Հայոց Ցեղասպանութեան 110 ամեակին առիթով՝ ՀՕՄը կը վերանորոգէ հայութեան ծառայելու իր ուխտը եւ նոր թափով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը
Գլխավոր » Լրահոս » Հայոց Ցեղասպանութեան 110 ամեակին առիթով՝ ՀՕՄը կը վերանորոգէ հայութեան ծառայելու իր ուխտը եւ նոր թափով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը

Հայոց Ցեղասպանութեան 110 ամեակին առիթով՝ ՀՕՄը կը վերանորոգէ հայութեան ծառայելու իր ուխտը եւ նոր թափով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը

Երիտասարդ թուրքերու կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 110 ամեակը մեր ազգը կը նշէ հայութեան համար ոչ բարենպաստ պայմաններու մէջ։ Արցախը ներքին եւ արտաքին գործօններու պատճառով հայաթափուած է իր բնիկ ժողովուրդէն, Հայաստանի մէջ կ՛արձանագրուին հայութեան պատմաքաղաքական շահերուն անյարիր զարգացումներ, Սփիւռքի տարածքին հայութիւնը կը դիմագրաւէ բազում հարցեր եւ խնդիրներ։

Նման իրավիճակի մը մէջ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր ձայնը կը միացնէ հայութեան գիտակից եւ յանձնառու մեծ զանգուածին կոչերուն եւ կը պահանջէ, որ յանուն «խաղաղութեան» Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման որեւէ փորձ խստօրէն դատապարտուի եւ կ՛անխարգիլուի՝ հաստատելով,որ հայ ժողովուրդին հողային, մարդկային եւ ունեցուածքի հատուցումը արդար եւ անվիճելի իրաւունք է, որ ժամանակին թաւալման հետ իր ուժն ու օրինականութիւնը չի կորսնցներ։

Հայ Օգնութեան Միութիւնը, իբրեւ հայութեան ծոցէն ծնած մեծ կազմակերպութիւն մը, խորապէս կը գիտակցի, որ աշխարհաքաղաքական իրավիճակն ու զարգացումները չեն կրնար ստուեր ձգել եւ մոռացութեան տալ հայութեան պահանջատիրութիւնը, որ կը նպատակադրէ արդարութիւնը հաստատել՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչմամբ եւ հայ ժողովուրդին բոլոր իրաւունքներուն հատուցմամբ։ Հայոց Ցեղասպանութեան 110 ամեակը սոսկ թուական չէ։

Անիկա առիթ է՝ դրսեւորելու քաղաքական յանձնառութիւն, թէ հայութիւնը ոչ մէկ պարագայի պիտի հրաժարի իր իրաւունքներէն եւ պիտի շարունակէ պահանջատիրական իր պայքարը՝ յանուն արդարութեան։ Հայ Օգնութեան Միութիւնը այս յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ծառայելով հայ ժողովուրդին, թարգմանը հանդիսանալով անոր արդար իրաւունքներուն ձեռքբերման եւ իր ձայնը լսելի պիտի դարձնէ միջազգային հարթակներու վրայ՝ շեշտելով արդարութեան եւ հաւասարութեան համամարդկային իրաւունքներուն ամրագրման կարեւորութիւնը։

Հայութիւնը այսօր աւելի քան կարիքը ունի միասնականութեան։ Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը հաւատայ, որ միասնականութեամբ եւ հայութեան քաղաքական, տնտեսական, գիտական, կրթական, մշակութային եւ այլ մարզերու մէջ ներուժին ճիշդ օգտագործմամբ կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ ամբողջական Հայաստանի տեսլականով առաջնորդուելով՝ հասնիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդար հատուցման։

Հայոց Ցեղասպանութեան 110 ամեակին առիթով՝ ՀՕՄը կը վերանորոգէ հայութեան ծառայելու իր ուխտը եւ նոր թափով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։

ՀՕՄ-ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Commemorating the 110th Anniversary of the Armenian Genocide: A Call for Justice and Unity

As our nation solemnly marks the 110th anniversary of the Armenian Genocide—perpetrated by the Young Turks—we do so amidst significant challenges. From the sorrowful displacement of our compatriots from Artsakh to the ongoing geopolitical instability in Armenia and the daily struggles faced by our communities in the diaspora, we are reminded that the Armenian people continue to endure hardship.

In these difficult times, the Armenian Relief Society stands in unwavering solidarity with our nation. We strongly condemn any attempt to deny the Armenian Genocide under the guise of so-called peace and reaffirm that the humanitarian and material reparations owed to the Armenian people are indisputable. Time cannot alter this truth.

Founded in response to the dire needs of our nation, ARS remains steadfast in its mission to seek justice and recognition for the Armenian Genocide. No geopolitical circumstance can diminish our rightful demands. We are committed to ensuring that the world acknowledges the truth and that justice is fully served for our people.

May this solemn commemoration serve as a powerful reminder that the Armenian people will never relent in their pursuit of justice. The ARS will continue its unwavering mission to serve our nation and amplify our collective voice in the international community, advocating for justice, equality, and human rights.

More than ever, our nation must stand united in the face of adversity. The ARS firmly believes that by combining our cultural, educational and economical efforts, we can overcome our challenges and build a stronger future.

On this occasion, we reaffirm our sacred commitment to serve our people and continue our mission with renewed determination and resolve.

1