ՀՕՄ-ը միշտ արցախահայութեան կողքին է
ՀՕՄ-ը իր Կեդրոնական եւ շրջանային վարչութիւններով, եւ աշխարհատարած մասնաճիւղերով ու անդամներով միշտ պատնէշի վրայ եղած է մեր ժողովուրդի բոլոր տագնապներուն ընթացքին: Այսօր եւս, ՀՕՄ-ը բազմաբեւեռ գործունէութիւն կ’իրականացնէ ձեռք երկարելու արցախահայութեան, լիբանանահայութեան եւ ուր որ մեր ժողովուրդի զաւակները կարիքը ունին աջակցութեան: Այս առթիւ ՀՕՄ-ի իրականացուցած ծրագիրներուն մասին «Հորիզոն» գլխաւոր խմբագիր զրոյց ունեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմինէ Կարապետեանի եւ Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լուսին Ժամկոչեան Փալանճեանի հետ, որուն ընթացքին ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչները անդրադարձան վերջին շրջանին ի գործ դրուած նոր ծրագիրներուն:
Խօսելով արցախահայութեան տրամադրուած օժանդակութիւններուն մասին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմինէ Կարապետեան յայտնեց, թէ Արցախահայութեան բռնագաղթէն ետք, ՀՕՄ-ը անմիջապէս փութաց օգնութեան հասնելու մեր արցախցի հայրենակիցներուն եւ իրականացուց աջակցութեան բազմաբեւեռ աշխատանք: «Արցախի բռնագրաւումէն եւ հայաթափումէն ետք, մենք անմիջապէս նախաձեռնեցինք արցախցի տեղահանուած ընտանիքներուն անմիջական պէտքերը հոգալու, յատկապէս սննդեղէնի եւ դեղորայքի ապահովմամբ, այս օժանդակութիւններէն մեր հաշուարկով օգտուած է 35-40 հազար արցախցի: Անկէ ետք ստեղծեցինք նոր ծրագիր մը, որ կը կոչուի «Յոյսի օճախներ», այս ծրագիրը կը ձեռնարկէ հայկական գիւղերուն մէջ բնակարաններ գնել, նորոգել, կահաւորել եւ տրամադրել տեղահանուած ընտանիքներուն: Այս ծրագիրը այժմ անհրաժեշտ կը համարուի, որովհետեւ ձմեռնամուտ է, եւ կարգ մը ընտանիքներ տակաւին կ’ապրին ծանր պայմաններու մէջ», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Ունինք նաեւ համալսարանի ուսանողներուն աջակցութեան ծրագիրը, որոնց համար կը տրամադրուին կրթաթոշակներ եւ համակարգիչներ, որպէսզի շարունակեն իրենց ուսումը»:
Անդրադառնալով զոհուած զինուորներուն եւ կամաւոր մարտիկներու զաւակներուն յատկացուած օժանդակութեան Կարապետեան յայտնեց, թէ զանոնք հովանաւորելու ծրագիրը վերջերս կը հաշուէ 1700 որբացած երեխաներ, յատկապէս երբ այս ծրագրին միացած են Արցախի պատերազմին, շրջափակման եւ բռնագաղթի ժամանակ իրենց ծնողները կորսնցուցած եւ որբացած երեխաները, որոնցմէ 1100-ը տակաւին հովանաւորներ չունին:
Նոյն նիւթին առնչութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկհ. Փալանճեան կատարեց հետեւեալ հաստատումը: «ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանը 1992 թ. սկսեալ միշտ նեցուկ կանգնած է «Զոհուած հերոսներու զաւակներ» ծրագրին եւ մինչեւ երեխային 18 տարեկան դառնալը ստանձնած է անոր խնամակալութիւնը: Մինչեւ օրս մեր շրջանի կողմէ հովանաւորուած են աւելի քան 350 երեխաներ: Շրջանը նաեւ կը հովանաւորէ ուսման հետեւող որբ ուսանողներ, տարեկան միջին հաշուով 52 ուսանողի օժանդակութիւն շնորհելով»: Ընկհ.Փալանճեան շարունակեց իր խօսքը ըսելով, որ ծնողազուրկ երեխայի մը հովանաւորութիւնը տարեկան 330 ամ. տոլար է, իսկ ուսանողինը՝ 320 ամ. տոլար: Տակաւին ունինք հարիւրաւոր երեխաներ, որոնք կարիքը ունին հովանաւորներու: Եթէ ոեւէ մէկը կը փափաքի ստանձնել «Զոհուած Հերոսներու Զաւակներ»ու ծրագրէն երեխայի մը հովանաւորութիւնը, թող բարեհաճի գրել մեր ե-նամակի հասցէին ars-canada@bellnet.ca:
Լուսին Փալանճեան յայտնեց, թէ Արցախեան հակամարտութեան 2023 թուականի իրադարձութիւններէն եւ արցախահայութեան բռնագաղթէն ետք ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանը անմիջապէս կազմակերպեց նուիրահաւաք, զօրաշարժի ենթարկելով ՀՕՄ-ի Գանատայի շրջանի բոլոր մասնաճիւղերն ու անդամները: «Սոյն հրատապ վիճակէն մեկնելով ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը համագործակցութեամբ ՀՕՄ-ի «Թիկունք կանգնինք Արցախի ընտանիքներու» միջ-միութենական Միացեալ Մարմինին, անսակարկ նուիրումով, լայնածաւալ հանգանակային արշաւ ծրագրեց օգնութեան ձեռք երկարելու տեղահանուած ու տնտեսական ծանր պայմաններ ապրող Արցախցիին։ Կազմակերպեց նաեւ առցանց աճուրդ մը եւ մինչեւ Յունուար 2024-ի աւարտը այս դրամահաւաքի արշաւէն հանագանակեց աւելի քան $550,000 տոլար:
Լուսին Փալանճեան յայտնեց նաեւ, թէ Գանատայի շրջանը այս նիւթական օժանդակութիւններուն իր մասնակցութիւնը բերաւ եւ ասկէ անկախ որոշ քանակով ձմեռնային վերարկուներ ալ նուիրեց փոքրերու եւ պատանիներու, եւ արցախցի դպրոցական կամ համալսարանական երիտասարդներու տասը համակարգիչներ տրամադրեց գրասենեակներէ ներս: Ան նաեւ տեղեկացուց, թէ Գանատայի շրջանը առաջինը հանդիսացաւ «Յոյսի օճախ» ծրագրին նիւթապէս օժանդակելու գործին մէջ: Այսպիսով, շրջանը ստանձնեց 6 բնակարաններու նորոգութիւնն ու կահաւորումը Ախուրիկ գիւղին մէջ, որ կը գտնուի Ախուրեան գետի ափին, Գիւմրիէն ոչ շատ հեռու,:
Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ սանձազերծուած պատերազմին եւ լիբանանահայութեան ապրած տագնապներուն, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմինէ Կարապետեան ըսաւ. «Ինչպէս անցեալին, այսօր եւս ՀՕՄ-ը թիկունք կանգնած է Միջին Արեւելքի մեր այն գաղութներուն, որոնք կը գտնուին տագնապահար իրավիճակի մէջ, ըլլա՛յ քաղաքացիական պատերազմ, ըլլա՛յ տնտեսական: Այսօր Լիբանանը վերստին կը գտնուի դաժան պատերազմի բոցերուն մէջ, հետեւաբար առաջնահերթութիւնը սննդեղէնի, դեղորայքի եւ անմիջական կարիքներու ապահովումը պիտի ըլլայ: Հանգանակութիւնները սկսած են ամէն տեղ, եւ Արեւելեան շրջանը արդէն 20 հազար փոխանցեց, որուն շուտով կը հետեւի Գանատայի յատկացումը»:
Կարապետեան նշեց նաեւ, որ վերջերս Բիւրականի ՀՄԸՄ-ի բանակավայրին մէջ, Արցախի վարչութիւնը բանակում մը կազմակերպեց 7 օրուան տեւողութեամբ, որուն մասնակցեցան 87 արցախցի պատանիներ, 12-14 տարեկան, եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը հովանաւորեց ամբողջ ծախսերը, որուն ընթացքին դասախօսութիւններ տեղի ունեցած են ՀՕՄ-ի գործունէութեան մասին:
Մոնթրէալի մէջ վերջերս տեղի ունեցած վազքարշաւին (մարաթոն) մասնակցեցան մոնթրէալահայ երկու երիտասարդներ, համագործակցութեամբ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան: Այս մասին Փալանճեան ըսաւ. «Յաճախ հարց տրուած է մեզի, թէ ինչ ունի տալիք այսօրուան երիտասարդը ՀՕՄ-ին եւ ինչ կ՛ակնկալէ ՀՕՄ-ը հայ երիտասարդէն: Շատերս կը խորհինք, որ գործունեայ եւ հեռատես անդամներն են միայն, որոնք կազմակերպութեան մը յաջողութեան եւ վերելքին կը նպաստեն: Կան նաեւ անձինք որոնք համոզուած են, թէ այսօրուան հայ երիտասարդը անտարբեր է ու անպատասխանատու: Հետեւաբար, ան ոչինչ ունի տալիք իր պատկանած համայնքին ու ազգին:
