Հայ դատը մտահոգութիւն կը յայտնէ մատրիտեան վտանգաւոր սկզբուներուն նկարմամբ
ՀԱՄԱՑԱՆՑԱՅԻՆ ԱՐՇԱՒ՝ ԱՅԴ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
Ատրպէյճանի կողմէ հայկական դիրքերու վրայ նորագոյն յարձակումներուն լոյսին տակ,Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան անգամ մը եւս հայութեան սկզբունքային ընդդիմութիւնը յայտնեց Մատրիտեան սկզբունքներուն նկատմամբ՝ շեշտելով, որ վտանգաւոր այդ սկզբունքները Արցախի կարգավիճակին եւ ապահովութեան նկատմամբ խորապէս սխալ, անշրջահայեաց եւ անհամաչափ առաջարկներ են:
Համբարեան շեշտեց, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը պէտք է ձերբազատի տագնապին փուլային լուծում առաջադրող Մատրիտեան սկզբունքներէն, որ խորապէս թերի է եւ անարդիւնաւէտ՝ աւելցնելով, որ անիկա կը խոչընդոտէ խաղաղութեան գործը եւ կը մեծցնէ պատերազմ վերսկսելու վտանգը:
Մատրիտեան սկզբունքները հիմնովին անհամաչափ պահանջներ կը պարունակեն Արցախէն՝ հողերու եւ ռազմավարական զիջումներու ձեւով, մինչ Ատրպէյճանէն կը պահանջուի կարգավիճակին վերաբերեալ աղօտ, յետաձգելի եւ յետադարձելի խոստումներ։
Հակամարտութեան կարգաւորման փուլային տարբերակին շուրջ վէճը սկսաւ, երբ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը կատարեց այդ մասին յայտարարութիւն մը, որ անմիջապէս հերքուեցաւ Երեւանի կողմէ՝ հաստատելով, որ Հայաստանի համար ընդունելի չեն մինչեւ 2018ին ներկայացուած եւ փուլային տարբերակ ենթադրող առաջարկները։
Հայ Դատին նախաձեռնած եւ Մատրիտեան սկզբունքները մերժող համացանցային արշաւին միանալու համար այցելել www.anca.org/RejectMadrid կայքէջը, իսկ Ատրպէյճանի յարձակումներուն գծով քոնկրեսականներուն մօտ ահազանգ տարածելու համար՝ www.anca.org/alert կայքէջը։
asbarez.com