Հալեպի հայաբնակ թաղամասերը նյութական վնասներ են կրել
Հինգշաբթի, 8 Յունուարի վաղ առաւօտեան, Հալէպի մէջ տեղի ունեցող բախումներուն հետեւանքով Շէյխ Թահա եւ Վիլլաներ հայաբնակ շրջանները հրասանդերու պայթումով նիւթական վնասներ արձանագրուած են։ Այս մասին հայտնում է Գանձասարը։
Վիրաւորներ չկան, վնասները միայն նիւթական են։
Ներկայիս Հալէպի մէջ զգուշաւոր հանդարտութիւն կը տիրէ։ Մերթ ընդ մերթ կրակոցներու ձայներ կը լսուին։ Սննդամթերմի վաճառատուները, փուռերն ու հիւանդանոց-դարմանատուները բաց են։
Բանակը, քիչ առաջ, մինչեւ ժամը 13։00 առիթ տուաւ Շէյխ Մաքսուտի եւ Աշրաֆիէի բնակչութեան դուրս ելլելու այդ շրջաններէն։


