Համազգայինի Արցախի խորհուրդն ու գրասենեակը Արցախի ժամանակաւոր կորուստին պատճառով չեն լուծարուած, այլ իբրեւ վտարանդի կառոյց` կը գործեն Երեւանի մէջ
Հարցազրոյց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի Հետ
Արդէն իսկ ընթացք առած են Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան տարեկան առցանց նիստերը, որոնք նպատակ ունին քննել միութեան առկայ վիճակը, խնդիրներն ու նուաճումները եւ ծրագրել յառաջիկայի գործունէութիւնը: Այս առիթով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանին հետ «Ազդակ» ունեցաւ հարցազրոյց մը, ուր համապարփակ կերպով լուսարձակի տակ կ՛առնուի միութեան այժմու մարտահրաւէրներն ու ձեռք բերուած յաջողութիւնները:
«ԱԶԴԱԿ».– Ի՞նչ են արդի պայմաններուն մէջ Համազգայինի առաքելութեան առաջնահերթութիւնները:
ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.– Աւելի քան 95 տարիներէ ի վեր Համազգայինի առաքելութիւնը կը մնայ նոյնը. հայեցի կրթութեան ու մշակոյթի շունչով թրծել սփիւռքի մէջ նորահաս սերունդները, ամրապնդել կապը ազգային ինքնութեան ու հայկական արժէքներու հետ` արծարծ պահելով Հայ դատը, եւ սփիւռքի մէջ հայութեան համար ստեղծել գեղեցիկ, առոյգ ու գողտրիկ հայկական միջավայր, ուր հայօրէն ապրիլը երանութիւն է հայ ըլլալու արժէքը իմացողներուն եւ կեանքը հայօրէն ապրիլ որոշողներուն համար:
Բնականաբար ժամանակի թաւալումին հետ այս բոլորը կը նորոգուին, եւ իւրաքանչիւր սերունդ ի՛ր ապրելաոճն ու նախասիրութիւնները կ՛որդեգրէ, սակայն համազգայնականներու իրերայաջորդ սերունդներուն համար ամէն բանէ առաջ առաջնային եղած են անցեալին, ի գին մեծ զոհողութիւններու ո՛չ միայն ձեռք բերուած արժէքները պահելն ու պահպանելը, այլ նաեւ` նորարար շունչով զանոնք զարգացնելը: Պատահական չէ, որ տարիներու ընթացքին աշխարհագրական 19 շրջաններու մէջ ամէնուրեք Համազգայինը ունի իր ճեմարանները, գեղարուեստի դպրոցներն ու գեղարուեստի խումբերը` երգչախումբ, պարախումբ, թատերախումբ, գրական խմբակներ եւ այլն, որոնք իր գործունէութեան հիմքը կը կազմեն: Այս բոլորին վրայ կու գան աւելնալու` Համազգայինի հրատարակչատունն ու գրատարածի առաքելութիւնը, «Բագին» գրականութեան ու արուեստի եռամսեայ հանդէսը, մեր երիտասարդական ու մանկապատանեկան ծրագիրները: Այս բոլորը պահել-պահպանելուն կողքին, մեր առաջնահերթութիւններուն մէջ կարեւորագոյններէն է սփիւռքի տարածքին հայոց լեզուի, մանաւանդ արեւմտահայերէնի գործածութեան խթանումը:
«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը գործէ Համազգայինի կազմակերպական կառոյցը:
Զ. Ք.- Համազգայինը ապակեդրոն կազմակերպութիւն է: Անոր 19 շրջաններէն իւրաքանչիւրը, ուր կան շրջանային թէ մեկուսի վարչութիւններ, որոնք իրենց հերթին ունին տարածքային թէ մասնագիտական մասնաճիւղեր, կը գործեն` ըստ իրենց շրջաններու կարիքներուն ու հնարաւորութիւններուն: Այս մէկը ինքնին հարստացնող է: Պատահական չէ, որ հայ մամուլին կամ ընկերային ցանցերու մէջ Համազգայինի գործունէութեան մասին ամէն օր նոր տեղեկութիւն մը կը յայտնուի: Այս բոլորին հետ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան վերահսկողութեան տակ կը գործեն` Լիբանանի ու Ֆրանսայի