Գոյութիւն Ունեցա՞ծ Է Արցախի Հանրապետութիւն
Գլխավոր » Լրահոս » Գոյութիւն Ունեցա՞ծ Է Արցախի Հանրապետութիւն

Գոյութիւն Ունեցա՞ծ Է Արցախի Հանրապետութիւն

Երկուշաբթի, 9 սեպտեմբերին ընթացք առաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի աշանանային նստաշրջանը. ժողովի բացման նիստին «Հայաստան» խմբակցութիւնը առաջարկեց վերականգնել Հայաստան-Արցախ միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը. միացեալ յանձնաժողովի նախագահը Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանն է: Այս յանձնաժողովը 2018-ի իշխանափոխութենէն ետք գումարուած է միայն մէկ անգամ: Երկրորդ ժողով մը նախատեսուած էր քառասունչորսօրեայ պատերազմէն առաջ, սակայն յետաձգուած էր Արցախի Ազգային ժողովի նախագահին անհանգստութեան պատճառով. աւելի վերջ, հակառակ յիշեցումներուն, համագործակցական այս մարմինը չէ հրաւիրուած ժողովի:

«Հայաստան» խմբակցութեան առաջարկին Ալեն Սիմոնեան պատասխանեց, որ գոյութիւն չունեցող խորհրդարանի մը հետ համագործակցութիւն չի կրնար ըլլալ` իր մերժումի խօսքը համեմելով Արցախի պետութեան լուծարման եւ բռնի տեղահանութեան կազմակերպման ամբաստանութեամբ: Ըստ Ալեն Սիմոնեանի (եւ Հայաստանի իշխանութեան), Արցախի պետական պաշտօնեայ գոյութիւն չունի. ինք կ՛ընդունի գոյութիւնը ո՛չ Արցախի նախագահին, ո՛չ Ազգային ժողովին եւ ո՛չ կառավարութեան: Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի մէկ պետութիւն միայն` Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ իր կառավարութիւնը:

Հայաստան ձեռքերը լուացած է Արցախի հարցէն, լուծուած է այդ հարցը: Ո՞վ տէր պիտի կանգնի Արցախի 120.000 հայերու իրաւունքներուն, անոնց իրենց բնակավայրը վերադառնալու պայքարին: Հայաստանի գործող իշխանութիւնները կը մերժեն զբաղիլ նման «ճղճիմ» հարցերով: Նման հարցերու արծարծումը, կ՛ըսեն Հայաստանի իշխանաւորները, նպատակ ունի կազմաքանդելու Հայաստանի պետականութիւնը. Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ արցախեան հարցի արծարծումը սպառնալիք է Հայաստանի ինքնիշխանութեան:

«Հայաստան» խմբակցութիւնը յայտարարեց, որ արցախցիներու իրաւունքներու հարցով քննիչ յանձնաժողովի նախագիծ պիտի ներկայացնէ Ազգային ժողովին:

Նախորդ շաբաթ Իրանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ չի հանդուրժեր շրջանին մէջ սահմանային որեւէ փոփոխութիւն: Սիւնիքի մէջ նախատեսուող միջանցքին Մեղրիի շրջանին մէջ կառուցումը եւ անոր վերահսկողութիւնը ոչ հայկական կողմի մը վստահիլը գործօն սպառնալիք կը համարէ իր ապահովութեան: Այս հարցին խաղաղութեան պայմանագրի բանակցութիւններու օրակարգէն դուրս բերուելէն ետք, Հայաստան յայտարարեց, որ կարելի է հսկողութիւնը վստահիլ «պահնորդական ընկերութեան մը»: Ի՞նչ կը նշանակէ «պահնորդական ընկերութիւն»: Այդ հսկողութիւնը կը յաւակնի կատարել Ռուսիան, որ արդէն իսկ ներկայութիւն է Արաքս գետի ափին: Ռուսիոյ դերակատարութիւնը մերժելով` Հայաստան Իրանի սահման կ՛ուզէ բերել հաւանաբար արեւմտեան երկիրներու ներկայացուցիչներէ կազմուած «մասնագէտներու» խմբակ մը, զոր Իրան իրաւացիօրէն վտանգաւոր կը համարէ:

Հայաստանի իշխանութիւններու վերջին գիւտը ազգայինի եւ պետականի հակադրութիւնն է: Ըստ իրենց, հայրենիքը եւ իրական պետութիւնը հոմանիշներ են, ուրեմն որեւէ երեւոյթ, որ դուրս կու գայ իրական պետութեան սահմաններէն ու անկէ դուրս գտնուող ամէն բան, նոյնիսկ տեսականօրէն, մերժելի է: Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛ուզեն կեդրոնանալ բացառաբար «իրական» Հայաստանի վրայ. այս նպատակի իրագործման ճանապարհին պատրաստ են ոչ միայն Հայաստան անունով երկրամասի մը գոյութիւնը ուրանալու, այլ նաեւ այդ երկրամասի ծնունդ` աշխարհասփիւռ դարձած ազգի մը գոյութիւնը մերժելու:

Վերջապէս, իշխանամէտ երեք կուսակցութիւններ կը պատրաստուին ստորագրահաւաք կատարել Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը հանրաքուէով երաշխաւորելու համար: Իշխանութիւնները աւելորդ կը համարեն նման շտապողականութիւն մը, սակայն հակառուսական քարոզչութեան համայնացման մթնոլոտին մէջ այս փոքր կուսակցութիւնները կը կարծեն, որ Հայաստանի նման փոքր երկիր մը կրնայ պերճանքը ունենալ շեշտուած կերպով կողմնակալ քաղաքականութիւն վարել: Շատ մեծ են Եւրոպայէն ակնկալութիւնները, ինչպէս ոմանց պարագային մեծ էին Ռուսիայէն ակնկալութիւնները: Վերջինէն յուսախափուեցանք, կարգը եկած է Արեւմուտքին: Յուսանք, որ այդպէս չըլլայ, հերթական անգամ:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Ազդակ

1