ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանը կը զօրակցի Շտապ օգնութիւն Լիբանանի դրամահաւաքին աւելի քան $125,000 նուիրատուութեամբ
ՀՕՄի Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային վարչութիւնը տասը օրեր առաջ սրտագին կոչով մը դիմած էր իր անդամներուն եւ մեր համայնքին՝ օգոստոս 4, 2020ի պատահած ահաւոր պայթումին համար օգնութեան ձեռք երկարելու Լիբանանի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն:
ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը կը յայտնէ ՀՕՄի մասնաճիւղերուն, անդամուհիներուն եւ նուիրատուներուն, ովքեր սրտագին եւ լիաբուռն մասնակից դարձան մեր կոչին ու այս արագ նախաձեռնութեան համար կարողացանք հանգանակել յաւելեալ նուիրատուութիւններ ու գումարը բարձրացաւ աւելի քան $125,000ի, որ անյապաղ կը փոխանցուի Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան միջոցով:
Նուիրատուութիւնները կը շարունակուին առցանց՝ այցելել նշելով Լիբանանի աղէտներու օժանդակութիւնը, իսկ վճարման գիրը կարելի է ուղարկել ՀՕՄի Շրջանային կեդրոնատեղին՝ հասցէ 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202.
Հեռաձայն՝ (818) 500-1343
Հայ Օգնութեան Միութեան
Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութիւն