Աշխարհահռչակ դատախազ դոկտ. Լուիս Մորենո Օկամպոն դասախոսություն է ունեցել Անթիլիասի մայրավանքում
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » Աշխարհահռչակ դատախազ դոկտ. Լուիս Մորենո Օկամպոն դասախոսություն է ունեցել Անթիլիասի մայրավանքում

Աշխարհահռչակ դատախազ դոկտ. Լուիս Մորենո Օկամպոն դասախոսություն է ունեցել Անթիլիասի մայրավանքում

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ, Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր ու առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ դասախօսեց լիբանանահայ կազմակերպութիւններու, կրթական ու ընկերային միութիւններու, կուսակցական եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներուն ներկայութեան։ Դասախօսուոթեան նիւթն էր «Ցեղասպանութեան հռչակագրի հռչակումէն 75 տարի ետք, ինչո՞ւ աշխարհը կը ձախողի հռչակագրի հրամայականներուն պատասխանել»։

Բարի գալստեան խօսք արտասանեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան անդամ Ռիթա Մելեքեան, որ ջերմօրէն ողջունելէ ետք ներկաները՝ ներկայացուց յայտագիրը

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի անդամ եւ Պէյրութի Ամերիկեան, ու Լիբանանի Պետական համալսարաններուն մէջ քաղաքական գիտութեան եւ միջազգային օրէնքի դասախօս դոկտ. Նորա Պայրագտարեան։ Ան համապարփակ ակնարկ մը նետեց միջազգային օրէնքին մէջ ցեղասպանութեան հռչակագրին որդեգրումին եւ անոր յաջորդող առնուած քայլերուն՝ կանխարգիլելու համար ցեղասպանութիւնները եւ հաշուի կանչելու համար ցեղասպանները։ Ան ըսաւ, որ ցեղասպանութեան հռչակագիրը իր մէջ ներառած էր Միջազգային Քրէական Դատարանին կազմութեան տեսիլքը ու հիմնադիր բնագիրը եւ ազդեցութիւն ունեցած է զանազան միջազգային օրէնքներու կազմաւորման վրայ։ Դոկտ. Պայրագտարեան դիտել տուաւ, որ հակառակ ցեղասպանութեան հռչակագրին, որուն կազմութեան դրդապատճառներէն հիմնականն էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, պետութիւններուն վրայ դրած պարտքին, անոր կիրառումը կը մնայ մեծապէս թերի։ Ցեղասպանութեան հռչակագրին կենդանի ժառանգութիւնը արտացոլելու եւ անոր ձախողութեան խնդիրները հարցադրելու միտումով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կազմակերպեց այս դասախօսական երեկոն՝ հրաւիրելով մեծահամբաւ դատախազ դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ։ Ուստի, դոկտ. Պայրագտարեան ջերմօրէն ողջունեց դատախազը՝ հրաւէրը ընդառաջելուն համար, եւ ամփոփ կերպով ներկայացուց անոր ասպարէզին կենսագրականը, որ հարուստ է խիզախ կեցուածքներով, ի մասնաւորի Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն առնչուած, ինչպէս նաեւ դատախազին վերջին հրատարակութեան՝ Միջազգային Քրէական Դատարանի ներքին խոհանոցին մասին։

Յաջորդիւ, բեմ բարձրացաւ դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ։ Երախտագիտութիւն յայտնելէ ետք Մայրավանք գտնուելու հրաւէրին համար՝ ան երեք կենդանի օրինակներով ընդգծեց հայու տիպարին պայքարող գիծը եւ քաջալերեց չմարել այս ոգին՝ յաղթահարելու համար ներկայ մարտահրաւէրները։ Առաջին հերթին ան խօսեցաւ Գալիֆորնիայի Գերագոյն ատեանի դատախազ լիբանանահայ Կասիա Աբգարեանին մասին՝ անդրադառնալով օր մը առաջ Միջազգային Քրէական Դատարանին մէջ Ազրպէյճանի կատարած ցեղասպանութեան գծով քննութիւն բանալու հայցին։ Ան ըսաւ, որ Աբգարեան ո՛չ միայն փաստեր ներկայացուցած է Արցախի վերջին պատերազմէն մինչեւ Արցախի պարպումին տանող ժամանակաշրջանին վերաբերեալ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան, այլ նաեւ ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան սպառնացող ցեղասպանութեան առնչուած։ Խօսելով ցեղասպանութիւն կատարելու մտադրութեան ապացոյցներու մասին՝ Օքամփօ ներկայացուց Ալիեւի ռեժիմին թէ՛ յայտարարութիւնները եւ թէ՛ քայլերը, որոնք Աբգարեան օգտագործած է իր փաստաթուղթերուն մէջ։ Այն ինչ որ Ալիեւ 2023-ին կատարեց Արցախի դէմ, արդէն իսկ տարիներ առաջ, օրինակ 2015-ին, տարբեր յայտարարութիւններով մտադրութիւն ցուցաբերած է, իսկ ներկայիս, նոյն քաղաքականութեամբ ահ ու սարսափի կ՚ընթարկէ Հայաստանի քաղաքացիները, ըսաւ ան։