ճեմարանները, «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» պատկերասրահը, «Բագին» գրականութեան ու արուեստի պարբերաթերթը, «Հ-Բեմ»-ը, Համազգայինի քարոզչական գրասենեակը, Կեդրոնական վարչութեան նստավայրի` Լիբանանի գրասենեակն ու Հայաստանի, Արցախի (այժմ` Երեւանի մէջ) եւ Գիւմրիի գրասենեակները, երիտասարդական «Ֆորում»-ը, «Արթլինքս»-ը, «Եութլինքս»-ն ու պատանեկան «Փեթակ» ծրագիրները, սփիւռքի հայկական դպրոցներուն համար հայերէնի ու Հայոց պատմութեան որակեալ ուսուցիչներ պատրաստելու ծրագիրը, մանկապարտէզի երեք դասարաններու համար արդի դասագիրքերու պատրաստութիւնն ու հրատարակութիւնը, Հայոց պատմութեան մանկավարժական նոր մօտեցումով պատրաստուած ու հրատարակուած դասագիրքը, արցախեան պատերազմին պատճառով մեր մշակութային կորուստներուն մասին թէ այլաբնոյթ նոր գիրքերու հրատարակութիւնը: Այս բոլորը մեր գործունէութեան առաջնային ուշադրութեան ու հոգածութեան տակ կը շարունակեն մնալ:
«Ա.».- Գիրքեր ու պատկերագիրքեր կը հրատարակեն նաեւ Համազգայինի, Արցախի ու Գիւմրիի գրասենեակները: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք հոն տարուող աշխատանքները:
Զ. Ք.- Նախ կ՛ուզեմ խօսիլ մեր հայրենական գրասենեակներուն մասին: Հայաստանի ու Արցախի մէջ Համազգայինը ունի իր վարչութիւնները, որոնք Համազգայինի խորհուրդ կը կոչուին: Երբ կ՛ըսեմ Արցախի մէջ ունի, ներկա՛յ ժամանակով, կ՛ուզեմ յայտնել, որ Կեդրոնական վարչութեան որոշումով Համազգայինի Արցախի խորհուրդն ու գրասենեակը Արցախի ժամանակաւոր կորուստին պատճառով չեն լուծարուած, այլ իբրեւ վտարանդի կառոյց` կը գործեն Երեւանի մէջ: Մենք խորապէս կը հաւատանք, որ արցախեան պետական թէ հանրային բոլոր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները` իբրեւ վտարանդիներ, պէտք է շարունակեն իրենց կենսագործունէութիւնը Հայաստանի մէջ: Հայաստանի, Արցախի ու շուրջ երկու տարի առաջ իր գրասենեակն ու գործունէութեան դաշտը հաստատող Համազգայինի Գիւմրիի կառոյցներն ու գրասենեակները նախ եւ առաջ Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի մեր շրջաններուն միջեւ փոխադարձ կապի պարտականութիւնն ունին: Սակայն անոնք կ՛իրականցնեն նաեւ իրենց կողմէ առաջարկուած ու Կեդրոնական վարչութեան կողմէ հովանաւորուող շարք մը ծրագիրներ, ինչպէս` գիտաժողովներ, յոբելենական հանդիսութիւններ, գիրքերու հրատարակութիւններ եւ այլն: Ճիշդ նկատեցիք` հրատարակչական մարզը առանցքային տեղ կը գրաւէ անոնց կողմէ ծաւալուող գործունէութեան մէջ: Բացի հերթական գիտաժողովներու գիտական զեկուցումերը ամփոփող հատորներէն, օրինակ, անցնող տարուան ընթացքին հրատարակուեցան տարեկից բանաստեղծներ Պարոյր Սեւակի ու Զահրատի 100-ամեակներուն առիթով հատընտիրներ, ու մեծ շուքով կատարուեցան անոնց շնորհահանդէսները:
Ուշագրաւ եռալեզու հրատարակութիւններ եղան արցախցի արհեստավարժ լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի` 44-օրեայ պատերազմը պատկերող «Արցախ. անաւարտ պատերազմ» պատկերագիրքը եւ Րաֆֆի Քորթոշեանի` արցախեան պատմամշակութային կորուստներու «Արցախ. վտանգուած ժառանգութիւն» պատկերագիրքի առաջին հատորը: Արցախի ամբողջական հայաթափումը մեզի կը ստիպէ շուտով լոյս ընծայել նաեւ երկրորդ հատոր մը:
Ամբողջական հոդվածը՝ այստեղ: