ՀՅԴ Բիւրոյէն եւ ՀՕՄէն աջակցութիւն՝ Սուրիոյ Ճեզիրէի շրջաններուն

ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար»․- Նկատի ունենալով վերջին շրջանին Ճեզիրէի շրջաններուն մէջ եւս պսակաձեւ ժահրի համաճարակին տարածումը, տնտեսական տագնապը եւ անոր անոնց հետ կապ ունեցող զանազան դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ պատճառած Հասիչէի ջուրի տագնապը, Ճեզիրէի շրջաններուն մէջ կատարուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյին, ՀՕՄին եւ Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան կողմէ տրամադրուած օժանդակութեան բաշխումը:
Հասիչէի հայ ընտանիքներուն բաշխուեցան հականեխիչ դեղեր, մաքրութեան անհրաժեշտ նիւթեր, ինչպէս նաեւ ըմպելի ջուրի սնտուկներ, իսկ Գամիշլիէն ազգային պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Տերիք, տեղւոյն հայ ընտանիքներուն նոյն կողմերէն հասած նիւթական նպաստը բաշխելու եւ ազգային վարժարանին հականեխիչ դեղեր, դիմակներ եւ մաքրութեան անհրաժեշտ նիւթեր տրամադրելու համար։
asbarez.com