Դավիթ Իշխանյանն այցելել է Հունաստանի Ազգային Առաջնորդարան

Չորեքշաբթի, 6 Նոյեմբեր 2019–ի երեկոյեան ժամը 8–ին Յունաստանի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Արցախի Խորհրդարանի պատգամաւոր եւ Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Դաւիթ Իշխանեան, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Սերգօ Գույումճեանի: Այցելութիւնը ընդունեց Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ: Պրն. Սերգօ Գույումճեան ներկայացուցուց Արցախեան շարժումի առաջին իսկ օրէն թէ ռամզմական թէ հասարակական-քաղաքական մարզէն ներս իր մասնակցութիւնը բերած Պրն. Իշխանեանին: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յանուն Ազգային Իշխանութեան ուրախութեամբ ողջունեց այս այցելութիւնը, նշելով որ արդէն անցնող տասնամեակներուն Լիբանանի Թեմին Առաջնորդի հանգամանքով ծանօթ էր յարգելի հիւրին, այս առիթով անգամ մը եւս հաստատելով Հայ եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ իր թեմերուն ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախին:
Ազգային Վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան եւս բարի գալուստի խօսքերով ողջունեց այցելութիւնը պրն. Իշխանեանին:
Պրն. Իշխանեան շնորհակալ ըլլալով եղած պատուին եւ ընդունելութեան, իր գոհունակութիւնը յայտնեց անգամ մը եւս Յունաստանի հայութեան հետ ըլլալու, նշելով անցնող տարիներուն յունահայութեան բերած նպաստն ու մասնակցութիւնը Արցախեան պայքարին եւ ապա ընդհանուր կէտերու մէջ անդրադարձաւ Արցախի ներկայ իրավիճակին եւ դիմագրաւած հիմնահարցերուն: Պրն. Իշխանեան կարեւորութեամբ նշեց Մեծի Տանն կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի դերակատարութիւնը, ի մասնաւորի արցախ կատարած յատկանշական այցելութիւնը: Ազգային Վարչութեան անդամներուն կողմէ եղած հարցումներուն նաեւ տուաւ հարկ եղած լուսաբանութիւնները:
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի