Հայ Դատի յանձնախումբը կը դատապարտէ Թուրքիոյ մօտ Գանատայի դեսպանատան Արցախի հանդէպ հակադիր վարքագիծը
Գլխավոր » Լրահոս » Հայ Դատի յանձնախումբը կը դատապարտէ Թուրքիոյ մօտ Գանատայի դեսպանատան Արցախի հանդէպ հակադիր վարքագիծը

Հայ Դատի յանձնախումբը կը դատապարտէ Թուրքիոյ մօտ Գանատայի դեսպանատան Արցախի հանդէպ հակադիր վարքագիծը

Ի հետեւումն Անգարայի մօտ Գանատայի դեսպանատան թուիթըրեան գրառման, որ կը մերժէ 2020-ի Մարտի 31-ի Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն ազատ եւ անկախ ընթացակարգի արդիւնքները, Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2020-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ ուղղուած Գանատայի արտգորնախարարութեան գերատեսչութեան, որուն մէջ կը դատապարտէ դեսպանատան անհիմն յայտարարութիւնները եւ յաւելեալ պարզաբանումներ կը պահանջէ խնդիրին վերաբերեալ, պահանջելով՝ իսկոյն ջնջել յայտարարութիւնը:

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդագրութեան մէջ յստակ կը նշէ, որ խորապէս հիասթափուած ու վրդոված է Անգարայի մօտ Գանատայի Դեսպանատան յայտարարութենէն՝ Արցախի արդար եւ ժողովրդավարական հիմունքներով ընթացած ընտրութիւններուն վերաբերեալ, աւելցնելով, որ Հելսինքեան պայմանագրով ամրագրուած ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը պէտք է անվերապահօրէն պահպանուի որեւիցէ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ, որուն ցայտուն վկայութիւնն է Արցախի մէջ կայացած ընտրութիւնները, միաժամանակ նշելով, որ ազատ կամքի դրսեւորման այս քայլը անտեսելը խոչընդոտ է խաղաղութեան կառուցողական գործընթացին:

Յայտարարութեան մէջ Հայ Դատի յանձնախումբը կը շեշտէ նաեւ, որ Արցախի ժողովուրդի ազատ կամքի դրսեւորումը կարելի չէ անգիտանալ ի շահ Ատրպէյճանի նման բռնապետութեան մը, որ կը ղեկավարուի ընտանիքի մը կողմէ:

Յանձնախումբը կը յիշեցնէ, որ կը շարունակէ համագործակցիլ Գանատայի Արտաքին գործերու նախարարութեան գերատեսչութեան եւ պատկան մարմիններու հետ, բարձրաձայնելու համար գանատահայութեան մտահոգութիւնները այս գծով:

horizonweekly.ca

1