Հոգեհանգիստ` Պէյրութի նաւահանգիստի զոհերու յիշատակին եւ աղօթք` Լիբանանի վերականգնման համար
Հովանաւորութեամբ լիբանանահայ երեք համայնքապետերուն եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին, երէկ` չորեքշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հանդիպակաց վայրին վրայ` Պանդուխտի յուշակոթողին դիմաց, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` պայթումի զոհերուն յիշատակին, ինչպէս նաեւ աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած` Լիբանանի վերականգնումի մաղթանքով եւ վիրաւորներու ապաքինման համար:
Ձեռնարկին հանդիսապետեցին երեք համայնքապետերը` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Աղօթքին մասնակցեցան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչներ, ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներ, հայ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներ, հոգեւորականներ, Ազգային իշխանութեանց, մշակութային, բարեսիրական, մարզական եւ այլ միութիւններու ու հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ զոհերու հարազատներ:
Ձեռնարկը սփռուեցաւ առցանց ու անոր հետեւեցան բազմաթիւ հայորդիներ եւ սգակիրներ` զանազան երկիրներէ:
Միաժամանակ լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններէն եւ ընկերային ցանցերէն սփռուած այս նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը եւ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան:
aztagdaily.com