Հայկական երեսփոխանական պլոքը խումբ մը փաստաբաններու ընկերակցութեամբ այսօր կ՛այցելէ Մըլհեմ Խալաֆի

Հայկական երեսփոխանական պլոքը, նախագահութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ ընկերակցութեամբ պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, այսօր` 16 յունիս 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Իրաւաբաններու սենտիքային մէջ հանդիպում մը պիտի ունենան Իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Խալաֆի հետ:
Հայկական երեսփոխանական պլոքին պիտի ընկերակցին նաեւ խումբ մը փաստաբաններ:
Հանդիպումէն ետք պատուիրակութիւնը հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ մը:
Միւս կողմէ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան երէկ ներկայացաւ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթին եւ զայն պաշտօնապէս իրազեկ դարձուց ինքզինք Մերտինցիներու արաբական-լիբանանեան միութեան նախագահը յորջորջող Մունիր Հասանի մասին` հայութեան դէմ անոր արձակած վարկաբեկիչ արտայայտութիւններուն եւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը գովաբանելուն համար:
Ազգային Կուսակցութիւններու Համախմբումը Կը Դատապարտէ
Լիբանանահայութեան Դէմ Հրահրուած Գրգռութիւնները
Նշենք, որ երէկ լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու եւ անձնաւորութիւններու համախմբումը, որուն վարչութեան անդամ է ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Պարոյր Տէր Ղուկասեան, գումարեց կեդրոնական նիստ մը, որուն ընթացքին խստիւ դատապարտեց լիբանանեան ներքին հարցերուն մէջ թրքական միջամտութիւնները, որոնք կը դրսեւորուին կարգ մը քանդիչ խմբաւորումներու կողմէ համայնքային սադրանքներու նախապատրաստութեամբ:
Համախմբումը կտրականապէս մերժեց շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր տեսանիւթերը, որոնք համայնքային սադրանքներ կը սերմանեն եւ լիբանանահայութեան դէմ գրգռութիւններ կը հրահրեն:
Համախմբումը ապահովական կառոյցներէն եւ դատական իշխանութենէն պահանջեց կտրուկ եւ խիստ միջոցառումներ որդեգրել Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութեան եւ ապահովական կայունութեան սպառնացող այդ խմբաւորումներուն դէմ:
aztagdaily.com