Դամասկոս Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչում
Գլխավոր » Լրահոս » Դամասկոս Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչում

Դամասկոս Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչում

Կազմակերպութեամբ համազգայինի «Լ.Շանթ» Մասնաճիւղի Վարչութեան, մասնակցութեամբ ՍԵՄ-ի «Դրօշակ» Մասնաճիւղի եւ ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի Մասնաճիւղի վարչութեանց, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչում, Կիրակի, 24 Ապրիլ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ա.Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս։

Հանդիսութեան ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ համայնքի պետ Հոգշ. Տէր Գէորգ Վրդ. Պահէեան, ՀՀ Դեսպանութեան խորհրդատու Ազատ Խաչատուրեան, «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան ներկայացուցիչն ու անդամները, Ազգ.Միացեալ ճեմարանի հոգաբարձութեան ներկայացուցիչն ու տնօրէնուհին, մարզական, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ հայորդիներու բազմութիւն մը։

Հանդիսավար Ժանէթա Պրունսուզեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու ցեղասպանութեան, հայրենիքի ու Արցախի նահատակներուն յիշատակը, ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կատարողութեամբ հնչեցին Սուրիոյ եւ հայաստանի քայլերգները։ Վարչութեան խօսքը արտասանեց Յակոբ Շիրինեան, որ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան պայքարի գործընթացին ըսելով. «Այսօր, որպէս Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան դեսպաններ, հաւատարիմ համազգայինի ազգապահպան առաքելութեան, անգամ մը եւս կը վերանորոգենք պահանջատիրական մեր ուխտը՝ տէր կանգնելու Հայրենիքին, հայ ժողովուրդի ազգային մշակութային ժառանգութեան, ապագայատեսիլ վճռակամութեամբ եւ անխարդախ հաւատքով շարունակելու պայքարը մինչեւ Հայ Դատի արդար հատուցում եւ իրաւունքներու վերականգնում»։

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան խումբ մը երիտասարդներ, որոնք ասմունքով ու երաժշտութեամբ արտայայտնեցին մեր ժողովուրդին ցասումն ու պայքարը։ Այսպէս՝ Անի Տէմիրճեան տպաւորիչ առոգանութեամբ արտասանեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիների Պարը», ջութակով երաժշտական երկու կտոր յաջորդաբար հմտութեամբ նուագեցին Արէն Սեդիկեան (Կոմիտասի “Կռունկը”) եւ Սերժ Պոյաճեան (“Ծիծեռնակ”):

Միրելլա Խալիլ իւրայատուկ ոճով ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Կա՛նք,Պիտի Լինենք» ոտանաւորը: ՍԵՄ-ի «Դրօշակ» Մասնաճիւղի Վարչութեան խօսքը ուղղեց Միսաք Թէմիզճեան, որ անգամ մը եւս հաստատեց պահանջատիրական մեր երթին մէջ սուրիահայ երիտասարդին վճռակամութիւնը՝ շարունակելու պայքարի երթը մինչեւ յաղթանակ ըսելով. «Հայ դատը պայքար է, պայքար եղած է հայ ժողովուրդի ողջ պատմութիւնը. պատմութեան արիւնոտ ծփանքներուն դիմաց հայ ժողովուրդը որոշած է գոյեատեւել, պայքարած է պարտուողականութեան եւ նահանջի դէմ եւ մնացած է պատմութեան թատերաբեմին վրայ։

Այսօր, Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալը պայքար է, հայաստանի հզօրացումը, Արցախի տարածքներու վերադարձը պայքարելով կ՚իրականանան։ Այս գիտակցութեամբ պիտի շարունակենք պահանջատիրական պայքարի մեր երթը»։ Օրուան պատգամը ուղղեց հալէպէն ժամանած փաստաբանուհի Մարիա Գաբրիէլեան։ Ան համապարփակ գիծերու մէջ նախ պատմական ակնարկ մը նետեց ցեղասպանութեան անհերքելի իրողութեան վրայ, ապա լուսարձակի տակ առաւ Հայ Դատի իրաւական թղթածրարի պատրաստման աշխատանքներուն համահայկական մասնակցութեան հրամայականը եւ կարեւոր համարեց Արցախի հարցին արդարացի կարգաւորումը։

Ան ընդգծեց.«Մեր ազգի դատին նշումը այս տարի կը կատարենք նախորդ տարիներէն բոլորովին տարբեր պայմաններու մէջ, որովհետեւ կը տառապինք նոր հողերու կորուստով: Այս տարի մեր ոգեկոչական հանդիսութիւններուն հայրենի իշխանութիւններու նահանջի դրսեւորումներուն ի տես ամօթ զգալով կ՛աղօթենք մեր սրբացած նահատակներուն հոգիներուն համար:
Դժուար թէ աչք-աչքի կարենանք գալ Վարուժանի, Զարդարեանի, Սիամանթոյի, Սեւակի, Թլկատինցիի հետ, գուցէ չհամարձակինք իրենց յուշերով մեր երեկոյին հրաւիրել Երկանեանը, Թեհլիրեանը, Շիրակեանը, Ծաղիկեանը: Համոզուելով հանդերձ մեր դատական թղթածրարի իւրաքանչիւր կէտի արդարացիութեան, այսօր աշխարհասփիւռ հայութեանս համար կան էական հարցադրումներ, որոնց պատասխան-յստակացումները մեր դատի վերաբերող աշխատանքներուն համար, յատկապէս ներազգային իմաստով, մեծապէս կարեւոր են»։

