Երիտասարդութեան քաղաքականացումը ներկայ օրերուն
Գլխավոր » «Դրօշակի»-ի խմբագրական » Երիտասարդութեան քաղաքականացումը ներկայ օրերուն

Երիտասարդութեան քաղաքականացումը ներկայ օրերուն

Նախ՝ քիչ մը նախապատմութիւն։

70ականներու առաջին կիսուն, ՀՅ Դաշնակցութեան 20րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումով, Սփիւռքի մէջ սկսաւ գաղափարական ու քաղաքական վերաթարմացումի գործընթաց մը՝ իբրեւ թիրախ ունենալով յատկապէս երիտասարդութիւնը։

Մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու պահանջը ինքնին կը խարսխուէր ամէն բանէ առաջ արդարութիւնը վերահաստատելու, զայն վերականգնելու գաղափարին վրայ։ Այլ խօսքով` հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկուած էր Օսմանեան պետութեան կողմէ ու ատոր հետեւանքով ալ մարդկային, հողային, մշակութային ու տնտեսական հսկայական վնասներ կրած էր։ Անարդարութեան վերջ պէտք է տրուէր։ Արդարութիւնը պէտք է վերահաստատուէր։ Իսկ արդարութեան վերահաստատումը միայն այդ ուղղութեամբ մղուող յամառ պայքարով կարելի էր իրականութիւն դարձնել։

Սա իր բովանդակութեամբ էապէս քաղաքակա՛ն խնդիր էր։ Հետեւաբար կենսական էր մեր ժողովուրդը ընդհանրապէս եւ երիտասարդութիւնը մասնաւորապէս օժտել այս գիտակցութեամբ։ Մէկ խօսքով` կենսական էր երիտասարդութեան քաղաքականացումը։ Կենսական էր զայն քաղաքականօրէն գիտակից ու պայքարունակ ոգիով դաստիարակելը։

Տեսական ու գործնական դաստիարակութիւն

Առաջին հերթին Մերձաւոր Արեւելքի` հայաշատ բնակչութեամբ երկիրներուն մէջ, ուր ՀՅԴն ունէր կազմակերպական ցանց, աշխատանք տարուեցաւ հիմնելու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններ` համապատասխան կառոյցներով։
Երկրորդ` այս միութիւններուն անդամակցող տղաքն ու աղջիկները սկսան ստանալ գաղափարական-քաղաքական դաստիարակութիւն, ուսանել ՀՅԴ գաղափարաբանութիւն, պատմութիւն, նպատակներ։ Այս բոլորը` շատ յաճախ խմբակներով, ժողովական կարգի դասախօսութիւններով, լսարաններով, քննարկումի երեկոներով, տարեկան բանակումներով։
Կարեւոր դեր կատարեց Լիբանանի մէջ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան կողմէ ու երիտասարդներուն համար հաստատուած ԼԵՄի դպրոցը, ուր Դաշնակցութեան գաղափարական սկզբունքներուն, պատմութեան, նպատակներուն եւ ռազմավարութեան մասին ուսուցողական մեծ արժէք ունեցող ելոյթներ կ’ունենային Բիւրոյի, կեդր. կոմիտէի անդամ ընկերներ, ինչպէս նաեւ անհատ մտաւորական ընկերներ։

Ազգային տօներն ու ոգեկոչական ձեռնարկները (Մայիս 28, Սասնոյ ապստամբութեան, ֆետայիներու եւ գործիչներու նահատակութեան կամ այլ նշումներ, Ապրիլ 24) վերածուեցան ազգային-դաստիարակչական արժէք ունեցող իւրայատուկ միջոցառումներու (*)։

Թափ տրուեցաւ հրատարակչական աշխատանքին։ Վերստին լոյս ընծայուեցան Քրիստափորի` քաղաքական-գաղափարական բնոյթի յօդուածները «Յեղափոխականի մտքեր» խորագրով, Գարեգին Խաժակի «Ի՞նչ է դասակարգը», Ռուբէնի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» (7 հատոր), Յովհ. Քաջազնունիի «Ազգ եւ հայրենիք»ը, ՀՅԴ արխիւէն նիւթեր՝ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» խորագրով, եւ բազում այլ գործեր, որոնք մեծ քանակութեամբ հում նիւթ կը հայթայթէին երիտասարդութեան գաղափարական դաստիարակութեան համար։ Միաժամանակ, այս գործերուն մասին նոր պայմաններու լոյսին տակ գրուած գրախօսականները եւ ժողովրդային լսարաններուն ճամբով անոնց ծանօթացումը մեծապէս նպաստեցին ՀՅ Դաշնակցութեան սկզբունքներուն եւ նպատակներուն մասին ժողովրդային աւելի լայն ընկալումին։

Երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու աշխարհատարած ցանցէն ներս հասարակաց դաշտ ստեղծելու նպատակով կազմակերպուեցան խորհրդաժողովներ եւ բանակումներ, որոնց ընթացքին մասնակիցները կը ստանային գաղափարական, քաղաքական եւ գործնական գիտելիքներ։

Նոյն այդ տարիներուն, երբ արտասահմանի մէջ տեղի կ’ունենային հակաթուրք արարքներ, ատոնց ընկերացող բողոքի ցոյցեր, դատավարութիւններուն զուգահեռաբար ընթացող զօրակցական ալիքը կ’ամբողջացնէր ընդհանուր պատկերը՝ երիտասարդութեան քաղաքական գիտակցութեան մակարդակը բարձրացնելու իմաստով։ Նոր սերունդին միտքին մէջ հետզհետէ աւելի կը յստականար, թէ իսկապէս ո՞ւր կը կայանային հայութեան համընդհանուր շահերը, եւ թէ ինչպէ՞ս պէտք էր հետապնդել Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստան կերտելու իտէալը։ Մէկ խօսքով՝ ինչպէ՞ս վերահաստատել արդարութիւնը հայ ժողովուրդին նկատմամբ։

Խորքին մէջ այս աշխատանքները հազիւ սկսած էին հունաւորուել, երբ ծագեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը 1975 ապրիլ 13ին։ Նոյն այս դաշնակցական դաստիարակութիւնը ստացող երիտասարդութիւնն էր, որ անսաց լիբանանահայութեան ֆիզիքական ապահովութեան հսկելու ծանր գործին եւ տուաւ տասնեակներով նահատակներ։
Գաղափարական-քաղաքական այս քուրայէն անցած երիտասարդներն էին, որոնք լծուեցան համաշխարհային քաղաքական թատերաբեմին վրայ Հայկական հարցին շուրջ հաստատուած լռութեան պատը քանդելու պատասխանատու գործին։ Անոնցմէ շատեր «վահանի վրայ» վերադարձան տուն։

Այսօրուան աշխարհը

Այդ օրերու աշխարհը երկբեւեռ էր, իսկ այսօրուանը Խորհրդային Միութեան անկումէն մօտաւորապէս 40 տարի վերջ, կարելի է ըսել, միաբեւեռէն սկսած է թեքիլ դէպի բազմաբեւեռայնութիւն։
Հայ երիտասարդութիւնը պարտաւոր է ճանչնալու այն աշխարհը, որուն թոհուբոհին մէջ ինք հարկադրանքին տակ է հետապնդելու հայութեան ազգային-պետական շահերը։

Այսօրուան աշխարհին մէջ, յատկապէս Արեւմուտքի մեծ բեւեռէն ներս, բազմազգեան մեծ ընկերութիւնները, ինչպէս նաեւ ելեւմտական մեծ հաստատութիւնները (Կոլտման Սաքսն ու ամբողջ Ուոլ Սթրիթը, Համաշխարհային դրամատուն, Միջազգային դրամական հիմնադրամ, «Լաքհիտ Մարթին» եւ այլն) միախառնուած են ուժի համաշխարհային կեդրոններուն հետ, այն աստիճան, որ երբեմն անկարելի է զանազանել, թէ ով որուն «գործիքն» է։

Մէկ բան յստակ է` այս վարքագիծին հիմքը ծայրայեղ դրամատիրական մօտեցումն է։ Այս «խառնուրդը» աշխարհը կը նկատէ իբրեւ մեծ շուկայ մը, ուր ամէն ինչ վաճառքի ենթակայ է։ Անոնց պատկերացուցած աշխարհին մէջ գոյութիւն չունին ազգային արժէքներ, հոգեմտաւոր ու մշակութային արժէքային համակարգ, ազգային առանձնայատկութիւններ։ Կան միայն «շուկան» եւ «շահը», կանխիկ շահը։ Մէկ խօսքով` դրամատիրական պոլշեւիզմ…

