Հայաստան եւ Ադրբեջան. մաս 3
Ազգային-ազատագրական պայքարի գործիչ, 1-ին Հանրապետության Ռազմական և Ներքին գործերի նախարար, ՀՅԴ Բյուրոյի երկարամյա անդամ Ռուբեն Տեր-Մինասյանի հոդվածը «Հայաստան եւ Ադրբեջան» վերնագրով, որը հրապարակվել է «Հայրենիք» ամսագրում 1927թվականին և այժմեական է նաև մեր օրերում.
Նախորդիվ ըսուածներէն պէտք է եզրակացնել, որ մեր հիւսիսի կողմը ստեղծած է ժողովրդական զանգուած մը, որ իր քաղաքական օրիենտացիայով բոլորովին տարբեր է Աղուանից եւ Ուտեաց ուղղութենէն, եւ այս նոր օրիենտացիան հիմնապէս դէմ է հայերու շահերուն եւ նոյնիսկ գոյութեան։
Այս նոր ուղղութիւնը կը ձգտի հայոց եւ Հայաստանի դիակին վրայով միանալ թուրքին, կամ առնուազն ստրկացնել եւ ճնշել հայ ժողովուրդը։
Ահա այս ուղղութիւնն է մեր հիւսիսի հարեւանի, որ մահու եւ կենաց յարատեւ պայքարի պատճառ դարձած է։
Տարբեր օրիենտացիան միակ պատճառը չէ այս կենսական պայքարին․ կան նաեւ տնտեսական, հողային եւ ազգային հարցեր։ Ասոնք պարզելու համար պէտք է տեսնենք, թէ ի՞նչ կը ներկայացնէ Ադրբեջանը՝ իր ազգագրական նկարագրով եւ իր տնտեսական կառուցուածքով։
Ադրբեջանն իբր երկիր տնտեսական մէկ միաւոր չէ, այլ երկու տարբեր տնտեսական միաւորներէ է բաղկացած։ Պատահականութիւն պէտք է համարել, որ այսօրուան Ադրբեջանի մէջ առաջները երկու ժողովուրդներ, երկու պետութիւններ եղած են․ այս երեւոյթը ունեցեր է իր տնտեսական պատճառները։
Արդէն նշվեր է, որ Ադրբեջանը կը գտնուի մեծ եւ փոքր Կովկասներու միջեւ եւ կը բաժնւի Կուր գետով երկու մասին․ Կուրի աջ եւ ձախ ափերու շրջաններ Ադրբեջանը բաժանած է հետեւեալ գաւառներու․ ձախ ափը՝ 1) Աղտաշ, 2) Բագու, 3) Գէօկչայ, 4) Զաքաթալա, 5) Նուխի, 6) Շամախի գաւառները, բացի ասոնցմէ 7) Ղուբայ գաւառը, որ գտնուելով մեծ Կովկասի հիւսիսը, աշխարհագրականօրէն մաս կը կազմէ Տաղստանի։ 8) Սալեան, եւ 9) Լէնքօրան գաւառները, որոնք, գտնուելով Արաքսէն հարաւ եւ Կասպից ծովու ափին, տնտեսականօրէն ու ազգագրականօրէն Պարսկաստանի շարունակութիւնն են։
Այս 9 գաւառներու հետ Հայաստան տնտեսապէս քիչ առնչութիւն ունի, որովհետեւ այդ 9 գաւառներէն 7-ը իրենց ջուրերով եւ ոռոգումներով կապուած են միայն մեծ Կովկասի հետ, իսկ Սալեան եւ Լէնքօրան՝ Կասպից ծովու եւ Թալինի լեռներու հետ։
Այս շրջաններու արգաւանդ դաշտերը կապուած են մեծ Կովկասի ժայռոտ լեռներու հետ, եւ այդ աղքատ լեռներու բնակիչներն են շահագրգռուած իրենց ոտքի տակ եղած դաշտերով, եւ այդ դաշտաբնակներն ալ շահագրգռուած են մեծ Կովկասի արօտատեղիներով։
