Հայ Դատը կ՛ողջունէ Լիբանանին առնուազն 48 միլիոն տոլարով աջակցելու Ուաշինկթընի կեցուածքը
Գլխավոր » Հատուկ նախագծեր » Արցախը Լիբանանին » Հայ Դատը կ՛ողջունէ Լիբանանին առնուազն 48 միլիոն տոլարով աջակցելու Ուաշինկթընի կեցուածքը

Հայ Դատը կ՛ողջունէ Լիբանանին առնուազն 48 միլիոն տոլարով աջակցելու Ուաշինկթընի կեցուածքը

Պէյրութը ցնցած ահաւոր պայթումէն անմիջապէս ետք, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը աշխատանքի լծուեցաւ Սպիտակ տունէն եւ Քոնկրեսէն աջակցութիւն ապահովելու համար Լիբանանին։

Առ այդ, Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց այն իրողութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը՝ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Միջազգային զարգացման գործակալութեան միջոցաւ, արդէն իսկ սկսած է 18 միլիոն տոլարի նպաստը բաժնել ու յաւելալ 30 միլիոն տոլարի օժանդակցութիւն վաւերացուցած է։

Այս նպատակով քոնկրեսականներուն դիմելու համար, Հայ Դատին հաստատած կայքէջին հասցէն է՝ anca.org/Lebanon։

asbarez.com

1