Մեր բոլորին միտքին մէջ շատ թարմ է Նախիջեւանի հայկական խաչքարերու պարագան։ Ինքզինք մարդկային իրաւունքներու պաշտպան կամ «եւրոպական արժէքներու» ջատագով Եւրոմիութիւնը (ողջ Արեւմուտքը) մատը մատին չզարկաւ, երբ Ատրպէյճան օր ցերեկով քարուքանդ ըրաւ հազարաւոր խաչքարեր, որոնք ոչ միայն հայութեան, այլեւ համայն մարդկութեան մշակութային ժառանգութեան մաս կը կազմէին։ Նոյն ուժերը գրեթէ նոյն օրերուն աշխարհ տակնուվրայ ըրին, երբ Աֆղանիստանի Թալեպան վարչակարգը ուժանակով քարուքանդ ըրաւ պուտտայական կոթողներ… «Տարբերութիւնը» այն էր, որ Արեւմուտքը այդ վարչակարգը իր «թշնամին» կը համարէր, մինչդեռ Ատրպէյճանը իրենց «դաշնակիցն» էր…

Այս ուժերը կը ձգտին իրենց ամբողջական հակակշիռին տակ առնելու երկրագունդի ընդերքի բնական հարստութիւնները եւ անոնց փոխադրութեան ուղիները` առանց հաշուի առնելու նոյն այդ հարստութեանց տէր պետութիւններուն կամքը։ Կը գրաւուին, արշաւանքի ու քանդումի կ’ենթարկուին շարք մը երկիրներ՝ Լիպիա, Սուրիա, Իրաք եւ այլն։ Բոլոր անոնք կը դիմադրեն ծայրայեղ ու վայրագ դրամատիրութեան արշաւին, ենթակայ են յարձակումներու, զինուորական կամ ելեւմտական արշաւանքներու, քանդումի եւ բառացիօրէն կողոպուտի։

Նոյն այս ուժերուն համար մէկ բան յստակ է` ժողովուրդներու արդար իրաւունքներուն դէմ արշաւ մղող ուժերուն համար (Արեւմուտքը թէ այլ ուժեր) պարզէն աւելի պարզ է, որ իրենց նպատակներուն հասնելու համար անհրաժեշտ է, որ նախ կարենան ջլատել տուեալ ազգերու եւ պետութիւններու ներքին հաւաքական կամքը եւ դիմադրական ոգին։

Մեր երիտասարդութիւնը պարտի լա՛ւ իմանալու, որ իբրեւ ժողովուրդ եւ պետութիւն` մեր կողմնացոյցին սլաքը մի՛շտ պիտի ուղղուած ըլլայ մեր ազգային հաւաքական շահերուն ուղղութեամբ։ Հոն, ուր որ կը վտանգուի մեր հայրենիքին անվտանգութիւնը, վերջ կը գտնեն բոլոր ներքին տարակարծութիւնները, քաղաքական կամ գաղափարական տարբերութիւնները։

Հայ երիտասարդութեան պայքարին չափանիշը, հիմքը արդարութեան վերահաստատումն է։ Ատկէ՛ կը բխի Թուրքիոյ կողմէ մեր ժողովուրդի հողային, մշակութային, տնտեսական թէ այլ իրաւազրկումին դէմ պայքարը՝ ի խնդիր արդարութեան։ Ատկէ՛ կը բխի հայ մարդուն աշխատանքին չարաշահումին դէմ պայքարը, որպէսզի Հայաստանի քաղաքացին տէրը մնայ իր արդար աշխատանքի վաստակին եւ արժանապատուութեան։

Մեզ ջլատելու ձգտող արտաքին ուժերը անդադար կը փորձեն լծակներ ստեղծել զանազան կազմակերպութիւններու միջոցով։ Այս ընելու համար արտաքին ուժերը կը շահագործեն մեր երկրի ներքին հարցերը, ընկերային, քաղաքական, կենսոլորտային խնդիրները եւ այլն։ Հետեւաբար հայ, բայց մանաւանդ դաշնակցական երիտասարդութիւնը պարտի ճշգրիտ գնահատելու հետեւեալը:

