարհային երիտասարդական ցանցի ցուցաբերած քարոզչական եւ նիւթական աջակցութիւնը լաւագոյն ապացոյցն է այս յաջողութեան:

Գալով համաշխարհային կազմակերպութիւններու (Եւրոպայի Ընկերվար երիտասարդներու միութիւն, Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւն, պատանիներու իրաւունքներով զբաղող Ֆալքոն միութիւն) ծիրին մէջ մեր գործունէութեանը` հպարտութեամբ կրնամ հաստատել, որ ՀՅԴ երիտասարդութիւնը մշտական եւ աշխոյժ ներկայութիւն է: Տարիներու աշխատանքի շնորհիւ ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է անոնց եւ անդամ միութիւններու կողմէ, իսկ ներկայիս մենք շեշտը կը դնենք հատուցումներու եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու հիմնախնդիրներուն վրայ եւ կ’արձանագրենք յաջողութիւններ:

Կ’ուզեմ նաեւ շեշտել, որ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչները համաշխարհային երիտասարդական հարթակներու վրայ ոչ միայն կը բարձրացնեն Հայ դատի հարցերը, այլեւ մասնակից կը դառնան միջազգային այժմէական հիմնախնդիրներու արծարծումին, ինչպիսիք են մարդկային տարրական իրաւունքներու ոտնակոխումը, ընկերային անհաւասարութիւնը, կանանց նկատմամբ անիրաւութիւններու հարցը, կենսոլորտի ապականումը…Տեղական մակարդակի վրայ նաեւ կը հետապնդուին այս հարցերը: Այս ուղղութեամբ ՀՅԴ ՀԵՄի եւ այլ միութիւններու աշխուժութիւնը գնահատելի է, այս ուղղութեամբ պէտք է բազմապատկել ջանքերը:

Քանի մը տասնեակ հաշուող ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները զանազան ճակատներու վրայ կը պայքարին, անդուլ կ’աշխատին ապազգային, ապաքաղաքականացած պայմաններու եւ հակադաշնակցան տարրերու կողմէ ստեղծուած ժխորի մը մէջ: Անոնք ոչ միայն կը յաղթահարեն այս պայմանները, այլեւ իրենց նորարար գաղափարներով եւ ծրագիրներով կը մասնակցին կուսակցութեան հզօրացման եւ զարգացման:

Անկարելի է այստեղ մեր այս միութիւններու գործունէութեան ամբողջական պատկերը տալ, մանաւանդ որ անոնք կը տարբերին հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ, ինչպէս նաեւ համայնքէ համայնք եւ կը ծաւալին զանազան մակարդակներու վրայ՝ քաղաքական, ընկերային, մշակութային, ուսանողական, գաղութային եւ այլն։
Փորձեմ տալ համայնապատկեր մը։

Սկսիմ գիտելիքներու եւ հմտութիւններու զարգացումէն։ Մեր երիտասարդները կը մասնակցին փորձավարժութիւններու՝ Հայ դատի գրասենեակներէն ներս։ Նշեմ, օրինակ, ԱՄՆի «Լէօ Սարգիսեան» եւ Պրիւքսէլի «Վահան Յովհաննիսեան» ծրագիրները։ Վարժողական ծրագիրներ կան նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի պետական եւ այլ կառոյցներու մէջ։

Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ տեղի կ’ունենան տեղաբնակ պատանիներուն նուիրուած ճամբարներ` ազգային դաստիարակութեան կողքին օտար լեզուներու, համակարգչային, ընկերային, առողջապահական եւ այլ գիտելիքներ փոխանցելու համար։ Մեր երիտասարդները կը կազմակերպեն նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի բանակին ու անոր նահատակներու ընտանիքներուն նուիրուած հանգանակութիւններ։ Անոնք կը բերեն նաեւ գործօն մասնակցութիւն Հայաստան համահայկական հիմնադրամի դրամահաւաքի աշխատանքներուն։

Ուսանողական մակարդակի վրայ կարելի է արձանագրել հետեւեալ աշխատանքները` հայագիտական նիւթերուն եւ համալսարանական ուսումնասիրութիւններուն նուիրուած հարթակներու ստեղծումը, օտար համալսարանական շրջանակներու մէջ հայկական հիմնախնդիրներու եւ հայ մշակոյթի ներկայացումը, համալսարաններու մէջ հայ ուսանողութեան համախմբումը, ակումբներու հիմնումը, բարձրագոյն դասարաններու առեւելումի եւ յաջողակ հայ աշակերտներու պարգեւատրումի ձեռնարկները: Կը հրապարակուին ուսումնասիրութիւններ, պարբերաթերթեր…

