Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի սկաուտները կը շարունակեն կամաւոր աշխատանքը
Գլխավոր » Երիտասարդական » Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի սկաուտները կը շարունակեն կամաւոր աշխատանքը

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի սկաուտները կը շարունակեն կամաւոր աշխատանքը

Պէյրութի նաւահանգիստի ցնցիչ պայթումէն տասնըմէկ օր ետք, այսօր՝ շաբաթ, 15 օգոստոս 2020-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի սկաուտները կամաւոր աշխատանքով կը շարունակեն… գործել բարիք մը ամէն օր, օգնել ուրիշին եւ գործել իբրեւ պարտականութեան գիտակից արի եւ վեհանձն մարդ։… Ու ահա սկաուտական խոստումի եւ դաւանանքի ընթացքին արտասանուած վերոնշեալ տողերը դարձած են գործնական աշխատանքի:

Գործակցաբար Պուրճ-համուտի շրջանի քաղաքապետութեան, ներկայութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան — Գէորգեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի սկաուտները իրենց միութենականի բարձր գիտակցութեամբ կը շարունակեն նաւահանգիստի պայթումի պատճառած աւերներու ու վնասուած թաղամասերու մաքրութեան աշխատանքները։ Կողք- կողքի, պիտի շարունակենք ապրիլ, գոյատեւել ու յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները։

1