Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը, բարօրութիւնը եւ զարգացումը բացարձակ առաջնահերթութիւններ են Դաշնակցութեան համար.- ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Հ. Տեր- Խաչատուրյան
Գլխավոր » Լրահոս » Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը, բարօրութիւնը եւ զարգացումը բացարձակ առաջնահերթութիւններ են Դաշնակցութեան համար.- ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Հ. Տեր- Խաչատուրյան

Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը, բարօրութիւնը եւ զարգացումը բացարձակ առաջնահերթութիւններ են Դաշնակցութեան համար.- ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Հ. Տեր- Խաչատուրյան

Դավիթ Իշխանյանի՝ ԱՀ ԱԺ նախագահ ընտրվելու կապակցությամբ «Ապառաժ»-ը իր հարցերն է ուղղել ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Հակոբ Տեր-Խաչատուրյանին.

Արցախի Հանրապետության այս ծանր օրերին ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ ընկեր Դավիթ Իշխանյանը ընտրվեց ԱՀ ԱԺ նախագահ: Ի՞նչ ընթացք է ունեցել ընկեր Իշխանյանի առաջադրումն այս կարևորագուն պաշտոնին, և ի՞նչ հիմունքներով ՀՅԴ-ն ընդունեց այդ առաջարկը:

-ՀՅԴ Բիւրոն ստացաւ Արցախի ներկայ ու վերջին երկու նախագահներու համախորհուրդ առաջարկը, որպէսզի Դաշնակցութիւնն իր դերակատարութիւնը բարձրացնէ Արցախի պետական համակարգէն ներս՝ ընդառաջելով ընկեր Դաւիթ Իշխանեանի՝ ԱՀ Ազգային ժողովի նախագահ առաջադրելու իրենց խնդրանքին, բնական է, որ մենք ամենայն լրջութեամբ վերաբերուեցանք այդ առաջարկին՝ միաժամանակ ունենալով մտահոգութիւններ. քաջ կը գիտակցէինք այն ծանր պատասխանատվութեան բեռը, որուն դէմ հանդիման կը դրուէր մեր աշխարհատարած կազմակերպութիւնը: Գնահատեցինք նաեւ այն իրողութիւնը, որ Արցախի մեր քաղաքական գործընկերները անվերապահօրէն թիկունք կանգնեցան այսպիսի պատասխանատու պաշտօն ստանձնելու առաջարկին:

-Արդյո՞ք որևէ պայմանավորվածություն կայացել է այս ընտրության նախօրեին:

-Այս առաջարկին կ’ընկերակցէր նաեւ խոստում, որ ԱՀ Ազգային ժողովի դերն ու պատասխանատւութեան ծիրը պիտի ընդարձակուին, եւ Խորհրդարանի նախագահը պիտի ունենայ վճռորոշ դերակատարութիւն քաղաքական հիմնական բոլոր գործընթացներումն մէջ, ի մասնաւորի Արցախի կարգավիճակի, անվտանգութեան, բանակցութիւններու եւ առհասարակ արտաքին յարաբերութիւններու ոլորտներուն մէջ: Ազգային ժողովը ԱՀ-ի ժողովրդընտիր երկու սիւներէն մէկն է նախագահական հաստատութեան հետ: Ան լիազօրուած է ներկայացնել ժողովուրդին կամքը եւ խօսիլ անոր անունէն: Այդ իսկ պատճառով անհրաժեշտ է, որ ԱԺ-ի նախագահն ունենայ ազդու լիազօրութիւն, գործիքակազմ եւ քաղաքական հնարաւորութիւններ իր գործունէութինը արդիւնաւէտ կերպով կատարելու համար:

Այս վճռորոշ օրերին ՀՅ Դաշնակցությանը բավականին ծանր ու պատասխանատու պաշտոն է վստահվել: Որո՞նք են  լինելու ՀՅԴ հետագա քայլերը: 

-Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը, բարօրութիւնը եւ զարգացումը բացարձակ առաջնահերթութիւններ են Դաշնակցութեան համար, եւ մենք երբէք չենք խուսափած պատասխանատւութեան մեր չափն ու կշիռը բարձրացնելու ի սպաս Արցախին, մանաւանդ օրհասական պահերուն: Այդ համոզումով ենք գտնուած Արցախեան գոյամարտի ակունքներուն մէջ առաջին օրերէն իսկ՝ պատերազմի դաշտին մէջ, համաշխարհային զօրաշարժ իրագործող Հայ դատի բանակով եւ Արցախի զարգացման աշխատանքներու նուիրումով: Որովհետեւ Հ.Յ.Դ.-ի համար Արցախի հիմնահարցի կարգաւորումը ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ,  արցախահայութեան անվտանգութեան ապահովումը եւ ընկերա-տնտեսական ճգնաժամի վերացումը մեր համաշխարհային շարունակական աշխատանքի առանցքը կը կազմէին ցարդ եւ կը կազմեն այսօր:

Համաձայն գտնուելով ընկեր Դաւիթ Իշխանեանի՝ որպէս ԱՀ Ազգային ժողովի նախագահ առաջադրուելու առաջարկին՝ կ’ակնկալենք, որ Արցախի քաղաքական բոլոր ոյժերը կը համախմբուին խորհրդարանին շուրջ՝ լաւագոյնս արտայայտելով իր ճակատագրին տէր Արցախահայութեան վճռակամ կամքը, միաժամանակ խթան հանդիսանալով մեր աշխարհով մէկ տարուող պայքարին ի դէմ Ադրբեջանի եւ Թուրքիոյ հայատեաց եւ ցեղասպանական քաղաքականութեան:

Արցախը մինակ չի մարտնչիր, ան ունի ամբողջ հայութեան նեցուկը:

Մենք կը հաւատանք, որ 2020ի պարտութիւնն ու այսօրուան ճգնաժամը ժամանակաւոր են, եւ համազգային ճիգերով յաղթահարելու ենք թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին ամէն խոչընդոտ:

Կը շնորհաւորենք ընկեր Դաւիթ Իշխանեանին իր նոր ու պատասխանատու պաշտօնին ընտրուելուն առիթով եւ կը մաղթենք բեղուն գործունէութիւն եւ լիակատար յաջողութիւն:

«Ապառաժ»

1