Յարաբերական ոլորտին մէջ դաշնակցական երիտասարդները կը գործակցին իրենց երկրի օտար քաղաքական եւ հասարակական երիտասարդական միութիւններու հետ։ Իւրաքանչիւր համայնքի մէջ հայ երիտասարդական միութիւններու միջմիութենական հանդիպումներ տեղի կ’ունենան` բացուելու տեղական կազմակերպութիւններուն եւ ընդլայնելու աշխատանքային ցանցը։

Զանազան առիթներով մեր երիտասարդները կը կազմակերպեն հայահոծ շրջաններու կամ ընդհանրապէս բնապահպանական յատուկ նշանակութիւն ունեցող վայրերու մաքրութեան արշաւներ, կ’իրականացնեն տարածքներու բարեկարգման ծրագիրներ, կանանց իրաւունքներուն նուիրուած ձեռնարկներ, արեան տուչութեան արշաւներ…

Հայ դատի ծիրին մէջ, սովորական ամենամեայ աշխատանքներէն անդին, պարբերական դարձած են թրքական ու ազերիական դեսպանատուներու կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներու խանգարումը, թրքական արտադրութիւններու պոյքոթի արշաւը, ազերիական բանակին զէնք վաճառող ընկերութիւններու դէմ պայքարը…

Հայաստանի սահմանին վերջին իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ աշխարհասփիւռ ՀՅԴ երիտասարդութիւնը կը մարմնացնէ համաժողովրդական բանակի գաղափարը:

«Դ.».- Ընկե՛ր Յովսէփ, ՀՅԴ Բիւրոն աշխատանքային յագեցած ծրագիր ունէր 2020 թուականի համար: Զանազան աշխատանքների շարքում միջոցառումներ էին ծրագրուել Սեւրի 100ամեակի առիթով: Կ’ուզեմ` անդրադառնաք այս հարցին: Դեռ ուժի մէ՞ջ են ինչ-որ ձեռնարկներ:

Յ.Տ.Գ.- Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հատուցումի իմաստով ակներեւ է, որ ցեղասպանութենէն 105 տարիներ ետք մեր հողային, նիւթական եւ բարոյական իրաւունքներու արդար պահանջատիրութեան պայքարը տակաւին կը մնայ իր սկզբնակէտին մէջ:

Սեւրի դաշնագիրի 100ամեակին առիթով ՀՅԴ Բիւրոյի կազմակերպած ձեռնարկները համավարակին պատճառով յետաձգուեցան։ Կը յուսանք, որ Ֆրանսայի հենց Սեւր քաղաքին մէջ նախատեսուած միջազգային խորհրդաժողովը, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի եւ այլ երկիրներու մէջ ծրագրուած ձեռնարկները կարելի ըլլայ իրագործել այս տարուան վերջին եռամսեակին:

Երիտասարդական մակարդակի վրայ ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը անցնող ապրիլին հրապարակեց հայ երիտասարդութեան ուղղուած կոչ մը, որ թարգմանուեցաւ հինգ լեզուներով: Յառաջիկայ ամիսներուն համար նախատեսուած են եւ արդէն իսկ ընթացքի մէջ են բազմաթիւ այլ ուսումնասիրական, քարոզչական, արտաքին յարաբերական մակարդակի ու Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ուղղուած պահանջատիրական աշխատանքներ:

Հրաժարիլ մեր արդար իրաւունքներէն կը նշանակէ մշտական դարձնել հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հանդէպ թրքական ու ազերիական սպառնալիքները եւ տկարացնել մեր ազգի անվտանգութիւնը: Հետեւաբար հայութիւնն ու հայ երիտասարդութիւնը պէտք է հաստատակամ ըլլան մեր իրաւունքներու վերականգնումին ուղղութեամբ: Միասնականութիւնն ու մեր պահանջուած իրաւունքներու գծով համախոհութիւնը յաջողութեան նախապայմաններ են: Այս ուղղութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի համահայկական պահանջատիրական հռչակագիրը ունի այժմէական նշանակութիւն: Կը յուսամ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ոչ միայն պատշաճօրէն պիտի նշեն Սեւրի դաշնագիրի հարիւրամեակը, այլեւ պիտի վերսկսին հատուցումներու ուսումնասիրութեան նուիրուած՝ ատենին ստեղծուած խումբի գործունէութիւնը:

