Հ․Յ․Դ․ 135-ամեակի եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 107-ամեակի նշում Պոսթընի մէջ

Շաբաթ, Յունիս 7-ին, Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ կից Հրեշտակապետաց Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, նշուեցաւ Հ․Յ․Դ․-ի 135-ամեակը, կազմակերպութեամբ տեղւոյն Հ․Յ․Դ․ «Սարդարապատ» կոմիտութեան եւ Հ․Ե․Դ․ «Նժդեհ» մասնաճիւղին։ Ներկաներու թիւը կը գերազանցէր երկու հարիւրը։
Արցախի եւ Հայաստանի քայլերգները մեներգեցին յաջորդաբար փոքրիկն Արամ Նազարեան եւ Անի Զարկարեան։ Օրուան հանդիսավարը՝ Վարանդ Չիլոյեան, իր բացման խօսքին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք ժամանած էին նշելու Հ․Յ․Դաշնակցութեան 135-ամեակը, եւ Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան 107-ամեակը։

Հ․Յ․Դ․ «Սարդարապատ» կոմիտութեան անունով, բեմ բարձրացաւ ատենապետ Տիգրան Խալիկեան, որ խօսեցաւ Սարդարապատի, Պաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտներէն քաղուած դասերուն մասին։ Ան նշեց, որ հայոց զօրքերը առաջնորդուած էին թէ՛ Դաշնակցական ֆետայի հրամանատարներու, եւ թէ՛ Ցարական Ռուսիոյ բանակին մէջ ծառայած հայ զօրավարներու կողմէ։ «Զանգեր հնչեցին ամբողջ երկրին մէջ, մարդիկ լքեցին իրենց տուները՝ միանալու կամաւոր խմբակներուն, եւ եկան արցախ պարունակող սայլեր՝ սնունդով, դեղորայքով եւ ռազմամթերքով, զինուորներուն աջակցելու համար», շեշտեց Խալիկեան, եզրակացնելով, թէ յաղթանակները անհրաժեշտ էին ամբողջ հայ ժողովուրդին միացեալ ճիգով, «Այսօր ալ այդպէս պէտք է, որ ըլլայ։ Միայն Սփիւռքի եւ Հայրենիքին համատեղ ջանքերով կարելի է պաշտպանել Հայաստանը եւ վերագրաւել Արցախը»։
Ապա, բեմ բարձրացաւ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Նազարեան, որ նշեց, թէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 107-ամեակը եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրման 135-ամեակը պարզ տարեդարձներ չեն։
«Չնայած կարճ տեւողութեան, Առաջին Հանրապետութիւնը դարձաւ հայկական ինքնիշխանութեան զարկերակը։ Իր արխիւները կը բացայայտեն պետութիւն մը՝ նուիրուած կրթութեան, դիւանագիտութեան, պաշտպանութեան եւ արժանապատուութեան։ Բայց մեր պայքարը չաւարտեցաւ 1920-ին։ Խորհրդային տարիներուն՝ Հ․Յ․Դ․-ն պահեց ազգային ինքնութեան ջահը Սփիւռքի մէջ՝ հիմնելով դպրոցներ, եկեղեցիներ, երիտասարդական կազմակերպութիւններ եւ թերթեր։ Դաշնակցութիւնը պահպանեց մեր լեզուն, պատմութիւնը եւ հաւատքը։ Երբ մեր հայրենիքը չէր կրնար ազատ խօսիլ, Դաշնակցութիւնը կենդանի պահեց հայկական ոգին։ Ապա եկաւ Արցախը՝ ազատագրութեան յաջորդ գլուխը։ Կրկին՝ Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին կողքին էր։ Երիտասարդ հերոսներ՝ Շահէն Մեղրեան, Թաթուլ Կրպէեան եւ շատ ուրիշներ պատասխանեցին կանչին՝ ոչ միայն խօսքով, այլ զէնքով, քաջութեամբ եւ իրենց կեանքերով։ Անոնք օգնեցին, որպէսզի ապահովուի Արցախի ազատութիւնը եւ պաշտպանուի մեր ժողովուրդը՝ բնաջնջումէն», ըսաւ Նազարեան նշելով, թէ անտարբերութիւնը, յուսահատութիւնն ու պարտուողականութիւնը տեղ չունին մեր կեանքին մէջ։
«Մեր ապագան կը պահանջէ մեր կամքը, մեր գործողութիւնը եւ մեր միասնութիւնը։ Մենք կը գտնուինք վտանգաւոր ժամանակներու մէջ։ Թշնամիները՝ ներսէն եւ դուրսէն, կ՚աշխատին ջնջել մեր պատմութիւնը, բաժնել մեր ժողովուրդը եւ քանդել այն սիւները, որոնք կը պահեն մեր ինքնութիւնը, մեր եկեղեցին, մեր լեզուն, մեր հողերը եւ մեր ինքնիշխանութիւնը։ Արցախը կորսնցուցած ենք՝ առայժմ, բայց հայ ժողովուրդը պարտուած չէ։ Դաշնակցութիւնը կը յիշեցնէ մեզի, որ անկախութիւնը պահ մը չէ՝ այլ առաքելութիւն մըն է։ Զգօնութիւնը պարտադիր է՝ գոյատեւելու համար։ Հայրենիքի պաշտպանութիւնը պատմութիւն չէ՝ ան եղած է մեր պարտականութիւնը այն ատեն, եւ կը մնայ մեր պարտականութիւնը՝ այսօր ալ։
«Պէտք է զգաստ ըլլանք, եւ գործօն։ Հայրենիքին պէտք է ոչ միայն մեր յիշողութիւնը, այլ մեր շարժումը։ Եկէ՛ք տօնենք Հայաստանի անկախութեան 107-ամեակը ոչ որպէս հեռաւոր փառքի արձագանգ, այլ որպէս կենդանի հրաւէր՝ զէնք կրելու։ Եկէ՛ք նշենք Դաշնակցութեան 135-ամեակը ո՛չ որպէս կուսակցութեան պատմութիւն, այլ որպէս ազգային փրկութեան ճանապարհ։․․․Հայաստանի համար, Արցախի համար։ Մեր անցեալին, եւ մեր ապագային համար», ըսաւ Նազարեան։


Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Մայիս 28-ի պետականութեան ստեղծման խորհուրդին՝ զայն որակելով համաժողովրդային իրագործում։ Ան ապա շեշտեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առանցքային դերակատարութիւնը՝ հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ եւ լուսարձակի տակ բերաւ կուսակցութեան ազգային գործունէութեան տարբեր հանգրուանները, առաւելաբար կեդրոնանալով հայաստանեան ներկայ իրադարձութիւններուն եւ զարգացումներուն վրայ, ուր ան կարեւոր համարեց Երեւանի այսօրուան իշխանութիւններէն ձերբազատելու գործին մէջ Հ․Յ․Դ․-ի պատասխանատուութիւնը։
Աւարտին, վաստակաւոր երգիչ՝ Գառնիկ Սարգիսեան, գրեթէ երեք ժամ անդադար, քանի մը տասնեակ յեղափոխական եւ տոհմիկ երգերով խանդավառեց ներկաները, իր կողքին ունենալով Արմէն Պապայեանը(երգեհոն), Նազար Հատիտեանը(կիթառ) Հրայր Արքոյեանը(կիթառ) եւ Սերոբ Շահպազեանը(թմբուկ)։ Օրուան համադամ ընթրիքը պատրաստած էր «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մատակարարութիւնը։
