Դաշնակցությունը պիտի շարունակի մնալ պատնեշի վրա՝ ծառայելու հայությանն ու Հայրենիքին
Գլխավոր » Գաղափարական » Դաշնակցությունը պիտի շարունակի մնալ պատնեշի վրա՝ ծառայելու հայությանն ու Հայրենիքին

Դաշնակցությունը պիտի շարունակի մնալ պատնեշի վրա՝ ծառայելու հայությանն ու Հայրենիքին

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն այս տարի եւս մեծ շուքով տօնախմբեց ՀՅԴ հիմնադրութեան 135ամեակը: Այդ առիթով խրախճանքը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Յունուար 31ի երեկոյեան, Ֆերահեան Ազգային վարժարանին «Աւետիսեան» հանդիսասրահին մէջ:

Ուրախութեամբ կ՛ուզենք յայտնել, որ խրախճանքին հիւրն էր Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լիլիթ Գալստեանը: Նաեւ ներկայ էին յայտնի բեմադրիչ Ջիվան Աւետիսեան, Մայքըլ Մահտեսեան եւ Սիմոն Սիմոնեան:

Ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներ, Հայ Մշակութային հիմնարկութեան ատենապետ Յարութ Քէօսեան եւ անդամներ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴի մեծ ընտանիքի տարբեր շրջաններու կոմիտէութեանց ընկերները, քոյր միութիւններու՝ ՀՄԸՄի, Հայ Դատի յանձնախումբի, ՀՕՄի, Համազգայինի, Ազգային վարչութեան եւ դպրոցներու խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչներ, ՀԵԴի եւ Պատանեկան միութեանց ընկերներ ու մեծ թիւով համակիրներ։

Խրախճանքին հանդիսավարուհի Նորա Չափարեան երեկոյին բացումը կատարեց իր ոգեշունչ խօսքերով:

Ապա, Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան օրհնեց սեղանները, որմէ ետք փոքրիկ գեղարուեստական բաժին մըն ալ հրամցուեցաւ ուր Sonata Music School-ի սաները ոգեւորեցին բոլորը:

Ապա, խօսք առաւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեան, բարի գալուստ մաղթելով բոլոր ներկաներուն եւ հակիրճ կերպով ներկայացուց ՀՅԴի անցած ուղին եւ այսօրուան մարտահրաւէրները: Ան յիշեցուց, որ իր հիմնադրութենէն ի վեր, Դաշնակցութիւնը ծառայած է հայութեան՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին, հայութեան իղձերուն իրականացման համար յոյժ կենսական նկատելով միասնականութիւնը։ Ան վստահեցուց, որ Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ, հասնելու համար հայութեան եւ հայրենիքի կարիքներուն․ լուսարձակի տակ առնելով ներկայ առաջնահերթութիւնները՝ երաշխաւորել Հայաստանի սահմաններուն ապահովութիւնը, Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով պահուող հայ գերիներուն ազատ արձակումը եւ Արցախի հայութեան վերադարձը իր պատմական հայրենիքը։

Ապա ան շնորհաւորեց ՀՅԴի 135 ամեակը եւ յաջողութիւն մաղթեց ապագայի աշխատանքներուն համար՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:

Պաշտօնական բաժինէն ետք, խրախճանքը մինչեւ ուշ գիշեր խանդավառեցին Վարանդ Աւանէսեան եւ ազգային ու յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան, ներկաներուն սիրտերը լեցնելով յոյսով եւ ուրախութեամբ՝ ապագայի նկատմամբ:

Սփիւռքի հայաշատ քաղաքներէն մէկուն մէջ ՀՅԴի 135 ամեակին նուիրուած խրախճանքը գեղեցիկ շարժառիթ մը դարձաւ շրջանի ազգային կեանքի ծառայութեան ուխտին վերանորոգման համար: Ծառայութիւն յանուն ազգի եւ հայրենիքի:

(Թղթակցութիւնը՝ կազմակերպիչ յանձնախումբէն)

1