«Գարեգին Նժդեհ» Երիտասարդական միութեան յայտարարութիւնը
Գլխավոր » Երիտասարդական » «Գարեգին Նժդեհ» Երիտասարդական միութեան յայտարարութիւնը

«Գարեգին Նժդեհ» Երիտասարդական միութեան յայտարարութիւնը

Հերթական անգամ հակառակորդները փորձ կը կատարեն վարկաբեկելու ՀՅԴ Նիդեռլանդներու «Գարեգին Նժդեհ» Երիտասարդական միութեանը: Այս անգամ հերթը ազրպէյճանցիներուն է, որոնք կը փորձեն Հոլանդայի հասարակութեան մէջ կարծիք ձեւաորել, որ Դաշնակցութեան Նիդեռլանդներու երիտասարդական միութիւնը ընտրած է Գարեգին Նժդեհ անունը միութեան համար՝ փորձելով զուգահեռներ անցնել նացիստներու հետ, եւ զգուշացնել Հոլանդայի հասարակութեանը, որ միութիւնը կը գործէ Հոլանդայի կեդրոններու մէջ:

Մենք որպէս Դաշնակցական երիտասարդներ անգամ մը եւս կը յայտարարենք, որ թշնամիի սադրանքները եւ փորձերը չեն կրնար արգելք հանդիսանալ մեր գործունէութեանը, ընդհակառակը մեզ ուժ եւ կորով կը ներշնչեն՝ աւելիով ծառայելու հայութեանը եւ մեր դատին: Գարեգին Նժդեհի անունը կը կրենք հպարտութեամբ եւ իր մէջէն անցած՝ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը կը դաւանինք: Ցեղասպանութեան հետեւանքով յայտնուած աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ Դաշնակցութեան երիտասարդները նաեւ տիպար քաղաքացիի օրինակով կառաջնորդուին՝ տուեալ երկրի օրենքները յարգելով եւ օրինական ճանապարհով հայկական դատը առաջ մղելով:

Նշենք, որ այս արշաւի հիմնական պատճարը Ազրպէյճանի ոտնձգութիւններու դէմ կազմակերպուած ցոյցի աշխատանքներուն մասնակից դառնալն է եւ ցոյցին ընթացքին Ազրպէյճանի իրականութիւնը բացատրող թերթիկներու պատրաստումն ու բաժանումն է ՀՅԴ Նիդեռլանդներու «Գարեգին Նժդեհ» Երիտասարդական միութեան անդամներու կողմէ:

«Գարեգին Նժդեհ» Երիտասարդական միութիւն

1