Ադրբեջանի ընդհանուր տարածութիւնն է 74.900 քառ․ քիլօմէթր, վերստի հաշուով 69.500 քառ․ վերստ, ասկէ 44.000 քառ․ վերստը կը կազմեն վերոյիշեալ 9 գաւառները։ Այս ընդարձակ հարթավայրը, որ ամփոփուած է Կուրի, Կասպից ծովու եւ մեծ Կովկասի միջեւ, կլիմայական միատեսակ պայմաններ ունի, միատեսակ ճոխ բնութիւն՝ շնորհիւ մեծ Կովկասէն բղխող ջուրերուն։ Հոդ կը գտնուին նաւթի հանքային շերտերը, բամբակի, բրինձի դաշտերը, եւ կովկասեան լեռներու զովաստաններն ու ռազմական բանալիները։
Ըստ էութեան՝ այս շրջանը շաղկապուած է իր տնտեսութեամբ, երկրագործութեամբ, ջրով եւ մանաւանդ պաշտպանութեան յենարաններով մեծ Կովկասին, ասոր հիւսիս գտնւող Դաղստանին եւ Կասպից ծովուն հետ։ Իսկ Հայաստանի հետ շաղկապուած է այն չափով, ինչքան իրարու հարեւան ամէն մէկ երկիր քաղաքականապէս։
Այս աշխարհագրական հանգամանքը մեծապէս ազդած է ժողովրդի էթնօգրաֆիկ կազմութեան եւ անոր դասաւորման վրայ։ Այս շրջաններու մէջ կը գտնուին Ադրբեջանի հանքերն ու հարուստ հողերը, եւ այս պատճառով ալ հոդ է կենդրոնացած ժողովրդեան երեք չորրորդը։ Ըստ 1917-ի մարդահամարին՝ Ադրբեջանի 2.208.590 ազաբնակութենէն 1.663.139 կը գտնուին այդ 44.000 քառ․ վերստի 9 գաւառներու մէջ։
Ուրեմն՝ Ադրբեջանի էութիւնը կը գտնուի թէ՛ ազգաբանկութեան, թէ՛ արդիւնաբերութեան եւ թէ՛ հարստութեան տեսակէտէ, Կուրի ձախ ափին։ Միւս կողմէ՝ այս 9 գաւառներու մէջ գտնւելով նաւթային շերտերը, բամբակի դաշտերը եւ մեծ Կովկասի բանալիները, Ռուսաստանի ուշադրութիւնը ատոնց վրայ է կեդրոնացած։ Անդրկովկասի մէջ չկայ աւելի թանկարժէք անկիւն Ռուսաստանի համար քան այս անկիւնը։ Եւ Ռուսաստան իր գաղթականութեամբ ամենէն ուժեղն է Ադրբեջանի այս մասերուն մէջ։ Իսկ Դաղստանի հողազուրկ լեռնականները, իրենց լեռներու ջուրերուն ընթացքով, յամրաքայլ կ’իջնեն դէպի Կուր՝ հող եւ հարստութիւն ձեռք բերելու համար։ Ասոր իբր հետեւանք՝ Կովկասի ստորոտները Զաքաթալայէն մինչեւ Բաքու ազգաբնակութեան կերպարանքը ոչ թէ թաթարական է, այլ աւելի շատ Դարղէնցի, Կիւրինցի, Ինէլօյցի, Ուտիցի, Աւառներ, Ջէկէր, Կռէզներ, Գաբիդուլներ, Թաթ լեռնականներ։
Այս բազմաթիւ ցեղերն ու ազգերը ոչ մէկ առնչութիւն, ցեղակցութիւն կամ լեզուակցութիւն ունին թուրքերու հետ․ բայց բաժան-բաժան եւ իսլամ ըլլալով՝ թաթարական մեծամասնութիւնը ատոնց կը թելադրէ իր կամքը եւ այդ երկրամասին տուած է թաթար-թուրք բնոյթ, թէեւ ինքը լոկ համեմատական մեծամասնութիւն է։
Այս պատկերէն կը տեսնուի, թէ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի այս մասին հետ տնտեսական բաղխման հիմնական պատճառներ չկան։ Հայութիւնը, ըլլալով փոքր Կովկասի ժողովուրդ եւ ոչ թէ մեծ Կովկասի, այդ շրջանը կրնայ տնտեսական եւ ազգագրական տեսակէտէ կռուախնձոր ըլլալ միմիայն մեծ կովկասցիներու եւ ներկայ բնակիչներու միջեւ։ Այս շրջաններուն մէջ չէ, որ հայութիւնը հող կ’որոնէ, ձմեռանոց կ’ուզէ, ոչ ալ այս շրջանի բնաիչներն են, որ իրենց տնտեսութեան համար պայման կը դնեն Հայաստանի ամառանոցներն ու արօտատեղիները։
Ադրբեջանի այս շրջանին համար աղքատ Հայաստանը տնտեսական արժէք չէ եւ ոչ ալ հրապուրիչ, ան նոյնիսկ չի ձգտիր իրեն բաղկացուցիչ Կուրի աջ ափին։ Այս 9 գաւառները, ունենալով ինքնամփոփ եւ ինքնաբաւ տնտեսական վիճակ, բնաւ առիթը չունին բաղխուելու Հայաստանի հետ տնտեսական կամ հողային հարցերու գետնի վրայ, եւ փոխադարձաբար։
Այս շրջանի մէջ հաստատուած Առելի, Շամախի եւ Բագուի հայութիւնը, որ պատերազմէն առաջ 128.000 կը հաշուուէր, պիտի համարել իր երկրէն խլուած գաղութ մը միայն։ Այս հայութիւնը, որ այսօր ալ շոշափելի քանակ կը կազմէ, պատճառ չպիտի դառնար մեր եւ Ադրբեջանի բարի դրացիական յարաբերութեանց խանգարման, եթէ չըլլային տնտեսական, հողային եւ ազգային այլ հակադիր պայմանները, որոնք գոյութիւն ունին Ադրբեջանի երկրորդ մասին՝ Կուրի աջ ափին գաւառներուն եւ Հայաստանի միջեւ։
Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ եղած պայքարներու հիմնական պատճառները պէտք է փնտռել Կուրի աջ ափին տնտեսական ու հողային շաղկապման մէջ Հայաստանի հետ եւ անոր ազգագրական կազմուածքի ու դասաւորման մէջ։
Այսօր Ադրբեջանի մէջ են մտցուցած Կուրի աջ ափը մինչեւ Արաքսի եզերքը՝ մօտ 25.000 քառ․ վերստ տարածութիւն։ Այս տարածութեան կէսը նախկին Սիւնիքի, Արցախի, Գարդմանի հայկական գաւառներն են, իսկ կէսն ալ նախկին Աղուանից աշխարհն է։ Հին Աղուանից մասին մէջ, որ կը բռնէ ուղիղ Կուրի աջ ափի հարթավայրը, ինկած փոքր Կովկասի եւ Կուրի միջեւ, այսօր աղուանից փոխարեն կը գտնուին մեծամասնութեամբ ադրբեջանցի թաթարներ, կամ հին աղուանները՝ ձուլուած թաթարութեան մէջ։
Այս զանգուածը կը բռնէ մեծամասնութեամբ ներկայ Ղազախի, Աղդամի, Ջիբրայիլի գաւառները եւ Գանձակի գաւառի դաշտային 5 գաւառները։ Այս գաւառները կը կազմեն նեղ ու երկար շերտ մը՝ դասաւորուած Կուրի ափերուն, որ իր արեւելեան ծայրով կը լայնանայ եւ կը բռնէ Արաքսի ու Կուրի միջին տարածութիւնը։
Այս հարթավայրի տարածութիւնը 12.500 քառ․ վերստէն աւելի չէ եւ ունի մօտ 328.000 ազգաբնակութիւն։ Այս ընդարձակ դաշտերէն կը բարձրանան փոքր Կովկասի կամ Ղարաբաղի լեռները։ Այս լեռները, որ Հայաստանի ողնաշարը կը կազմեն եւ կ’իշխեն յիշեալ հարթավայրի վրայ, կտրած են հայկական բարձրաւանդակէն եւ միացուցած Ադրբեջանին։ Լեռնային այս շրջանը բաժնած են 3 մասի՝ Գանձակի լեռնային մասը 4 գաւառակներով, ինքնավար Ղարաբաղ եւ ինքնավար Քիւրտստան։
Այս երեք շրջանները իրենց բնութեամբ բոլորովին տարբեր են մեր յիշած դաշտային չորս շրջաններէն։ Մինչ լեռնային շրջանը անտառապատ է, դաշտայինը անտառազուրկ է․ մինչ լեռնայինը զովասուն է, քարքարուտ ապառաժներէ կազմուած՝ պէտքական միայն խաշնարածութեան եւ աղքատ գիւղատնտեսութեան, դաշտայինը ունի տաք կլիմայ, բերիի դաշտեր՝ սեւահող շերտերով, արգաւանդ երկիր՝ ընդունակ հարուստ տնտեսութեան։ Լեռնային շրջանը հարուստ է բազմապիսի հանքերով, իսկ դաշտայինը հանքազուրկ է։ Վերջապէս ամէն ինչով այս երկու գօտիները տարբեր են իրարմէ։
Ինչպէս հին ժամանակները, այսօր ալ տարբեր են այս երկու շրջաններու ժողովուրդները՝ իրենց արհեստով, բնաւորութեամբ եւ ազգային ու լեզուական ծագումներով։ Լեռնային մասերը, ինչպէս հին ժամանակները, հայկական են, պարունակելով իբր փոքրամասնութիւն քիւրդեր, իսկ դաշտային մասերը թաթարական են, պարունակելով իբր փոքրամասնութիւն հայեր եւ այլ նորեկ ցեղեր։
Այս հակադրութիւնը գոյութիւն ունենալով հանդերձ կարելի չէ ըսել, թէ լեռնային 3 շրջանները չեն շաղկապուած դաշտային 4 շրջաններու հետ․ ընդհակառակը՝ այս տարբերութիւնները կարծես եկած են լրացնելու իրարու պակասը, ամբողջութիւն մը կազմելու համար։
Լեռնային շրջանները կ’իշխեն բացարձակօրէն դաշտային շրջաններու վրայ մինչեւ Կուրի եւ Արաքսի ափերը, բայց լեռնական հայեր, ինչպէս հին ատեն նոյնպէս այժմ, անկարող են իրենց ցեղով բնակելի դարձնել տաք կլիմայի տակ ինկած այդ հարթավայրը։ Դաշտային մասը հարուստ է հողով եւ արգասաբեր, բայց ան իր բոլոր ջուրերը պիտի ստանայ աղքատ, բայց ջրառատ լեռներէն։ Թէեւ լեռները հարուստ են հանքով ու անտառով, բայց չունին հաց ու բամպակ, բրինձ ու միրգ, զորս պիտի ստանան դաշտային մասէն։ Թէեւ դաշտը հարուստ է ձմեռային արօտատեղիներով, բայց զուրկ է ամառային արօտատեղիներէ եւ, փոխադարձաբար, լեռն ալ զուրկ է ձմեռանոցներէ։ Լեռը ցանքսի հող չունի, բայց կենդանաբուծութեան յարմար է․ իսկ դաշտը հող ունի, բայց կենդանաբուծութեան յարմար չէ։
Այս պայմանները տնտեսական տեսակէտէ երկու տարբեր գօտիները իրարմէ կախեալ վիճակի մէջ դրած են, այնպէս որ մէկը առանց միւսին կը դառնայ կիսատ եւ անպաշտպան։
Այս դրութիւնը պարզելով՝ կարելի է եզրակացնել, որ Հայաստան եւ անոր ողնաշար լեռնային գաւառները՝ Ղարաբաղ եւն․, տնտեսական սերտ առնչութիւն ունին Կուրի աջ ափի հարթավայրին հետ, եւ փոխադարձաբար իրարմէ կախեալ վիճակի մէջ են, որ Կուրի աջ ափի դաշտային մասը իսպառ տարբեր բնոյթ ունի, թէ՛ կլիմայով եւ թէ՛ տնտեսութեամբ, Լեռնահայաստանէն, եւ որ այդ երկու գօտիները, ինչպէս առաջները՝ այժմ ալ տարբեր ազգագրական կազմ ունին, առաջները դաշտերու մէջ աղուաններ, լեռները հայեր, իսկ այսօր դաշտերը թաթար, լեռները հայեր։
Շարունակելի