Դիմադրութիւն յանուն ազգային նպատակներու
Գլխավոր » Լրահոս » Դիմադրութիւն յանուն ազգային նպատակներու

Դիմադրութիւն յանուն ազգային նպատակներու

Այսօր, 44-օրեայ պատերազմի անձնատուական աւարտի տարելիցի նախօրեակին, «Հայաստան» դաշինքը հրաւիրած է Համազգային հանրահաւաքի: Այս հանրահաւաքով «Հայաստան» դաշինքը կ՛ուզէ սկիզբ դնել համազգային Դիմադրութեան:

Դիմադրութիւն ինչի՞ դէմ: Հարցը ո՛չ տնտեսական-ընկերային դժգոհութեան (որ առկայ է), ո՛չ ոստիկանութեան, քննչական մարմիններու ու դատախազութեան վարուելակերպին (որ շատ յոռի երեւոյթներ կը պարզէ), ո՛չ ալ նոյնիսկ ընդդիմութեան կողմէ շարունակ շեփորուող իշխանափոխութեան պահանջին (որ արդարացի է) կը վերաբերի: Հարցը կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կարգավիճակին, Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակին, Հայաստանի սահմաններուն ու ինքնիշխանութեան սահմանումին:

Ուրեմն, քննարկուող խնդիրը ընթացիկ քաղաքականութեան հետ կապ չունի. մեզ տագնապեցնող խնդիրը ազգին ու հայրենիքին համար ճակատագրական ընկալում ունի, անիկա ազգային է, աւելի՛ն` անիկա համազգային է:

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը ժամանակաւորապէս վարող վարչախումբը համազգային տարողութեան հարցին կը վերաբերի իրեն յատուկ ոճով: Այսինքն` ժողովրդային քուէարկութեամբ մեծամասնութիւնն ստանալէ ետք, կառավարութիւն ձեւաւորելու ամէն տեսակի ու ամէն տարողութեան հարց լուծել կառավարական ծրագիրի տարտամ տրամադրութիւնները վկայակոչելով:

Ազգային ժողովի ընտրութեան միջոցով, ընտրողներու մեծամասնութիւնը երկրի կառավարման համար պատուէր մը տուած է ներկայ իշխանութեան: Այդ պատուէրը սակայն ո՛չ Արցախի կարգավիճակին, ոչ սահմանագծումին, ո՛չ ալ Հայաստանի պետութեան քաղաքական ու ընկերատնտեսական կարգավիճակին կը վերաբերի: Ասոնք ազգային ընդհանրական խնդիրներ են, որոնք կրնան լուծուիլ ազգի ընդհանրական մասնակցութեամբ: Եթէ պայմանները ձեռնտու չեն Սահմանադրութեան պահանջած հանրաքուէն կազմակերպելու, կը մնայ հարցին քննարկման մասնակից դարձնել ազգին բաղկացուցիչ բոլոր շրջանակները եւ ուժերը:

Հանրաքուէ թէ ազգային ընդհանրական մասնակցութիւն կ՛ենթադրեն հանրային ծաւալուն իրազեկում: Որեւէ որոշում կայացնելէ առաջ, պէտք է կատարուին թափանցիկ ու ազատ քննարկումներ, հակադիր գաղափարներու ու դիրքորոշումներու փաստարկուած ու լրջախոհ բախում, պատասխանատու բանավէճ ու համադրումի ճիգ: Այս ճամբով է, որ կարելի կ՛ըլլայ հասնիլ ազգային առաջադրանքներու ճշգրիտ սահմանումին:

Տարբեր գործելակերպ կ՛ենթադրէ ժողովրդային կամքին ստորադասումը անհատի մը կամ սակաւապետութեան մը կամքին: Նման գործելակերպը հակաժողովրդավարական է ու ինչ եղանակով ալ ներկայացուի` սողացող ամբողջատիրութիւն է:

Չիրազեկել ժողովուրդը պետութեան լինելութեան ու ապագային վերաբերող ծրագիրներուն մասին, նպատակները վարագուրել խաղաղութիւն բերելու տարտամ խոստումով, չյայտնել ժողովուրդին գինը խոստացուած խաղաղութեան, կը նշանակէ շնականօրէն խաբել ժողովուրդը: Կը նշանակէ անոր ապրած ընկճախտը շահագործելով` վզին փաթթել ու պարտադրել լուծում մը, որ ազգը իր հոգիին խոր ընկալումով, հայոց պատմութիւնը վկայ, չի կրնար ընդունիլ:

Համազգային հնչեղութեամբ հարցերու հետապնդման նման ընթացակարգի մերժումը պիտի ազատագրէ ժողովուրդը պարտութեան ու կորուստին յաջորդած տեղատուութեան հոգեբանական կապանքներէն: Զայն մղէ Դիմադրութեան` պարտուողական լուծումներու դէմ: Պարտադրելու իշխանութեան իր ամէնէն նուիրական իղձերուն համապատասխանող գործելակերպ: Հակառակ պարագային` ձեւաւորելու նոր իշխանութիւն:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

aztagdaily.com

1