Օքամփոյի ներկայացուցած հայու երկրորդ տիպարը արցախցի Արտակ Բեկլարեանն էր՝ հասարակական եւ քաղաքական գործիչ, Արցախի հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան, Արցախի նախագահի աշխատակազմի նախկին ղեկավար։ Ան ըսաւ, որ հակառակ Արցախի առաջին պատերազմին իր հայրը եւ ականի պայթումի հետեւանքով փոքր տարիքէն իր տեսողութիւնը կորսնցուցած ըլլալուն, իսկ աւելի ուշ, կանուխ տարիքին մայրը կորսնցուցած ըլլալուն, Բեկլարեան չէ ընկրկած, այլ ուսման հետեւած է Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ ու վերադարձած է Արցախ՝ ծառայելու համար իր ազգին։ Օքամփօ դիտել տուաւ, որ միայն ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդ մը կրնայ հասկնալ ցեղասպանութեան հետեւանքները, եւ իրենց ֆիզիքական գոյութիւնը պահպանելու համար Արցախէն բռնի տեղահանուած արցախցիները ամէն իրաւունք ունին Արցախ վերադառնալու եւ միջազգային ապահովութեան երաշխիքով ապրելու պահանջ բարձրացնելու։

Վերջապէս, Օքամփօ խօսեցաւ Ցեղասպանութեան վերապրողի զաւակ Գարլոս Արսլանեանի ճանապարհորդութեան մասին՝ Լիբանանէն Արժանթին։ Արսլանեան ըլլալով անիրաւուած ազգի մը զաւակ, որոշած է Արժանթինի մէջ իրաւաբանութիւն ուսանիլ։ Անհեթեթ պատճառներու համար իրաւաբանութեան ոլորտին մէջ աշխատելու առաջին հայցը մերժուելէն անմիջապէս ետք՝ Գարլոս Արսլանեան թակած է դատախազի մը դուռը եւ ներկայացուցած իր վրդովումը՝ կատարուած անիրաւութեան դէմ, որմէ ետք այդ դատախազը զինք ընդունած է գործի։ Հակառակ իրմէ պահանջուածին տակաւին տիրապետած չըլլալուն, Արսլանեան ինքնաշխատութեամբ շուտով տիրապետած է բոլոր պահանջներուն եւ տարիներ ետք դարձած է Արժանթինի դատախազը՝ այն դատարանին, որ 1915 թուականին հինգ ամիս շարունակ դատավարած է Արժանթինի բռնատէր համակարգի կառավարիչներուն դէմ դատը։

Օքամփօ նաեւ անդրադարձաւ ցեղասպանութեան հռչակագիրին սահմանափակումներուն եւ Միջազգային Քրէական Դատարանի դատախազութեան օրերուն իր գործունէութեան մասին՝ ընդգծելով, որ համաշխարհային միասնականութիւնը կարեւոր է պայքարելու համաշխարհային մեծ պետութիւններու քաղաքականութեան։ Վերջապէս, ան խօսեցաւ Արցախի հարցին առնչութեամբ իր հետաքրքրութեան եւ այս ուղղութեամբ իր տարած աշխատանքներուն մասին։

Հուսկ, իր եզրափակիչ օրհնութեան խօսքը ուղղեց ներկաներուն Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Ողջունելէ ետք Օքամփոյին ներկայութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ Նորին Սրբութիւնը իր միտքերը բաժնեց հինգ հիմնական կէտերու մէջ։ Ան ըսաւ, որ մարդկութեան դէմ ոճիրի կանխարգիլումը պէտք է սկսի ազգային գետնի վրայ, իսկ ցեղասպանութեան եղելութեան դիմաց լռողները եւս հարկ է ենթակուին պատժամիջոցներու։ Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ նաեւ, որ միջազգային ընտանիքը իրաւական գործընթացի կողքին պէտք է քաղաքական կամք պարտադրէ իր հաշուեյարդարին մէջ եւ կարեւորեց համաշխարհային կառավարման նոր մեթոտի մը ստեղծման անհրաժեշտութիւնը։

Իր խօսքի աւարտին, բարձր գնահատելով դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփոյի հայանպաստ աշխատանքը եւ հայ դատի պահանջատիրական պայքարին մէջ անոր ունեցած ներդրումը՝ Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետի Կարգ»ի շքանշանով պարգեւատրեց զինք։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Կաթողիկոսություն

1