Երիտասարդութիւնն է, որ պէտք է ըլլայ ջահակիրը մեր պահանջատիրական պայքարին: Ան պէտք է ամրացնէ իր կապը Արեւմտահայաստանի պատմական, մշակութային, ազգագրական, աշխարհագրական տուեալներուն եւ արժէքներուն հետ, ձեռք բերէ քաղաքագիտութեան, պատմագիտութեան, ցեղասպանագիտութեան, միջազգային իրաւունքներու վերաբերող մասնագիտական կարողութիւններ եւ մասնակից դառնայ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն` նոր թափ hաղորդելով անոնց եւ մշտապէս արծարծելով հայութեան իրաւունքներու վերականգնման պահանջը։

«Դ.».- Կարելի՞ է ասել, որ սփիւռքահայութիւնը, ապրելով իր կեանքով, միաժամանակ հայեացքը մշտապէս յառած է Հայաստանին ու Արցախին եւ ապրում է նաեւ հայրենիքի ճակատագրով: Հայաստանում այսօր տեղի ունեցող գործընթացները ինչպէ՞ս են ընկալւում տեղի հանրութեան կողմից:

Յ.Տ.Գ.- Սփիւռքի, ինչպէս նաեւ հայաստանաբնակ հայութիւնը մեծ սպասումներ ունէր նոր իշխանութիւններէն:

Բոլորիս փափաքն էր, որ անոնք յաջողէին: Սփիւռքահայութեանն ուղղուած խոստումները բազմաթիւ էին` համահայկական օրակարգ, փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած նոր որակի յարաբերութիւններ, հայրենադարձութեան ծրագիրներ, բազմամիլիառ տոլարի տնտեսական ներդրումներու միջավայր եւ բազմաթիւ այլ յայտարարութիւններ… Դժբախտաբար, իրականութիւնը այսօր բոլորին այլ է. նախկին իշխանութիւններուն օրով գործադրուող ծրագիրները ջնջուած են, եւ նորերը չեն ծնիր, խօսքերէն անդին չկայ յստակ քաղաքականութիւն եւ աշխատանքային ծրագիր:

Աւելին՝ հայրենիքին մէջ ստեղծուած բաժանարար գիծերը կը հասնին Սփիւռք: Ականատէս կ’ըլլանք անհատներու եւ իսկական ներկայացուցչական հանգամանք չունեցող կազմակերպութիւններու կողմէ սփիւռքահայութեան անունով հրապարակուած՝ իշխանութիւններու նկատմամբ դրական յայտարարութիւններու, Սփիւռքի կազմակերպման կոչերու…

Հայաստանի իշխանութիւնները կրնան յաջողիլ Սփիւռքի նկատմամբ իրենց առաքելութեան մէջ, եթէ անկեղծ եւ խորքային համագործակցութիւն հաստատեն Սփիւռքը լաւապէս ճանչցող եւ այդ միջավայրին մէջ գործող կազմակերպութիւններու հետ: Սփիւռքահայ յանձնակատար մը նշանակելը կամ մի քանի ժամուան առցանց հանդիպումները անբաւարար են: Անընդունելին այն է, որ այս իշխանութիւնները ոչ միայն կը թերագնահատեն Սփիւռքի տասնեակ տարիներու վաստակ ունեցող կառոյցները, այլեւ կը հարուածեն զանոնք:

Բոլորի համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Հայաստանի ՀՅԴ կառոյցին դէմ ցեխյարձակումները ինքնաբերաբար ուղղուած են ՀՅԴ համահայկական ընտանիքին դէմ: Հետեւաբար կարելի է այսօր անվարան հաստատել, որ ՀՅԴ աշխարհասփիւռ ընտանիքը իր ուղեկից միութիւններով եւ համակիրներով, որպէս Սփիւռքի ամենակազմակերպուած եւ ամենամեծ հատուածներէն մէկը, խոր յուսախաբութեամբ եւ ապագայի նկատմամբ չափազանց մտահոգութեամբ կ’անդրադառնայ տիրող իրավիճակին:

