Հայաստան եւ Ադրբեջան. մաս 4
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Գաղափարական » Հայաստան եւ Ադրբեջան. մաս 4

Հայաստան եւ Ադրբեջան. մաս 4

1-ին մաս

2-րդ մաս

3-րդ մաս

Ազգային-ազատագրական պայքարի գործիչ, 1-ին Հանրապետության  Ռազմական և Ներքին գործերի նախարար, ՀՅԴ Բյուրոյի երկարամյա անդամ Ռուբեն Տեր-Մինասյանի հոդվածը «Հայաստան եւ Ադրբեջան» վերնագրով, որը հրապարակվել է «Հայրենիք» ամսագրում 1927թվականին և այժմեական է նաև մեր օրերում.

Ցոյց տալու համար, թէ Դաշտային Ղարաբաղ եւ Գանձակ որքան են կապուած ոչ միայն լեռնային Ղարաբաղի, այլ ընդհանրապէս Հայաստանի հետ, աւելորդ չեմ տեսներ յիշել գլխաւորապէս Կուրի աջ ափէն դէպի Հայաստան ամառանոց ելած կենդանիներու թիւը եւ անոնց յատկացուած արօտատեղիներու քանակը։

Խորհրդային Հայաստան-ի 1351 թիւին մէջ կը յիշատակուի, թէ ըստ երկրագործական բաժնի տեղեկութեանց, 1926-ին Հայաստանի ամառանոցներն են ելած 1.030.000 կենդանիներ 13 ճանապարհներով․ արօտատեղիները բաժանուած են տեղացիներու եւ դրսէն եկածներու միջեւ հետեւեալ կերպով․

Երեւանի գաւառին մէջ տեղացիներուն՝ 24.450 դեսեատին, դրսէն եկածներուն՝ 9.7000 դեսեատին, Էջմիածնի գաւառ՝ տեղացիներուն՝ 31.400 դ․:
Լենինականի գաւառ՝ տեղացիներուն՝ 19.700դ․, դրսեցիներուն՝ 16.600 դ․։
Նոր Բայազէտի գաւառ՝ տեղացիներուն՝ 44.700 դ․, դրսեցիներուն՝ 15.800 դ․։
Լոռի – Փամբակի գաւառ՝ տեղացիներուն՝ 19.200 դ., դրսեցիներուն՝ 20.100 դ.:
Դիլիջանի գաւառ՝ տեղացիներուն 27.000 դ․, դրսեցիներուն՝ 29.000 դ․։
Դարալագեազի գաւառ՝ տեղացիներուն 9.500 դ․, դրսեցիներուն՝ 33.800 դ․։
Զանգեզուրի գաւառ՝ տեղացիներուն՝ 19.200 դ․, դրսեցիներուն՝ 80.800 դ․։
Մեղրիի գաւառ՝ տեղացիներուն՝ 4.450 դ․, դրսեցիներուն՝ 980 դ․։

Այս թիւերը ցոյց կուտան, թէ Հայաստանի հողերը նոյնքան եւ աւելի կ’օգտագործուին Ադրբեջանի ժողովրդեան կողմէ, որքան բնիկ հայ ժողովրդի կողմէ։ Երբ հեռաւոր հայկական գաւառները այս համեմատութեամբ կ’օգտագործուին, պէտք է մտապատկերել, թէ որչափով կ’օգտագործուին մերձաւոր Ղարաբաղի, Գանձակի, Քրդիստանի հողերը՝ հարեւան Դաշտային Ղարաբաղի կողմէ։

Երբ այս տնտեսական կապակցութիւնը կայ Հայաստանի եւ գլխաւորապէս Դաշտային Ղարաբաղի միջեւ, իսկ միւս կողմէ ալ երկու շրջաններու դրութիւնները տարբեր են աշխարհագրական կուլտուրական եւ ազգագրական տեսակէտներէ, ապա ուրեմն խնդիրը լուծելու քանի մը դրութիւններ կարելի է առաջադրել։

Քանի որ Կուրի աջ ափի հարթավայրը յենուած է փոքր Կովկասի վրայ եւ անոր հովանիին ներքեւ է, որ պիտի գտնէ իր ապահովութիւնը, իր դաշտերու ոռոգումը եւ արօտատեղիներէն օգտուելու միջոցը․

Քանի որ լեռնային մասերը անխուսափելիօրէն տնտեսական կապակցութիւններ ունին դաշտային մասերու հետ․

Եւ քանի որ այդ երկու երկրներու բնակիչները եղած են եւ են տարբեր ազգային ծագում ունեցող ժողովուրդներ, լեռներու հայը՝ անսովոր ապրելու տաք դաշտերուն մէջ, իսկ դաշտերուն աղուանները, այսօր թաթարները՝ անսովոր ապրելու քարոտ լեռներու մէջ․

Ուստի այդ երկու գօտիները՝ ազգագրական, աշխարհագրական, կլիմայական եւ մշակութային հիմունքներով, պիտի ըլլան տարբեր երկիրներ, տարբեր պետութիւններ․ իսկ ռազմական, տնտեսական հիմունքներով այդ անկախ երկիրները պիտի շաղկապուած ըլլան իրարու հետ քաղաքական-տնտեսական հողի վրայ, այն աստիճանի ինչպէս երկու տարբեր միութիւններ մէկ ամբողջութեան մէջ։

Առաջին տեսակէտը կրնայ ըլլալ՝

Քանի որ դաշտային մասերու համար անհրաժեշտ են լեռնային մասերը, պէտք է առանց ի նկատի առնելու լեռնային մասի տարբեր բնոյթը, միացնել դաշտային մասին եւ անոր միջոցով Ադրբեջանին։

Երկրորդ տեսակէտը կրնայ ըլլալ՝

Քանի որ լեռնային մասը Ադրբեջանի դաշտային մասերուն համար, եւ քանի որ Հայաստանի գաւառներուն միացումով պիտի իրագործուի պանթուրանիզմը, ուստի ոչ միայն լեռնային մասերը, այլև ամբողջ Հայաստանը (բացի Ալեքսանդրապոլի գաւառէն)  միացնել Ադրբեջանին՝ Արազդաեան, Նախկռայ, Ղարսի Շարա կամ որեւէ այլ անուան տակ։

Երրորդ տեսակէտ մը՝

Քանի որ ոչ միայն լեռնային Գանձակ եւ Ղարաբաղ, այլ ամբողջ Հայաստանը անհրաժեշտ է տնտեսական տեսակէտէ Ադրբեջանի դաշտային մասերուն համար, եւ քանի որ Հայաստանի գաւառներուն միացումով պիտի իրագործուի պանթուրանիզմը, ուստի ոչ միայն լեռնային մասերը, այլ ամբողջ Հայաստանը (բացի Ալեքսանդրապոլի գաւառէն) միացնել Ադրբեջանին՝ Արազդաեան, Նախկռայ, Ղարսի Շարա կամ որեւէ այլ անուան տակ:

Եթէ կ’ուզուի հայ-թաթարական, Հայաստան-Ադրբեջանականի կամ լուռ պայքարը հասկնալ, պէտք է վերոյիշեալ երեք մտայնութեանց եւս գիտակցիլ՝ տարբեր օրիենտացիայի խնդիրէն զատ։

Ժողովուրդներու յարաբերութիւնները կարելի չէ բարելաւել կոյր ձեւանալով եւ  կամ բարեացակամութեան եւ եղբայրութեան կեղծ խօսքեր ընելով։ Անգամ մը եւս պէտք է մխրճուի մեր մտքին մէջ այն հասկացողութիւնը, թէ այդ հնարաւոր է միմիայն փոխադարձ շահերու գիտակցութեամբ եւ համադրութեամբ։

Այսօր, ի ցաւ հայ ժողովրդի, պէտք է գիտնալ, թէ մեր հիւսիս հարեւան Ադրբեջանը, ըլլայ մուսավաթ, ըլլայ կոմունիստ, բնաւ միտք չունի իր շահերը հայոց շահերու համադրութեամբ ղեկավարելու․ ան ընդգրկած է առաջին եւ երկրորդ տեսակէտները հայկական գաւառներու եւ Հայաստանի վերաբերմամբ։

Այսինքն՝ քանի որ հայ ժողովուրդը քաղաքական աննպաստ պայմաններու մէջ է դրուած, քանի Կուրի ձախ ափը գտնուող Ղազախի, Գանձակի, Ղարաբաղի եւ Ջիբրայէլի դաշտային մասերուն համար տնտեսական եւ ռազմական մեծ նշանակութիւն ունին լեռնային Գանձակ, Ղարաբաղ եւ Զանգեզուր, ուստի առնուազն այժմ պէտք է յիշեալ հայկական եւ հայաբնակ գաւառները միացնել Ադրբեջանին։ Եւ որովհետեւ Արաքսի ու Կուրի մէջ ինկած ամբողջ փոքր կովկասեան Հայաստանը կը ներկայացնէ տնտեսական մէկ միութիւն, եւ որովհետեւ նոյնիսկ ներկայ Հայաստանի հողերը պէտք են դաշտաբնակներու համար իբր արօտատեղի, ուստի պէտք է ամբողջ Հայաստանը վերացնել եւ զայն կցել Ադրբեջանին՝ ստեղծելու համար միապաղաղ երկիր մը Կասպից ծովէն մինչեւ Ղարս, ուր այժմ նստած են իրենց եղբայրակից համարուող թուրքերը։

Ահա այս վարքագիծը ունի մեր հիւսիս արեւելեան հարեւան նորաստեղծ Ադրբեջանը։

Այս վարքագիծը թէօրիական վիճաբանութիւն չէ միայն, ոչ ալ վարկած։ Անոնց այս ընթացքն է պատճառ եղած հայ-թաթարական ընդհարումներուն․ այդ է եղած պատճառը Գանձակի, Զանգեզուրի, Ղարաբաղի ապստամբութեանց եւ Հայաստանի ու Ադրբեջանի պատերազմներուն։

Հակառակ ժողովրդեան կամքին՝ այսօր Զանգեզուրի մէկ մասը Քիւրդ Կռայ անուան տակ, Ղարաբաղը եւ Գանձակը միացուցած են Ադրբեջանին։ Այս գաւառները բռնի խլած են Հայաստանէն եւ զանոնք վերածած դիակի մը՝ ինկած Ադրբեջանի եւ Թուրքիոյ ոտքերուն տակ։

Այսօրուան այս ողորմելի իրողութիւնը նախատեսելով էր, որ Դաշնակցութիւնը չվարանեցաւ զէնքի դիմելու եւ պատերազմելու։ Ան իր կռիւներով կրցաւ միայն շատէն քիչը փրկել՝ իր ձեռքին պահելով Դիլիջանն ու Զանգեզուրը։ Ան լսեց խրատներուն բժ. Համբարձումեանի, որ այսօր բազմած է Դաշնակցութեան արիւնով կերտած Հայաստանի նախագահութեան աթոռին վրայ․ ան լսեց խրատներուն Տէր Գաբրիէլեանի, թէ Ադրբեջանի վարքագիծը պիտի փոխուի Հայաստանի վերաբերմամբ, թէ բոլշեւիկ կարգերը հեռու են ազգաջինջ էմփէրիալիստ վարքագծէ, թէ Գանձակ, Ղարաբաղ Հայաստանի մասը պիտի դառնան առանց արիւնի։ Ո՞վ պիտի ուզէր անպայման խնդիրը լուծել արիւնահեղութեամբ․ լսեցին մեր զօրքերը այդ խրատներուն, եւ Շուշիի, Ասկերանի տակէն Դրօի բանակը դարձաւ Հայաստան։

Կը վախնայինք անտեղի կռուարար ըլլալէ․ բայց խաբուեցանք։ Բոլշեւիկ Ադրբեջանը մնաց հիմնովին նոյնը, ինչ որ էր Ռասուլ Զատէի, Խան Խոյսկիի Ադրբեջանը։ Չքացան ասոնք, հեռացան Խալիլ, Նուրի, Քեազիմ փաշաները, բայց անոնց ոգին եւ ուղղութիւնը մնաց Աղամալ Օզիլներու, Հիւսէյնովներու մէջ։ Վերջինները աւելի նենգամիտ եղան քան առաջինները, ստախօսութիւնն անգամ իբր զէնք գործածեցին։ Երբ 1920-ի ամրան Հիւսէյնովը կը հեռագրէր, թէ եղբայրական Ադրբեջանը կը նուրիէ Հայաստանին Ղարաբաղը, պահ մը հաւատացինք, թէեւ մեր մալը մեզ կը նուիրէր։

Թէ՛ սուտ եւ թէ՛ ճիշդ բոլոր խօսքերը մէկդի դնելով եւ առաջնորդուելով ներկայ փաստական դրութենով՝ պիտի եզրակացնել, որ Ադրբեջանը բնաւ նկատի չունի հայուն եւ Հայաստանի կենսական շահերը, որ կ’ուզէ Հայաստանը ծառայեցնել իբր դիակ Ադրբեջանի սնուցման, պաշտպանութեան եւ պանթուրքիզմի ծրագիրներուն համար։

Եթէ այսպէս է, որքան ալ ըլլայ Ադրբեջանի օգտին, ի վնաս Հայաստանի է, եւ հայ ժողովուրդը եթէ իրօք դիակ չէ, չի կրնար հանդուրժել։ Հայ ժողովուրդը դեռ մեռած չէ․ եւ այսօրուան բոլոր եղբայրական խօսքերը, խաղաղութեամբ վէճը լուծելու կանչերը դատարկ են, որքան չէ փոխուած իրական գոյավիճակը:

Այս բոլորէն պարզ կ’երեւայ, որ գոյութիւն ունեցող դրութենէն Հայաստան մեծապէս կը վնասուի, ինչպէս ցոյց տուած ենք «Դրոշակ»-ի մէջ հրատարակուած մեր յօդուածներով։ Բայց հարց կը ծագի․ արդեօ՞ք Ադրբեջանը իրապէս կօգտուի եղած դրութենէն։ Եթէ Ադրբեջանի աշխարհագրական սնափառութիւնը բաւարարուած է իր իշխանութեան տակ առած ըլլալով հայկական գաւառները, իր առջեւ չոքած տեսնելով Հայաստան երկիրը, ապա ըստ էութեան Ադրբեջանի ժողովուրդը նիւթական եւ ֆիզիքական ապահովութեան մէ՞ջ է արդեօք։

Այս հարցերուն պատասխանները բացասական են։ Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի լուռ կամ յայտնի թշնամութիւնը շատ թանկ է նստած եւ կը շարունակէ թանկ նստիլ Ադրբեջանի զանգուածին համար։ Այս կը հաստատեն վերջին զեկուցումը Անդրկովկասեան համագումարին մէջ։ Ան կը խօսի թիւերով եւ հետեւեալ պատկերը կուտայ Գանձակի 4 հայ եւ 5 թուրք գաւառներու մասին։

Այնտեղ կան 11.630 տնտեսութիւն կամ 56.325 շունչ թուրք թաթար, 7.328 տնտեսութիւն կամ 36.948 շունչ հայ, 6.585 տնտեսութիւն կամ 33.077 շունչ ռուս, գերման եւ այլք․ ընդհանուր գաւառներու մէջ 126.350։

1927-ի ընդհանուր վիճակագրութիւնը ցոյց կուտայ քիչ մը աւելի նոյն տարածութեան վրայ, այսինքն՝ 142.000 ազգաբնակութիւն, իսկ Գանձակ քաղաքի մէջ 55.519 բնակիչ։

Եթէ ներկայի պատկերը այս է, այժմ տեսնենք, թէ ինչ էր պատկերը 1912-ին (տե՛ս Կովկասեան Տարեգիրք, 1913թ․)։

Գանձակ գաւառին մէջ ազգաբնակութեան թիւը՝ 213.302, քաղաքին մէջ 55.578։ Ասոնցմէ հայ 49.514, թաթար (սիւննի եւ շիա քրդեր) 140.379, իսկ բոլոր մնացած ժողովուրդները՝ լեռնական, ռուս, գերման, հրեայ, քիւրդ, վրացի եւն․, ընդամէնը 23.409։

Եթէ նկատի չառնենք այն հանգամանքը, որ ժողովուրդը պէտք է աճէր, 1912-էն վերջ, ան պակսած է մեծ չափերով։ Եւ պակսողները եղած են գլխաւորապէս թաթարները, կոտորակուելով երկու երրորդով, պակսած են հայերն ալ, բայց աւելի համեստ չափերով, իսկ աւելցած են ռուսները անհամեմատ չափով։

Նոյն աղէտալի պատկերը կը ներկայացնեն թաթարական դաշտային Ղարաբաղը եւ հայկական լեռնային Ղարաբաղը։ Երկուքն ալ պակսած են, բայց թաթարը աւելի պակսած, քան հայը եւ միայն ռուսը աւելցած։

Թիւերէն աւելի ցայտուն փաստեր կրնա՞ն գոյութիւն ունենալ։ Եթէ Ադրբեջան ձգտեր է հաստատելու թուրք-թաթարական գերակշռութիւն այդ շրջանի մէջ, ահա վերջին 10 տարուան մուսավաթ ու կոմունիստ փորձերը հակառակ արդիւնք տուած են։ Հայկական գաւառները գրաւելով Ադրբեջան փաստօրէն ինքնասպանութիւն է գործած, թէեւ վնասած է նաեւ հայերուն։ Ադրբեջանի բռնած վարքագիծը համապատասխան չէ ո՛չ իր շահերուն, ո՛չ հայերու շահերուն, այլ միմիայն սպիտակ կամ կարմիր Ռուսաստանի շահերուն, քանի որ ռուսներն են աւելցողները եւ շուտով փոքրամասնութեան մէջ պիտի դնեն թաթարները։

Եթէ Ադրբեջանի մուսավաթ կամ կոմունիստ ղեկավարները ի նկատի առած ըլլային իրենց ժողովրդեան շահերը, այն ատեն չպիտի տարուէին ռուսին մաքեավէլական ներշնչումներէն եւ իրենց իշխանութեան տակ չպիտի ընդունէին լեռնային Գանձակը, Ղարաբաղը եւ այլ հայկական գաւառները, որոնք իբր թոյն կը քայքայեն եւ պիտի քայքայեն Ադրբեջանի օրկանիզմը։

Արդեօ՞ք այս ճշմարտութիւնը կ’ըմբռնեն Ադրբեջանի ղեկավարները․ մեր գործը չէ թէ կըմբռնե՞ն թէ ոչ․ մեր գործն է բնականոն վիճակի մէջ դնել մեր երկիրը՝ անոր միացնելով իր իսկ օրինական մասերը, եւ այսպէսով ազատելով թէ՛ հայ եւ թէ՛ թաթար ժողովուրդները ստոյգ քայքայումէ։

Շարունակելի

1