Ընտրվել է Լիբանանահայ օգնության խաչի Շրջանային վարչութան նոր կազմ

ԼՕԽ-ի 61-րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ հինգշաբթի, 24 եւ ուրբաթ, 25 յունիս 2021-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեանի: Երկու օրերու ընթացքին ժողովը քննեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան եռամեայ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերէ եկած առաջարկները եւ պատրաստեց համապատասխան բանաձեւ:
Երկօրեայ աշխատանքի աւարտին ժողովը ընտրեց 2021-2023 տարեշրջանի համար նոր Շրջանային վարչութիւն մը` հետեւեալ կազմով. Սիլվա Սապունճեան, Իսկուհի Գաբլանեան, Սեւան Ադամեան, Ազատիկ Տաղլեան, Լենա Ճուլֆայեան, Մարալ Երէցեան, Սիլվա Գարակէօզեան, Թալին Ուրիշեան, Լոռի Եագուպեան, Սարին Յարութիւնեան եւ Սիլվա Կիւլտալեան:
aztagdaily.com