Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գլխաւոր նպատակներեն մեկը` Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ամրագրումն է
Գլխավոր » Լրահոս » Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գլխաւոր նպատակներեն մեկը` Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ամրագրումն է

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գլխաւոր նպատակներեն մեկը` Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ամրագրումն է

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնած Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի նուիրահաւաքներէն գոյացաւ 350 հազար տոլար

Աւելի քան 7 տասնամեակէ ի վեր Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գլխաւոր նպատակները եղած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման ուղղուած քայլերը, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ամրագրումը եւ գանատահայ գաղթօճախներու յանձանձումը։ Այս նպատակներու իրագործման համար, տասնամեակներէ ի վեր, Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբին զուգընթաց բազմաբեւեռ գործունէութիւն ծաւալած են Թորոնթոյի, Մոնթրէալի, Լաւալի, Վանգուվըրի, Սէնթ Գաթրինզի, Գէմպրիճի եւ Համիլթընի յանձնախումբերը:

2006 թուականի Ապրիլ 25-էն ի վեր, Օթթաուայի մէջ մնայուն եւ գործօն ներկայութիւն է նաեւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը: Ան վեցերորդ յաւելումն է իբր գործադիր կեդրոն՝ Ուաշինկթընի, Մոսկուայի, Եւրոպայի (Պրիւքսէլ), Միջին Արեւելքի (Պէյրութ) եւ Երեւանի գրասենեակներու համաշխարհային ցանցին:

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութեան յենարանն ու ուժի աղբիւրը միշտ հանդիսացած է գանատահայութիւնը: Յունիս 6-8 Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցան նուիարահաւաքի նախաձեռնութիւններ։

Յունիս 8ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ նուիրահաւաքի հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էին Մոնթրէալի եւ Լաւալի հայ համայնքներու Հայ Դատի աջակիցներն ու գործակից եւ ուղեկից միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։


Օրուան հանդիսավար Շողիկ Սարգիսեան Գաթարոյեան բացման իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Այս երեկոյ հաւաքուած ենք՝ որպէս Հայ Դատի վճռակամ նուիրեալներ, կառչած մնալով մեր արժէքներուն եւ մեր ամուր հաւատքին, այն համոզումով, որ չենք լռեր անարդարութեան դէմ եւ չենք յապաղիր ամէն ջանք ի գործ դնել՝ մեր ժողովուրդի եւ Հայ Դատի անժամանցելի պայքարը իր յաջողութեան հասցնելու»։ Ան յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց օրուան պատգամաբերները։

Բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան, որ անդրադարձաւ ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակներու բազմաբեւեռ գործունէութեան Ուաշինկթընէն մինչեւ Պրիւքսէլ եւ Միջին Արեւելք։ Ան նաեւ նշեց, որ Գանատայի մէջ վերջին տասնամեակներու Հայ Դատի յանձնախումբի հսկայածաւալ գործունէութիւնը իր շուրջ համախմբած է գանատահայութիւնը, որ միշտ ընդառաջած է յանձնախումբի կոչերուն եւ զօրաշարժերուն։ Ան նաեւ խրախուսիչ նկատեց Գանատայի տարածքին գործող Հայ Դատի յանձնախումբերուն մէջ ներգրաւուած երիտասարդներու նոր փաղանգը։ Իր խօսքի աւարտին, ան ՀՅԴ Բիւրոյի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Դատի աշխատանքներուն աջակցող եւ հայրենասիրութեամբ տոգորուած հայորդիներուն։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան յայտնեց, որ շնորհիւ մեր յանձնախումբերու հետեւողական աշխատանքին, հայ դատի պայքարը Գանատայի մէջ հասցուցինք նոր բարձրունքներու՝ արձանագրելով բազմաթիւ քաղաքական եւ դիւանագիտական նշանակութիւն ունեցող ձեռքբերումներ, որոնք անմիջական ազդեցութիւն ունեցան Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան, Գանատա–Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան արդար յիշատակման, ինչպէս նաեւ ժողովրդային կարծիքի ձեւաւորման։

Ան նաեւ նշեց, որ հանգանակութեան ընթացքին գոյացած գումարը պիտի նպաստէ Օթթաւայի մէջ Internship ծրագիրի մը մեկնարկին՝ պատրաստելու համար Հայ Դատի նոր սերունդի գործիչներ, Օթթաուայի գրասենեակի երկարամեայ տնօրէն Ռուբէն Գույումճեանի անուան կրթաթոշակի հաստատման, որուն մեկնարկը պիտի կատարուի 2025 թուականի համալսարանական վերամուտի ընթացքին, Հայ Դատի նոր առցանց Action Platform-ի մը ստեղծման, որուն միջոցաւ հրատապ հարցերու շուրջ գանատահայութիւնը պիտի կարողանայ աւելի հեշտութեամբ կապ հաստատել իր խորհրդարանական եւ կառավարական ներկայացուցիչներուն հետ՝ ելեկտրոնային նամակներու միջոցով։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի տնօրէն Սեւակ Պելեան զեկուցեց գանատական քաղաքական դաշտին մէջ յանձնախումբի ծաւալած գործունէութեան մասին, նշելով, որ առկայ քաղաքական իրավիճակին համահունչ յանձնախումբը վերամշակուած ռազմավարութեամբ գործի դաշտ նետուած է։ Ան նաեւ հաստատեց, որ Գանատայի թուրք եւ ատրպէյճանցի համայնքները վերջին տարիներուն աւելի շեշտաւորուած կը կատարեն հակահայ քարոզչութիւնը եւ յաւելեալ ճիգ կը թափեն ներթափանցելու գանատական դաշնակցային եւ նահանգային քաղաքական օրակարգէն ներս եւ այս դիտանկիւնէն աւելի աջալուրջ եւ հետեւողական ըլլալու հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուին Գանատայի մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերը։ Ան յայտնեց, որ յանձնախումբի յառաջիկայ ծրագիրներուն շարքին ընդգրկուած է գանատական ներքաղաքական գործընթացերուն գծով հայ համայնքը հաղորդ պահելու առաջադրութեամբ՝ հաղորդակցական համացանցային համայնքային հարթակի մը ստեղծումը։

Քէպէքի Հայ Դատի յանձնախումբի համանախագահ Յարութ Դաւիթեան յայտնեց, որ այսօրուան դրութեամբ յանձնախումբը կը հետապնդէ երկու ռազմավարական առաջնահերթութիւններ՝ քաղաքական եւ քաղաքացիական ներգրաւուածութիւն՝ Քեպէգի հայութեան շահերը պաշտպանելու ի խնդիր եւ հայ ինքնութեան պահպանում՝ հայ համայնքի լեզուի ու մշակոյթի պաշտպանութեան ի խնդիր։ Ան նաեւ յայտնեց, որ յանձնախումբի տքնաջան աշխատանքերուն շնորհիւ, մօտ ապագային, Մոնթրէալի Ողջակիզումի Թանգարանը որոշած է մշտական ձեւով ներառել Հայոց Ցեղասպանութիւնը թանգարանի ցուցասրահին մէջ։

Լուսանկարները՝ Արմէն Ալեմեանի

Հորիզոն, Կանադա

1