Այնուհետեւ բանախօսը անդրադարձաւ կարգ մը կէտերու, որոնց հիմամբ ամբողջական կը դառնայ Հայ Դատի իրաւական փաստաթուղթերու թղթածրարը։ Բանախօսը շեշտադրեց, որ հողերը վերադարձնելու գործընթացը հաստատապէս իրատեսական է: Կան հիմնական գործօններ, որոնցմով կարելի է որոշել, թէ ո՞ր հողերը պիտի փոխանցուին հայերուն, որպէս ցեղասպանութեան պատճառով կորսուած տարածք, ապա նշեց այդ գործօնները։ Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Հայր Գէորգ Պահէեանի «Պահպանիչ» աղօթքով։

Ներկաները անգամ մը եւս վերաթարմացուցին ցեղասպանութեան յիշողութիւնը եւ վերահաստատեցին պահանջատիրական իրենց ուխտը՝ շարունակելու պայքարի երթը մինչեւ ազգային իրաւունքներու վերականգնում։

Սոնա Անտրեան

kantsasar.com

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները կը վերահաստատեն միասնակամ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը եւ հայկական պահանջատիրութեան անժամանցելիութիւնը

Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի յիշատակումին ընդառաջ, միջկուսակցական հանդիպում մը կայացաւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն միջեւ:

Հանդիպումը առիթ եղաւ անգամ մը եւս ընդգծելու հայկական միասնական կեցուածքը հայկական պատմական իրաւունքներուն վերականգնումին գծով: Առ այդ, կողմերը վերահաստատեցին հայկական պահանջատիրական պայքարի անժամանցելիութիւնը` մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ոճիրի միջազգային ամբողջական ճանաչումը, դատապարտումը եւ վնասուց արդար հատուցումը` ցեղասպան Թուրքիոյ պետութեան կողմէ:

Արդարեւ, իւրաքանչիւր Ապրիլի հետ կը վերանորոգուի հայ ժողովուրդի ազգային կսկիծը: 107 տարիներ հայ ժողովուրդը չմոռցաւ իր նահատակներուն կտակը, հաստատուած իւրաքանչիւր հողաշերտի վրայ ստեղծեց նոր կեանք: Հայերը ո՛չ միայն չդադրեցան գոյութիւն ունենալէ, այլեւ փիւնիկի նման ծնունդ առին Տէր Զօրի մոխրակոյտ անապատներէն եւ շարունակեցին իրենց գոյատեւումը առաւել յառաջդիմելով եւ առաւել զարգանալով:

Այս յիշատակը լաւագոյն առիթը կը հանդիսանայ համախմբելու բոլոր հայութիւնը, մղելու համազգային պայքարի եւ միակամ պահանջատիրութեան:

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները կը շեշտեն, որ հայ ժողովուրդին կրած հողային ու մարդկային ծանր կորուստէն ետք, հայկական միասնականութիւնը ամրապնդելու, ազգային պահանջատիրական երթը անխախտ պահելու, ինչպէս նաեւ թշնամի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ հայութեան ու Հայաստանի նկատմամբ մինչեւ օրս շարունակուող յարձակողապաշտ ու ծաւալապաշտ ախորժակները կասեցնելու եւ նաե՛ւ 44-օրեայ արցախեան պատերազմի հետեւանքները դարմանելու համար, այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, համայն հայութեան ներուժի համախմբումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է:

Պէտք չէ առիթ տանք հայրենասիրութեան եւ պահանջատիրութեան ոգիի նահանջին:
Նոր-օսմանական եւ համաթուրանական ծաւալապաշտ քաղաքականութեան առնչութեամբ մտահոգութեամբ կ՛արձանագրենք Թուրքիոյ միջամտութիւնները` արաբական երկիրներու ներքին հարցերուն, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Միջերկրականի շրջանին մէջ Թուրքիոյ ունեցած ապակայունացնող դերակատարութիւնը` շեշտադրելով, որ թրքական պետութեան դրսեւորած գերաշխուժ դերակատարութիւնը անոր որդեգրած նոր-օսմանական ծաւալապաշտական գաղափարախօսութեան արդիւնքն է:

Մեկնելով այս բոլոր նկատառումներէն, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները կը յայտարարեն, որ 107-րդ տարելիցը պէտք է յարմարագոյն առիթը ըլլայ վերահաստատելու միասնականութեան ոգին, ինչպէս նաեւ պայքարի կանչը ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, այլեւ ազգային պահանջատիրութեան գաղափարին նկատմամբ: Քաջ գիտնալով, որ մէկ սիրտ, մէկ ոգի ըլլալը աւելի արդիւնաւէտ կը դարձնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու Հայ Դատի պահանջատիրական մեր երթը:

Հայ Երիտասարդաց Միութիւն

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւն

Թէքէեան Մշակութային Միութիւն

Հալէպ, 26 Ապրիլ 2022

kantsasar.com

1