Սակայն, այս դրամահաւաքը եկաւ փաստելու բոլորովին հակառակը: Այս բացառիկ յաջողութեամբ պսակուած դրամահաւաքը, երիտասարդներու կողմէ ծրագրուած նախաձեռնութիւնը, եկաւ մեզի ապացուցելու, որ նօսր թիւով երիտասարդներն անգամ կրնան հզօր բանակի նման հրաշքներ գործել: Մոնթրէալահայ երկու երիտասարդներու՝ Շանթ Շահինեանին եւ Արէն Իմամէճեանին հրաշալի գաղափարը ունեցան «Մոնթրէալ Մարաթոն 2024»ի վազքարշաւին մասնակցիլ եւ դրամահաւաք կազմակերպել, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ յատկացնել ՀՕՄ-ի Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» Առողջապահութեան կեդրոնի կրծքաշողանկարային նոր սարքի գնման: Այս երկու երիտասարդները քարոզչական լայնածաւալ արշաւի մը լծուեցան եւ անձամբ պատրաստեցին ու հրապարակեցին այս նպատակին համար ստեղծուած նիւթեր: Յաճախակի ներկայութիւն ունեցան իրենց կողմէ ստեղծուած ընկերային հարթակներու էջերու վրայ եւ քարոզչական այլ միջոցներով տեղեկութիւններ փոխանցեցին առողջապահական կեդրունին մասին, ինչպէս նաեւ շաբաթներ շարունակ ազդու կերպով քաջալերեցին դրամահաւաքի նպատակը հայ թէ օտար շրջանակներէ ներս: ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւնն ալ դիմեց իր ընկերական շարքերուն, որ թիկունք կանգնին իրենց եւ մասնակից դառնան քարոզարշաւին: Այսպիսով երկու երիտասարդները յաջողեցան իրենց նպատակադրած թիրախէն երեք եւ նոյնիսկ չորս անգամ աւելին գոյացնել հասցնելով հաւաքուած գումարը 62000 տոլարի: Անծանօթներ հաւանաբար հարց տան, թէ արդեօք ո՞վ են այս տղաքը: Այս երկու երիտասարդները՛ Առէնն ու Շանթը եղած են Սուրբ Յակոբ վարժարանի ամէնօրեայ դպրոցի շրջանաւարտներ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ եւ Համազգայինի անդամ: Անոնք իրենց շուրջը հաւաքեցին 85 հոգիներէ բաղկացած վազողներու պատկառելի խումբ մը: Այսօր իրենց յարատեւ աշխատանքի արդիւնքով գոյացած 62000 տոլարը կու գայ վկայելու, թէ ՀՕՄ-ը պատրաստ է միշտ նեցուկ կանգնելու երիտասարդութեան կողմէ եկած որեւէ ազգօգօւտ առաջարկներու: Այո: ՀՕՄ-ը հայ երիտասարդին կողքին է եւ հայ երիտասարդը իր կողքին:
Փալանճեան անդրադարձաւ երիտասարդ նոր սերունդի կողմէ կատարուած ուրիշ մէկ շատ յատկանշական նախաձեռնութեան մը եւս յայտնելով, որ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի Բասդրմաճեան երկրորդականի աւարտական դասարանի աշակերտներն ալ գեղեցիկ գաղափարը ունեցած են իրենց կազմակերպած ձեռնարկներէն գոյացած շահէն մաս մը՝ 5400 տոլար, յատկացնել արցախցի որբ մը հովանաւորելու ծրագրին: «Անոնք փափաք յայտնած են, -աւելցուց Փալանճեան, որ այս ծրագիրի մասնակցութիւնը շարունակական ըլլայ եւ յառաջիկայ տարիներուն ալ իրենց սկսած գործը աւարտական դասարանի աշակերտները շարունակեն»:
Աւարտին խմբագիրը նաեւ նշեց, որ ՀՕՄ-ը միշտ զօրավիգ կանգնած է «Հորիզոն»ին եւ յայտնեց, որ «Հորիզոն»ի առաջին համակարգիչները հովանաւորած է ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը 1991-1992 թուականներուն, իսկ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը արդէն 25 տարիէ ի վեր կը հովանաւորէ «Հորիզոն»ի Մանկապատանեկան յաւելուածը: