Բնական աղէտն ու ընտրական հաշիւները
Թուրքիոյ մէջ նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութինները նախատեսուած էին այս տարուան 18 Յունիսին, սակայն նախագահ Էրտողան՝ նկատելով ընդդիմութեան անպատրաստ ու պառակտուած վիճակը 22 Յունուարին յայտարարեց, թէ երկրին մէջ ընդհանուր ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 14 Մայիսին՝ այդպիսով փորձելով ընդդիմութիւնը զրկել միաւորուելու եւ իր իշխանութեան վտանգ ներկայացնելու առիթէն։ Հակառակ անոր քաղաքական խորամանկութեան, «շաբաթը ուրբաթէն առաջ եկաւ»։
Փետրուար 6-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն 7.8 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց Թուրքիան։ Շուրջ 12 ժամ ետք, մէկ այլ երկրաշարժ մը՝ այս անգամ 7.5 աստիճան ուժգնութեամբ դարձեալ հարուածեց Թուրքիան։ Երկու երկրաշարժներուն յաջորդեցին բազմաթիւ յետցնցումներ։
Երկրաշարժներէն ընտրութիւնները երկարող կարճ ժամանակը անխուսափելիօրէն աղէտին նկատմամբ կառավարութեան հակազդեցութեան տուաւ քաղաքական առաւել լուրջ ու շեշտակի նշանակութիւն։ Այդպիսով՝ Թուրքիան հարուածած աւերիչ երկրաշարժները եկան բարդացնելու եւ խանգարելու Էրտողանի ընտրական հաշիւները, երբ, կը թուէր, թէ ամէն բան հեզասահօրէն դէպի ընտրական յաղթանակ կ’ընթանար։
Այժմէն իսկ յստակ է, թէ երկրաշարժները պիտի ունենան տնտեսական ծանր հետեւանքներ Թուրքիոյ համար, որ արդէն իսկ տնտեսական մեծ դժուարութիւններու մատնուած էր, եւ ուր սղաճը արդէն հասած էր պաշտօնական տուեալներու համաձայն 58 առ հարիւրի։
Կառավարութիւնը այդ խնդիրը դիմագրաւելու համար նախատեսած էր մեծ գումարներ յատկացնել տնտեսութեան վերականգնումը խթանելու համար. այժմ այդ գումարները պիտի յատկացուին բաւարարելու համար անմիջական ու կենսական կարիքները երկրաշարժէն աղէտեալ շրջանի մը, ուր, ըստ «Պլումպըրկ»-ի կատարած մէկ հապճեպ ուսումնասիրութեան, թրքական դրամատուներու կողմէ տրամադրուած վարկերը արդէն հասած էին 30 միլիառ տոլարի։ Միւս կողմէ՝ կը հաղորդուի, որ պետութեան առաջին հրատապ օժանդակութեան թղթածրարը՝ 5.3 միլիառ տոլար է։
Թուրքիոյ նախագահը այժմ պիտի փորձէ շահագործել 7 Փետրուարին երկիրի տարածքին իր յայտարարած 3 ամիս տեւողութեամբ՝ իմա մինչեւ ընդհանուր ընտրութիւններու թուական երկարող արտակարգ դրութիւնը, որ անոր կ’արտօնէ երկրաշարժներէն վնասուած շրջաններուն մէջ հեզասահ կերպով ապահովական ու ելեւմտական քայլեր որդեգրել։ Երեք ամսուայ երկարութեամբ արտակարգ դրութիւնը Էրտողանի վերջին յոյսն է երեք ամիս ետք նախատեսուած ընտրութիւններուն «յաջող» կամ առնուազն «ընդունելի» աւարտ մը ապահովելու համար։
Էրտողանի քաղաքական ճակատագիրը կախեալ է երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման մարտահրաւէրին անոր ցուցաբերելիք արձագանգէն ու ատոր արդիւնքէն։ Իշխանութիւնները քաջ կը գիտակցին այդ իրողութեան, ուստի կը դիմեն լռելցնելու ամէն ձայն, որ իշխանութիւններուն դերացումները կը մատնանշէ, ուստի եւ ժխտական անդրադարձ կ’ունենայ անոնց ղեկավարին ու նախագահական թեկնածուին ընտրական քարոզարշաւին վրայ։
Այսպէս օրինակ, կը հաղորդուի, որ «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը դէպքի վայրէն հարցազրոյց կ’ընէ երկրաշարժէն վնասուած քաղաքացիի մը հետ, եւ երբ վերջինս կը մատնանշէ, որ իրենք անտէրութեան մատնուած են եւ ոչ ոք եկած է օգնութեան, ուղիղ սփռումի ձայնը կ’անջատեն։ Մէկ այլ դրուագի մէջ «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը ուղիղ սփռումով տեղեկագրութիւն կատարելու ընթացքին անոր մօտ գտնուող քաղաքացիները կը բողոքեն, թէ զիրենք բախտի քմահաճոյքին ձգած են, այդ ժամանակ հաղորդման վարիչը արագօրէն կ’անջատէ ուղիղ սփռումը։
Այդ մարդիկը ճշմարտութեան մասին կը վկայեն, իրականութեան մը մասին, որ ընտրական քարոզչութեան առումով Էրտողանի ընտրարշաւին վնաս կը պատճառէ, ուստի այդպիսի ձայները կը լռեցուին։
Իրապէս ալ, երկրաշարժէն վնասուած շրջաններուն մէջ անիշխանական եւ կարգ ու կանոնի բացակայութեան կացութիւն կը տիրէ։ Այդտեղ համատարած է կողոպուտը, սակայն կայ աւելի լուրջը։ Աւստրիական բանակը 11 Փետրուարին յայտարարեց, թէ կը դադրեցնէ Անտիոքի մէջ փրկարարական աշխատանքը՝ «աղէտի գօտիի մէջ անվտանգութեան կացութեան վատթարացման պատճառով»։
Աւստրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Միքայէլ Պաուեր նշեց, թէ աւստրիական բանակի փրկարարական ստորաբաժանումները որոնողական աշխատանքներուն պիտի վերամիանան, երբ «աշխատանքային միջավայրը բարելաւուի»։ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը նախքան այդ հաղորդած էր, թէ Անտիոքի մէջ բախումներ տեղի կ’ունենան անյայտ խումբերու միջեւ։
7 Փետրուարին, թրքական «Թէ.24» կայքը հաղորդեց, որ Ալեքսանտրէթ նահանգի շրջանի բնակիչները երկրաշարժէն ետք անօգնական մնացած են եւ փլած շէնքերուն մէջ որոնողական աշխատանքները կը կատարուին հիմնականին մէջ տեղւոյն իշխանութիւններու ջանքերով, որոնք բաւարար չեն։ Բնակիչները նշած էին, թէ պետութիւնը որեւէ օգնութիւն չէ ուղարկած Անտիոք, եւ փողոցներուն մէջ դիակները թափուած են առանց ծածկուելու, իսկ փլատակներուն տակ ողջ մնացածներուն ձայները կը լսուին։ Թրքական իշխանութիւններուն կողմէ կիրարկուած անտեսման քաղաքականութեան պատճառը հաւանաբար այն է, որ Ալեքսանտրէթ նահանգին մէջ ազգութեամբ թուրքերը քիչ են, եւ շրջանի հիմնական բնակիչները ալեուիներ, քիւրտեր, արաբներ, հայեր եւ ասորիներ են։
Այս բոլորի կողքին, նաեւ ի յայտ կու գան փտածութեան եւ ատոր հետեւանքով անվտանգութեան կանոններուն չհամապատասխանող շէնքերու կառուցման արտօնագիրներու տուուչութեան բազմաթիւ օրինակներ։
Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճոն Քենետի առիթով մը ըսած է. «Չինացիները վրձինի երկու հարուած կ’օգտագործեն «տանգապ» բառը գրելու համար։ Վրձինի առաջին հարուածը կը ներկայացնէ վտանգ, երկրորդը՝ առիթ»։
Աւերիչ երկրաշարժներուն իբրեւ հետեւանք ստեղծուած տագնապը Էրտողանի համար վտանգ մը ըլլալուն կողքին միջազգային ընտանիքին ու ընդհանրապէս հասարակութեան համար առիթ մըն է տեսնելու թրքական պետութեան իսկական երեսը՝ ցեղապաշտութիւնն ու այլամերժութիւնը, առիթ մըն է տեսնելու, թէ այդ երկիրը ունի երկու դասակարգի քաղաքացիներ՝ թուրքերը, որոնք առաջին կարգի քաղաքացիներ են, ուստի եւ անոնց կեանքերը յարգի, եւ ոչ թուրքերը, որոնց կարելի է ձգել անօգնական ու բախտի քմահաճոյքին, նաեւ Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիներուն համար առիթ մըն է տեսնելու, թէ ներկայ իշխանութիւններուն համար ընտրական քարոզչութիւնն ու ընտրական հաշիւները աւելի կարեւոր են քան մարդասիրական նկատառումներն ու իրենց ժողովուրդի դժբախտութիւնն ու տառապանքը։
Երկրաշարժերը քաղաքական ճնշումի տակ դրին Էրտողանը, եւ անոր համար վճռորոշ քննութիւն մըն են։ Նոյն ատեն, հսկայական աւերն ու միլիոնաւոր տեղահանուածներու գոյութիւնը եւ աղէտեալ գօտիին մէջ կարգ ու կանոնի բացակայութիւնը արգելք են նախագահական կամ որեւէ այլ ընտրութեան կայացման։
Էրտողան նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար ընտրած էր խորհրդանշական օր մը՝ 14 Մայիսը։ Արդարեւ 1950 թուականի այդ օրը Էրտողանի քաղաքական կուռք՝ Ատնան Մենտերէս դարձած էր բազմակուսակցական համակարգի մը մէջ ընտրուած երկիրի առաջին վարչապետը։ Մենտերես, իր արձանագրած ընտրական ջախջախիչ յաղթանակէն տասը տարի ետք, երկիրին մէջ տեղի ունեցած առաջին զինուորական յեղաշրջման իբրեւ հետեւանք կախաղան բարձրացած էր՝ «արդի Թուրքիոյ դաւաճանութեան»՝ իմա իսլամական կողմնորոշման համար։
Այսօր երկիրին մէջ երկրաշարժէն ետք ստեղծուած աւերն ու Էրտողանի համար ոչ բարենպաստ պայմանները մտածել կու տան, թէ Թուրքիոյ իսլամական նախագահը պիտի չհասնի իր երազին՝ Մենտերէսի Թուրքիոյ ղեկավար ընտրուելուն օրը, այդ ալ աշխարհիկ արդի Թուրքիոյ ստեղծման 100-ամեակի տարուան մէջ, նախագահ ընտրուելով «Մենտերէսի վրէժը լուծելու»։ Ան հաւանաբար հարկադրուի նախագահական ու երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու, որպէսզի այդպիսով այսօր խիստ դժգոհ եղող քուէարկողները գոհացնելով սիրաշահելու յաւելեալ ժամանակ ունենայ։
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
«Հայրենիք»