Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կազմակերպութեամբ բողոքի եւ դատապարտանքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ
Գլխավոր » Երիտասարդական » Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կազմակերպութեամբ բողոքի եւ դատապարտանքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կազմակերպութեամբ բողոքի եւ դատապարտանքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ

Կազմակերպութեամբ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) ՝ Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանագիծի հայկական դիրքերուն եւ բնակավայրերուն վրայ 12 Յուլիսին սկսած ու տակաւին շարունակուող Ատրպէյճանի բանակի յարձակումներուն դէմ բողոքի եւ դատապարտանքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ այսօր, Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ:

Ցոյցին մասնակցող առաւել քան երեք հազար հայորդիներ անգամ մը եւս իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին ատրպէյճանական այս նորագոյն սադրանքին դէմ, տեղւոյն մամուլին եւ հանրութեան ուշադրութեան յանձնելով Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն դէմ Ատրպէյճանի եւ անոր զինակից Թուրքիոյ նենգ ու ռազմատենչ քաղաքականութեան ծալքերը:

Ինչպէս ակնկալելի էր, ցոյցին վայրը ներկայ էին նաեւ խումբ մը ազերի ցուցարարներ, որոնց հակահայ բացագանչութիւնները մեծապէս սրեցին մթնոլորտը՝ դուռ բանալով մասնակի ընդհարումներու, հակառակ ոստիկաններու զսպիչ ներկայութեան:

Ցոյցին մանրամասն թղթակցութիւնը կը ներկայացնենք յաջորդիւ:

asbarez.com

1