Եթէ մենք, օրինակ, ունինք կենսոլորտին առնչուող խնդիրներ(օրինակ), ատոնց լուծումը պէտք է տեսնել մեր երկրի օրէնսդրութեան արդար բնոյթին մէջ։ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքներն են, որոնք պէտք է կարենան երաշխաւորել մեր երկրի մաքուր օդային աւազանը, ջրային պաշարներու անաղարտ պահպանումը կամ ընդերքի հարստութեան օգտագործումը այնպիսի արհեստագիտութեամբ, որ գալիք սերունդները չզրկուին երկրի բնատուր առաւելութիւններէն։ Մեր կենսոլորտային հարցերու արծարծումը (կամ… չարծարծումը) պէտք չէ արտաքին ուժերու որոշումով տնօրինուի. արտօնելի չի կրնար այս երեւոյթը (**), որովհետեւ արտաքին ուժերուն նպատակը ոչ թէ Հայաստանի կենսոլորտին մաքրութիւնն է, այլ կենսոլորտային հարցերը արծարծելը եւ օրուան իշխանութեան դէմ (ով ալ ըլլայ ատիկա) իրենց պայքարը առաջ մղելը։

Հայութեան քաղաքական շահերուն գիտակից երիտասարդութիւնը, մանաւանդ դաշնակցական երիտասարդութիւնը, պարտի լաւ գիտնալու, որ մեր օրակարգը կը մշակուի բացառապէս մե՛ր երկրին, մե՛ր պետութեան ու մե՛ր ժողովուրդին շահերը հիմք ընդունելով։

Եւ այս բոլորը` յանուն թէ՛ ազգամիջեան եւ թէ՛ ներազգային արդարութեան ու համերաշխութեան։

(*) Ցայտուն օրինակներէն մէկը.- 1974ին ՀՅԴ Լիբանանի երիտ. միութեան «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղը կազմակերպեց Սասնոյ այդ մեծանուն գործիչին նահատակութեան 70րդ տարելիցին նուիրուած հանդիսութիւն Էշրէֆիէ թաղամասի «Ազատամարտ» ակումբի սրահին մէջ։ Օրուան բանախօսներ էին ԼԵՄի այդ մասնաճիւղի անդամ Գէորգ Փափազեան եւ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան անդամ Սեդօ Պոյաճեան, իսկ հանդիսութեան կը նախագահէր նոյն ինքն… Կարօ Սասունին։ Դժուար չէր պատկերացնել սրահէն ներս ներկայ գտնուող երիտասարդութեան խանդավառութիւնը, որ ստեղծուած էր Կարօ Սասունիին ներկայութեամբ։ Իսկ ատկէ կարճ ատեն մը առաջ (ճիշդ տարին կը վրիպի յիշողութենէս), երբ կը նշուէր ՀՅԴ օրը, օրուան նախագահը դարձեալ Կարօ Սասունին էր։ Օրուան պատգամներէն վերջ հանդիսավարը ամպիոնին մօտ հրաւիրեց օրուան նախագահը, որպէսզի ասէր փակման խօսքը։ Կարօ Սասունի ձեռնափայտով եւ կաղալով մօտեցաւ բարձրախօսին եւ յայտարարեց. «Դաշնակցութեան գործը վերջ չունի, Դաշնակցութեան օրն ալ վերջ չունի, փակում չունի, հիմա կրնաք երթալ…»։

(**) Լաւ կը յիշենք 90ականներու սկիզբները «Նաիրիտ» գործարանին պարագան, երբ իր վնասակար արտանետումներուն հետեւանքով փակուեցաւ այդ գործարանը։ Քիչ մը աւելի խորքային իրականութիւնը այն է, որ Արեւմուտքը, փոխանակ օգնելու, որ այդ գործարանը արդիական սարքերով օժտուի եւ երկրի տնտեսութեան համար կարեւոր հաստատութիւն մը մնայ, «ձեռքի տակէն» քաջալերեց անոր դէմ պայքարը, որպէսզի փակուի։ Ինչո՞ւ: Պարզ էր… Արեւմուտքը չէր ուզեր, որ նորանկախ Հայաստանի մէջ աճի ու զարգանայ իր քիմիական ճարտարուեստին մրցակից գործարան մը՝ յանձին «Նաիրիտին»։

Վաչէ Բրուտեան

«Դրօշակ»-ի առաջնորդող,

«Դրօշակ» թիվ 8 (1642), օգոստոս, 2020 թ.

1