ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 11-րդ Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ Ծիծեռնակաբերդ Այցելութեամբ
Գլխավոր » Գաղափարական » ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 11-րդ Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ Ծիծեռնակաբերդ Այցելութեամբ

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 11-րդ Խորհրդաժողովը Աւարտեցաւ Ծիծեռնակաբերդ Այցելութեամբ

Երկօրեայ նիստերէ ետք, ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովը աւարտեցաւ Ծիծեռնակաբերդ այցելութեամբ:

Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 17 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի Արցախի վարչութիւններուն եւ միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն:

Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին առջեւ, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Արթիւր Մկրտչեան: Ապա, բոլորը ուղղուեցան անմառ կրակին շուրջ, ուր ծաղիկներ խոնարհեցին մեր մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին եւ Տէրունական աղօթքով հրաժեշտ տուին հայութեան սրբավայրին:

Էջմիածինի Մէջ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Մահացած Եւ Նահատակուած ՀՄԸՄ–ականներու Յիշատակին

Ծիծեռնակաբերդ այցելութենէն ետք, ՀՄԸՄ-ի բազմանդամ պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Ս. Էջմիածին, ուր ներկայ գտնուեցաւ պատարագի եւ մահացած ու նահատակուած ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակին յատկապէս կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնի:

Հոգեհանգիստէն առաջ, Ս. Էջմիածինի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեան ներկայ հաւատացեալներուն կարճ խօսքով մը ծանօթացուց ՀՄԸՄ-ը եւ անոր 106 տարուան մարդանուէր ու հայանուէր առաքելութիւնը: Ապա, բոլորը իրենց աղօթքներով հոգիներու խաղաղութիւն խնդրեցին այն ՀՄԸՄ-ականներուն համար, որոնք այս աշխարհէն հեռացան միութեան ու ազգին հանդէպ իրենց պարտքը կատարած ըլլալու խիղճի հանգստութեամբ:

ՀՄԸՄ–ՀԱՍԿ–ի 35-Ամեակի Ճաշկերոյթը Եւ Պարգեւատրումները

ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովի պատուիրակութիւնները, օր մը առաջ, շաբաթ, 16 նոյեմբերի երեկոյեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի 35-ամեակի ճաշկերոյթին, որուն ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Գեղամ Մանուկեան եւ Արգիշտի Գէորգեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան, ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան անդամներ եւ ՀՄԸՄ-ի բարեկամներ ու բարերարներ, ընդամէնը` 250 հոգի:

Ճաշկերոյթին պաշտօնական բաժինով ներկայացուեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի 35-ամեայ երթը ներկայացնող տեսանիւթ մը: Յոբելեար շրջանին անունով խօսք արտասանեց ատենապետ Արթիւր Մկրտչեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին անունով` Գեղամ Մանուկեան եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով` Վիգէն Աւագեան:

Այս առիթով տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի 35ամեայ երթին մէջ մեծ ներդրում ունեցած վաստակաշատ միութենականներու պարգեւատրում: Արդարեւ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի «Ոսկէ շուշանածաղիկ» շքանշանին արժանացան եղբայրներ Էմիլ Մաղաքեան (ի բացակայութեան) եւ Պերճ Թիւֆէնկճեան: ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի «Վարդան Բախշեան» շքանշանը շնորհուեցաւ նահատակին գործակից, ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի վերընձիւղման առաջին սերունդի անդամներէն Բագրատ Եսայեանի: Շքանշանը յանձնեց նահատակ Վարդանին մայրը` Այտա Բախշեանը: ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան» շքանշանին արժանացաւ Դաւիթ Յակոբեան, իսկ միութեան բարձրագոյն` «Արժանեաց» շքանշանին տիրացաւ Օշին Փիրումեան: «Արժանեաց» շքանշանը յանձնեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան:

Ճաշկերոյթին հատուեցաւ 35-ամեակի կարկանդակը եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական հարուստ յայտագիր:

1