Հուրի, սուրի, համաճարակի եւ սովի յորձանուտէն յառնած անկախութիւնը
Գլխավոր » Լրահոս » Հուրի, սուրի, համաճարակի եւ սովի յորձանուտէն յառնած անկախութիւնը

Հուրի, սուրի, համաճարակի եւ սովի յորձանուտէն յառնած անկախութիւնը

«Ամբողջ հայոց պատմութիւնը հայ ժողովրդի անկախութեան պայքարն է»

Լեւոն Շանթ

1918ին հայ ազգի գոյապահպանման համար մղուած ճակատամարտները շրջադարձային նշանակութիւն ունեցան մեր պատմագրութեան մէջ` դառնալով մերօրեայ հայկական պետականութեան ձեւաւորման հենասիւնը:

Անուրանալի փաստ է, որ այսօրուան Հանրապետութիւնը հիմնուած է դար մը առաջ արնահեղ գուպարով յառնած 1918 թուականի Մայիս 28ի անկախ պետութեան հիմքին վրայ։

1918 թուականի Յունիս 4-ին կայացած Պաթումի դաշնագրով Թուրքիան կը ճանաչնար Սեւանի աւազանին շուրջ տարածուած 11 հազար քառակուսի քլմ. տարածքով Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Նման դժնդակ պայմաններու մէջ յառաջ գնաց բանակաշինութեան գործը, ձեւաւորուեցան սպայակազմը, մասնագիտացած զօրամասերը, սահմանապահ գունդերը։ Կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին կայացած իրողութիւն էր նորանկախ երկրի պաշտպանութեան երաշխիքը հանդիսացող կանոնաւոր ազգային բանակը, որուն վիճակուած էր ազատագրելու հայապատկան հողատարածքները։ Եւ իրապէ՛ս, կարճ ժանակահատուածի ընթացքին, Հայկական բանակը ընդլայնեց պետականութեան սահմանները, հայրենի սահմաններուն մէջ ներառելով Լոռին, Ալեքսանդրապոլի գաւառը, Շարուրը, Նախիջեւանը Սուրմալուն ու Կարսի նահանգը։ Միաժամանակ, հայկական զինուած ուժերը ստիպուած էին դիմագրաւել թրքական, ատրպէյճանական եւ վրացական ոտնձգութիւնները։

11 հազար քառակուսի քլմ. տարածքով սկիզբ առած պետութիւնը՝ 1920ին եօթնապատկուած, ընդարձակուած եւ վերածուած էր 70 հազար քառ. քիլոմեթրով անկախ պետութեան։

Հայաստանի առաջին հանրապետութեան առաջին տարին յատկանշուեցաւ նաեւ մահասփիւռ բծաւոր տիֆի համաճարակի տարածումով, որուն զոհ գնաց Հայաստանի բնակչութեան 20 տոկոսը, մօտաւորապէս 180-200 հազար բնակիչ։ նորանկախ երկիր մը, որ ո՛չ միայն շրջափակուած էր թշնամիներով, ո՛չ միայն ծանրաբեռնուած էր գաղթականներով, այլեւ ստիպուած էր պայքար մղել անողոք համավարակին դէմ։

Այսօր Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութենէն մէկ դար ետք, սահմանին տիրող պատերազմական իրավիճակի առկայութեամբ, դրութիւնը կը մնայ անփոփոխ, շրջափակուած թշնամիներով։ 1991էն ի վեր Հայաստանը շրջափակուած է Ատրպէյճանի կողմէ, իսկ 1993էն ի վեր շրջափակուման ենթակայ է Թուրքիոյ կողմէ։

Անկախութիւնը կը սկսի սահամնին վրայ, սահմանապահ գիւղերուն մօտ. Հայրենիքի լիարժէք պաշտպանութեան գրաւակամը՝ սահմանին կանգնած հայ զինուորին եւ սահմանը հսկող գիւղացիին համասփիւռ հայութեամբ աջակցելու հրամայականն է։

Հայ ժողովուրդի անկախութիւնը գոյացած է Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի յաղթանակները կերտած հայոց բանակի շնորհիւ, որուն շարունակութիւնն է այսօրուան մարտական պատրաստուածութեամբ եւ ռազմական սպառազինութեամբ յագեցած Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը։

Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան պատմութեան վերագնահատումը կատարելով, յստակ եւ անվիճելի կը դառնայ այն փաստը, որ հակառակ դժնդակ պայմաններու մէջ ընթացող պետականութեան նախասաղմնաւորման եւ կազմաւորման գործընթացին, պատերազմի, համաճարակի եւ սովի անողոք պայմաններուն, ճիգերու գերագոյն լարումով հիմը կը դրուէր հայութեան ապագայ շառաւիղներու անկախ բնօրրանին։

1918ի Մայիսեան խոյանքներով դարբնուեցան մեր պետականության հիմքերը եւ կանխորոշուեցաւ նորանկախ Հայաստանի գոյութիւնը։

1918ի Մայիսեան հերոսապատումով վերականգնեցաւ հայ ազգի դիմադրողականութեան գերակայութիւնը։

Մայիսեան յաղթանակներու կենսափորձը կ՚իմաստաւորուի այն հասկացողութեամբ, որ համայն հայութեան գոյատեւելիութեան ռազմավարութիւնը այսօր էապէս պէտք է խարսխուի այն յստակ նշաձողին վրայ, որ հայութեան բովանդակ ներուժով հայրենիքը վերածենք անխոցելի, կազմակերպ, միասնական, անբաժանելի եւ եւ պատմականօրէն հայապատկան տարածքները վերամիաւորելու ներուժ ունեցող երկրի։

«Հորիզոն»ի խմբագրական

horizonweekly.ca

1