Գալով աւանդական կազմակերպութիւններէ դուրս գտնուող շարքային սփիւռքահայերուն` անոնց կարծիքը կարելի է հաւանաբար համեմատել մեր հայրենիքի ժողովուրդին կարծիքին հետ: Կան սատարողներ, որոնք համոզուած են, որ ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ նախկին փտած իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն դէմ ծաւալած պայքարը մէկ ու միակ նախադրեալն է` որեւէ յաջողութիւն եւ յառաջդիմութիւն ապահովելու։ Մենք դէմ չենք, որ փտածութիւնը արմատախիլ ըլլայ, եւ անոնք, որոնք թալանած են երկիրը տասնամեակներով, արդարօրէն եւ առանց քաղաքական հաշուարկներու դատուին եւ վերադարձնեն գողօնը։ Բայց նաեւ կը կարծենք, որ ճիշդ չէ պետութեան ամբողջ կարողականութիւնը ուղղել միայն ու միայն անցեալի հաշիւները մաքրելուն, մանաւանդ որ իբրեւ երկիր կը դիմագրաւենք սոսկալի աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներու։ Կան նաեւ թերահաւատներ, որոնք իշխանափոխութեան վաղորդայնին կարծեցին, թէ արդէն երկիրը կախարդուած է եւ փրկուած՝ անցեալի խնդիրներէն։ Հոս է, որ մենք կը կրկնենք մեր մօտեցումը, որն է համակարգային փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը։ Երկար ժամանակի, մտայնութիւններու փոփոխութեան, նոր ու տարբեր մօտեցումներու կարօտող խնդիրները կրնան լուծուիլ միայն, եթէ համակարգային փոփոխութիւններ ի գործ դրուին։ Այս աշխատանքը տեղի կ’ունենա՞յ այսօր։ Չենք կարծեր։

«Դ.».- Միջին Արեւելքի հայութիւնը դժուարին օրեր է ապրում, համայնքների ներկան ու ապագան մտահոգում են համայն հայութեանը: ՀՅԴ Բիւրոն այս հարցով զորաշարժի ենթարկեց համահայկական իր բոլոր կառոյցները: Միւս կողմից` արեւմտեան երկրների հայութիւնը առաւելաբար դիմագրաւում է ինքնութեան կորստի վտանգին:

ՀՅԴ Բիւրոն նախապէս յայտարարեց, որ նախապատրաստական աշխատանքներ է տանում Սփիւռքին նուիրուած համահայկական ընդգրկմամբ խորհրդաժողով կազմակերպելու ուղղութեամբ։ Ինչպէ՞ս կարժեւորեիք այս հարցերը:

Յ.Տ.Գ.- Այո՛, Լիբանանի հայութեան վիճակը խիստ մտահոգիչ է: Երկրի ներքաղաքական պայմանները, տնտեսական ճգնաժամը եւ թրքական նկրտումները դիմագրաւելու մարտահրաւէրը միայն լիբանանահայութեան հարցը չէ, այլ իւրաքանչիւր հայու պատասխանատուութիւնը: Հակառակ համավարակի ստեղծած համաշխարհային տնտեսական դժուարութիւններուն` ողջունելի են այն բոլոր օժանդակութիւնները, որոնք կը հասնին մեր հայրենակիցներուն:
Միջինարեւելեան մեր գաղութներու ապագան եւ հոն ապրող հայութեան ֆիզիքական ապահովութիւնը տեղական հայկական կառոյցներու առաջնահերթութիւնն են: Գաղութի ներքին միասնականութիւնը նախապայման է` յաղթահարելու բոլոր սպառնալիքները: Հայաստանի Հանրապետութեան դերն ալ պէտք է շեշտել, մասնաւորապէս այդ երկիրներէն արտագաղթած հայութիւնը ընդունելու, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական միջոցներ ի գործ դնելու, իսկ եթէ հարկ ըլլայ, այդ գաղութներու անվտանգութեան պահպանման առումով:

Սփիւռքի վիճակը եւ ներկայ պայմաններուն համապատասխան նորարար լուծումներու փնտռտուքը կը մնան հայութեան տագնապալի հիմնահարցերէն մէկը: Հայ քաղաքական միտքը արդեօք այս հարցը ազգային հիմնախնդիրներէն մէկը կը դասէ՞:

