Բարդ, բայց` ոչ անկարելի վերակերտումներ
Գլխավոր » Լրահոս » Բարդ, բայց` ոչ անկարելի վերակերտումներ

Բարդ, բայց` ոչ անկարելի վերակերտումներ

Յետպատերազմեան ներկայ պայմաններուն մէջ մայիսքսանութեան խորհուրդի այժմէականացման փորձ կատարելը բարդ է: Խորհուրդը ի՛նքը ամէնէն առաջ ազգի շարունակականութեան գաղափարը կ՛ամփոփէ, պետականութեան հիմնումը, անկախութեան եւ գերիշխանութեան գաղափարներու առարկայացումը: Տակաւին, համաքաղաքակրթական առումով` համաթուրանական ծրագիրի խափանումը: Նաեւ` քաղաքական գերակայ ուղղութիւն որդեգրելու տեսակէտէն թրքական մուրճին եւ ռուսական սալին երկընտրանքէն դէպի երկրորդը հակուելուն:

Այս խորհուրդները այժմէական են` ոչ անպայման հայկական կողմին նպաստաւոր այժմու դրութեամբ: Փորձենք լոյսին բերել գլխաւոր խորհուրդներու կէտեր` այսօրուան իրավիճակին համեմատաբար:

Ազգի շարունակականութիւնը հիմնովին կապուած է անվտանգութեան խնդիրներու հետ: Պատերազմական վիճակը, բռնագրաւումը, անապահովութիւնը տեղի կու տան արտահոսքի, հայրենիքէն հեռացումի: Պատերազմէն ետք ոչ միայն խեղուած է Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը, այլ նաեւ միջադէպերով կը յատկանշուին Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանները: Ազրպէյճանական զինեալներու ներխուժումը հայկական տարածքներ ամէնօրեայ յաճախականութիւն կ՛արձանագրեն: Խնդրոյ առարկայ է մեր հայրենիքի սահմաններուն անառիկութիւնը: Վտանգուած են ազգի շարունակականութեան երաշխիք հայրենի բնօրրանները:

Հարուածուած է մեր անկախ եւ գերիշխան պետութիւն զարգացնելու գործընթացը: Պաշտօնական Երեւանն ու Ստեփանակերտը պատերազմէն ետք չունին արտաքին քաղաքականութիւն կիրարկելու նախկին առաձգականութիւնը: Երեւանը կորսնցուցած է նաեւ արցախեան բանակցութիւններուն մասնակցելու իրաւակարգը` իբրեւ Արցախի եւ արցախահայութեան գլխաւոր երաշխաւոր: Պարտադրուած պայմանաւորուածութիւններ, ռազմագերիները պատանդուած պահելու իրականութիւն, առանց դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման` սահմանագծման եւ սահմանազատման գործողութիւններու մեկնարկի նախադրեալներ, Արցախի հակամարտութեան կարգաւորումէն առաջ Հայաստան-Ազրպէյճան ապաշրջափակման ծրագիրներու անցումներ` կը խօսին մեր որոշումի կայացման բացակայութեան մասին:

Մայիսեան հերոսամարտերը կասեցուցին թուրանական ցեղերու ցամաքային միացումի ծրագիրը: Տարածաշրջանը այսօր ամէնէն լայն աշխարհագրութեամբ քաղաքակրթական այլ պատկեր կը պարզէր, եթէ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը եւ այնուհետեւ թուրանական-թրքախօս ցեղերով բնակեցուած տարածքները միաւորուած ըլլային Հայաստանի գրաւումով:

Այսօր «միջանցք»-ի, փոխադրութեան, ենթակառուցուածքի կամ ընդհանրապէս ապաշրջափակման տեսքերով նոյն ծրագիրի վտանգը առկայ է: Ապաշրջափակումը, բաց սահմանները անհրաժեշտ են որեւէ երկրի ու պետութեան համար: Բայց երբ պարտուած կարգավիճակով, այլոց համաձայնութիւնները ստորագրելու հարկադրանքին առջեւ կը դրուի հայկական կողմը, առանց նախապատրաստուելու սահմաններու վերաբացման, այդ պարագային վտանգի առկայութիւնը յաւելեալ զգալի կը դառնայ: Ի վերջոյ սովորական դրացի պետութիւններու հետ չէ, որ սահմանները բանալու ծրագիրներ կ՛առաջադրուին:

Մայիսեան հերոսամարտերը, Հայոց ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք, յաղթեցին Ցեղասպանութեան ծրագիրը ամբողջացնելու նպատակ դրած թրքական բանակներուն: Ցեղային զտումի բազմաթիւ փորձեր կատարեց եւ կը փորձէ ամէն առիթի կատարել թուրքեւազրպէյճանական յատուկ դաշինքը:

Եւ վերջապէս` գլխաւոր դասը: Նոյնիսկ արհաւիրքի ամէնէն դժուար ու անյաղթահարելի թուացած օրերուն հայութեան մէկութիւնը կերտեց հրաշքը, ապահովեց ազգի շարունակականութիւնը, հիմնեց անկախ հանրապետութիւնը, կասեցուց համաթուրանական ծրագիրը:

Այդ մէկութիւնն է անհրաժեշտ: Իսկ այդ մէկութեան ստեղծման համար` մայիսքսանութեան խորհուրդներուն հաղորդ պետականութիւնը:

aztagdaily.com

1