Աթէնքի մէջ գումարուեցաւ Եւրոպայի Հ.Յ.Դ. Մարմիններու Ռայոնական ժողովը
Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյի հրաւէրով, 8 եւ 9 Յուլիս 2023-ին, Աթէնքի մէջ գումարուեցաւ Եւրոպայի Հ.Յ.Դ. Մարմիններու Ռայոնական ժողովը, մասնակցութեամբ եւրոպական տարածքին վրայ գտնուող հայագաղութներուն մէջ գործող կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներուն։
• Ժողովը լսեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ու շրջաններու տեղեկագրերը եւ հանգամանօրէն քննեց հայրենի, համահայկական եւ տարածաշրջանային հարցերուն մասին զեկուցումներն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
• Քննեց շրջաններու կազմակերպական կեանքը, լուսարձակի տակ առնելով Եւրոպայի համայնքային կեանքի իրավիճակն ու հեռանկարները, գաղութներու հզօրացման անհրաժեշտութիւնը, մերժելով նաեւ ամէն տեսակի պառակտիչ քայլերը՝ ջլատելու սփիւռքի ուժականութիւնը։
• Ժողովը քննարկեց Հայաստանի իշխանութիւններու վարած քաղաքականութիւնը Արցախի հիմնահարցի գծով ու մերժելի նկատեց որեւէ փորձ Արցախի ամբողջականութեան ու ինքնորոշման իրաւունքի ոտնահարման ուղղութեամբ։
• Ժողովը քննարկման լայն առարկայ դարձուց Արցախի հիմնահարցը եւ ներկայ իրավիճակը, մասնաւորապէս քննելով եւրոպական երկիրներու եւ համեւրոպական մակարդակի վրայ Հայաստանի ու Արցախի հարցերուն կապակցութեամբ եւրոպահայութեան համախմբման ծրագիրներու ծաւալումը յառաջիկայ ամիսներուն։
• Քննութեան նիւթ դարձաւ Եւրոպայի երկիրներու մօտեցումը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ՝ թուրքազերիական ծաւալած հակահայ գործունէութիւնը եւրոպական երկիրներուն եւ կառոյցներուն մօտ։
• Հայ դատի հետապնդման ծիրէն ներս, ժողովը լսեց զեկուցումներ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի ու շրջաններուն մէջ Հայ դատի աշխատանքներու գործունէութեան առնչութեամբ, ապա ճշդեց առաջնահերթութիւններն ու անմիջական քայլերը։
• Նոյն ծիրին մէջ, ժողովը անդրադարձաւ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին դէմ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած զրպարտական քարոզարշաւին եւ հաստատեց նման հակահայ դրսեւորումներու առաջքը առնելու հրամայականը։
• Ժողովը կարեւորեց եւրոպական տարածաշրջանէն ներս հայագաղութներու գործունէութեան հասարակաց մարտահրաւէրներու եւ հեռանկարներու համադրումը, մարմիններու եւ կառոյցներու միջեւ գործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները՝ համահայկական կամ մասնակի օրակարգերու իրագործման շրջագիծէն ներս։
Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Մարմիններու Ռայոնական ժողով
Աթէնք, 8 եւ 9 Յուլիս 2023