Սփիւռքի ողնաշարը կազմող կազմակերպութիւնները հիմնուած են արդէն իսկ մէկ դար առաջ: Հպարտութեամբ կը տօնենք անոնց յոբելինականները։ Անոնք կը գոյատեւեն եւ կը փորձեն քայլ պահել ներկայ պայմաններուն հետ՝ շնորհիւ կամաւորներու հսկայ փաղանգի մը, ի գին մեծ զոհողութիւններու, սակայն որքանո՞վ են անոնք համահունչ ներկայ պայմաններուն, Սփիւռքի մեծ տոկոսը կազմող՝ ձուլման եզրին գտնուողներուն կամ նոր Սփիւռքը կը համախմբե՞ն իրենց շուրջ, որքանո՞վ կը յաջողին երիտասարդութիւնը ներգրաւել իրենց շարքերուն կամ նոյնիսկ իրենց ծրագիրներուն մէջ:

Տպաւորութիւն կայ, թէ համահայկական օրակարգի (Հայաստանի ներքաղաքական կեանք, Արցախ, Հայ դատ…) ծանրաբեռնուած ըլլալու պատճառով Սփիւռքի օրակարգը կը մղուի երկրորդական պլան: Անգլերէնով կարելի է ըսել «business as usual», գործը սովորականի նման կ’ընթանայ, ընդհանրապէս կը բաւականանանք հանդիսաւոր խորհրդաժողովներ կազմակերպելով, ճառեր արտասանելով, ախտաճանաչումներ կատարելով, սակայն կը դժուարանանք նորը ստեղծելու հարցում։ Իսկապէս, հատուկենտ են նոր ու նորարար ծրագիրները:

Ունի՞նք արդեօք այն ստեղծագործ միտքը, ներուժը եւ միջոցները` քայլ պահելու մերօրեայ միջավայրին եւ ընկերային զարգացումներուն:

Ո՞րն է, կամ որո՞նք են այն գաղափարները, որոնք պիտի ոգեւորեն եւ համախմբեն սփիւռքահայութիւնը, մանաւանդ այն հատուածը, որ կը հեռանայ հայկական կեանքէն՝ հարենիքին հետ կա՞պը, Հայ դատի պահանջատիրութեան օրակա՞րգը, ներսփիւռքեան նոր տեսլակա՞ն մը, համամարդկային խնդիրնե՞րը…

Որո՞նք են միջոցները` առցանց տեղեկատուական արհեստագիտութի՞ւնը, սփիւռքահայ դպրոցները եւ բարեփոխուած միութիւննե՞րը, արհեստավարժ մարդուժն ու գործունէութի՞ւնը, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց հետ շօշափելի կապերը եւ Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային կեանքին ներգրաւո՞ւմը։

Արդեօք կարելի՞ է իրավիճակի սպասուած փոփոխութիւնը կատարել մօտ մէկ դար Սփիւռքը կանգուն պահած սփիւռքեան ուժերով, ո՞րն է Հայաստանի Հանրապետութեան դերը: Ճիշդ է, որ տարիներու ընթացքին Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները մնացին թերի եւ ընդհանրապէս արարողակարգայինէն անդին չանցան, սխալներ տեղի ունեցան, շատ յաճախ բաց ու անկեղծ մատնանշումներ չկատարուեցան: Իսկ ներկայ իշխանութիւնները յայտարարութիւններէն անդին երթալու պէտք եղած հասունութիւնը ունի՞ն: Այս հարցը կու տամ, քանի որ անցեալ երկու տարիներու ընթացքին անոնց ամբոխավարութիւնը լոզունգի վերածելով, բայց նաեւ հակասական յայտարարութիւններով արժեզրկեց ազգային առաջնային նշանակութիւն ունեցող գաղափարները, ինչպէս, օրինակ, հայրենադարձութիւնը:

Բարդ է Սփիւռքի վիճակը, խնդիրները բազմաթիւ են: Ինչպէս ֆրանսական առածը կ’ըսէ, պէտք չէ վարանիլ, ցուլը պէտք է բռնել կոտոշներէն, իսկ հայ քաղաքական միտքը եւ ղեկավարութիւնը պէտք է գործադրեն հարկ եղած համազգային ճիգը եւ իրենց մօտեցումին մէջ խորքային, ստեղծագործ ու հետեւողական ըլլան:

Հայրենիքի եւ հայ ազգի գոյատեւման ու զարգացման համար առանցքային է Սփիւռքի դերակատարութիւնը: Եթէ այս գաղափարին համաձայն ենք բոլորս, եկէ՛ք, ուրեմն, հաստատենք նաեւ, որ համազգային առումով աղետալի է Սփիւռքի մաշումը: Այսպէս պէտք է դիտել հարցը եւ, ըստ այնմ, լարել մեր ուժերը:

«Դրօշակ», թիվ 8 (1642), օգոստոս, 2020 թ.

1