Արցախի Կողքին Է Զանազան Հանգրուաններու Գոյակռիւներ Շահած, Միաւորուած Եւ Միասնական Լիբանանահայութիւնը*
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Այս օրերուն, աշխարհի տարածքին, տարբեր երկիրներու մէջ տեղի կ՛ունենան Արցախի զօրակցութեան տարբեր հաւաքներ, ցոյցեր, դեսպանատուներու այցելութիւններ եւ յուշագրերու յանձնումներ: Հայութիւնը ամբողջ սփիւռքի տարածքին կը բախէ դռներ, կ՛արձանագրէ բողոքներ, որպէսզի մարդասիրական օժանդակութիւն հասնի արդէն 9-րդ ամիսը թեւակոխած պաշարուած, շրջափակուած Արցախին:
Թող թոյլ տրուի, սակայն, արձանագրել, որ տարբեր երկիրներու մէջ ծայր առած հաւաքներուն մէջ եզակի՛ է լիբանանահայութեան նախաձեռնածը` իր բնոյթով, էութեամբ եւ մանաւանդ խորհուրդով:
Այս գաղութի զօրակցութիւնը եզակի է տարբեր հանգամանքներով: Արցախի հայութեան կը զօրակցի եւ անոր պաշարումին վերացումը կը պահանջէ համայնք մը, որ անցած է պատերազմի ուղիէն եւ կրած պաշարումի բոլոր տեսակի հետեւանքները պատերազմի տարբեր հանգրուաններուն:
Կը զօրակցի գաղութ մը, որ Արցախի հայութեան նմանողութեամբ, ի՛նք եւս ստիպուած էր դիմելու ինքնապաշտպանութեան, երբ իր ֆիզիքական գոյութեան սպառնացած էին տարբեր ուժեր:
Արցախի ժողովուրդին կը զօրակցի համայնք մը, որ տարբեր հանգրուաններու ի՛նք եւս դիմագրաւած է հացի տագնապ, դեղորայքի չգոյութիւն, որ զրկուած է ելեկտրականութենէ, ջուրէ եւ արտաքին աշխարհի հետ ամէն տեսակի կապէ:
Որ ի՛նք եւս ենթարկուած է թէ՛ ծովային, թէ՛ օդային եւ թէ՛ ցամաքային պաշարումներու:
Որուն պարտադրուած են անցակէտեր եւ այդ անցակէտերուն վրայ տեղի ունեցած են սպանութիւններ, առեւանգումներ, յար եւ նման` Բերձորի միջանցքի այսօրուան պատահարներուն: Այդ անցակէտերը ճեղքելու ընթացքին ունեցած է անհետ կորսուածներ: Որ` այսօր ունի ընտանիքներ, որոնց զաւակները մինչեւ օրս չեն եկած լոյսին, չեն վերադարձած իրենց տուները:
Այո՛, թող թոյլ տրուի հաստատել, որ ա՛յս գաղութը ամէնէն շատը կը զգայ Արցախի ժողովուրդին տառապանքը, որովհետեւ ինք եւս կրնար ենթարկուիլ ժողովրդագրական զտումի, եթէ չդիմէր ինքնապաշտպանութեան:
Այս համայնքը, որուն անդամը այսօր Արցախի զինուորներուն հետ գերեվարուած է եւ կը շարունակէ պահուիլ Պաքուի բանտերուն մէջ` ենթարկուելով ամէնէն անմարդկային կտտանքներուն:
Մենք ունինք Արցախի խրամատներուն մէջ կողք- կողքի կռուած արցախցիներ եւ լիբանանահայեր:
Ունի՛նք Արցախի հողին իրենց արիւնը խառնած, արցախցիներու կողքին, լիբանանահայեր:
Ունի՛նք հայրենի հողին մէջ արցախցի նահատակներու կողքին հանգչող լիբանանահայեր:
Տակաւին. Արցախի հայութեան կը զօրակցի եզակի համայնք մը, որ իր տնտեսական ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ մասնակցած է արցախաշինութեան տարբեր ծրագիրներուն, գիւղերու հիմնումին որ` Լիբանանի հանրային կարծիքին յաջողած է փոխանցել հակամարտութեան էութիւնը եւ հակազդել լիբանանեան լրատուադաշտ մուտք գործած Ազրպէյճանի նենգափոխումը տարածող գրչակներուն:
Այս համայնքը, որուն անդամները` Պուրճ Համուտի, Հաճընի, Խալիլ Պատաուիի հայկական թաղամասերուն թէ հայկական Այնճարի մէջ, գիտցած են ամէն պարտադրուած հանգրուանի իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնել, իրազեկե՛լ լիբանանցի ժողովուրդը եւ բոլոր միջոցներով զօրակցիլ Արցախին:
Ա՛յս համայնքը, ուր գործող հայ քաղաքական կուսակցութիւններու պատասխանատուներ, Արցախի ղեկավար ներկայացուցիչներու կողքին, համալրած են Ազրպէյճանի սեւ ցուցակը եւ Պաքուի կողմէ յայտարարուած` իբրեւ անցանկալի անձեր:
Այս եզակի համայնքը, որուն երիտասարդութիւնը, քաղաքական կուսակցութիւններու նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, տարբեր առիթներու ցուցական աքթերով բացայայտած է Ազրպէյճանի ոճրագործ դիմագիծը, ցեղասպանական քաղաքականութիւնը եւ ռազմական յանցագործի կարգավիճակը:
Այս համայնքի երիտասարդութիւնը, որ ցոյցերով պաշարած է Ազրպէյճանի դեսպանատունը: Միջազգային օրէնքով ազրպէյճանական տարածք համարուող դեսպանատունէն խոյս տուած են ազրպէյճանցի դիւանագէտները այնպէս, ինչպէս արցախեան ազատամարտին անոնց զինուորները խուճապով լքեցին իրենց դիրքերը:
Այս համայնքի քաղաքական գործօնին աշխատանքներն են, որ ոչ միայն միջազգային համագումարներուն Լիբանանի ներկայացուցիչին անաչառ կեցուածքը կ՛ապահովեն արցախեան հարցին, այլ նոյնիսկ իսլամական վեհաժողովներուն իրենց ձայնը լսելի կը դարձնեն լիբանանցի դիւանագէտներուն ճամբով` չմիանալու Ազրպէյճանի հակահայ բանաձեւերուն:
Պաքուն այս բոլորին շատ լաւ գիտակից է: Այդ պատճառով ալ ձայն ու ծպտուն չի հաներ, երբ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու համապատասխան բաժանմունքները աշխատանքներ կը տանին լիբանանեան պետական, քաղաքական, դիւանագիտական տեղեկատուական շրջանակներուն մէջ` Արցախի հարցի էութիւնը լուսաբանելու եւ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը բացայայտելու առումով:
Այս գաղութն է տակաւին, որ Անթիլիասի մէջ, վեհափառ հայրապետի նախաձեռնութեամբ, իր քաղաքական, յարանուանական եւ սփիւռքեան համահայկական միութիւններով կը հաւաքուի օրհասական պահերուն եւ Արցախի ուղղութեամբ իր աշխատանքները կը համակարգէ` միասնաբար ճշդելով համասփիւռքեան օրակարգերն ու աշխատանքի ուղենիշները:
Արցախի հակամարտութիւնը վերստին միջազգայնացած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդը իրերայաջորդ արտակարգ նիստեր կը գումարէ Արցախի ապաշրջափակման հարցով:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր համագումարներուն մեր միացեալ աշխատանքը պիտի ըլլայ անշեղ պահել Լիբանանի կեցուածքը` պահանջելու պաշարումի վերացումը եւ մարդկային բոլոր տեսակի իրաւունքներու յարգումը:
Քաղաքական երեք կուսակցութիւնները կը վերահաստատեն միջազգային ընտանիքին ներկայացուցած տարբեր առիթներով իրենց պահանջը` պատժելու համար ռազմական յանցագործութիւններ իրականացուցած եւ ցեղային զտումի քաղաքականութեան հետամուտ Ազրպէյճանը: Քաղաքականութիւն, որ պաշարումէն անդին կը կիրարկուի նաեւ Հայաստանի պետական սահմաններուն ուղղութեամբ: Վերջինը՝ Սոթքի մէջ խլելով 3 հայ զինուորներու կեանքը:
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու միացեալ ու համակարգուած աշխատանքը պիտի յաջողի նաեւ այս երկրին մէջ չէզոքացնել Ազրպէյճանի ամէն փորձ` նենգափոխելու հարցին էութիւնը, կրօնական հանգամանքը շահարկելու եւ Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքին վրայ ազդելու ամէն սադրանք:
Սիրելի՛ Արցախի հայրենակիցներ,
Տարբեր հանգրուաններու բազմիցս պաշարուած եւ պաշարումի հետեւանքները կրող լիբանանահայութիւնը համախմբուելով հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն շուրջ` պիտի շարունակէ պայքարիլ Արցախի տարածքային վերականգնումին եւ անկախութեան ճանաչումին համար, թոյլ պիտի չտա՛յ, որ Ազրպէյճանը այս երկրին մէջ յաջողի քարոզչութիւն կատարել եւ փոխել հակամարտութեան էութիւնը. բոլոր կողմերուն պիտի շարունակէ բացատրել, որ հարցը կրօնական բնոյթ չունի, այլ մարդու եւ ազգերու տարրական իրաւունքին հետ կապուած է` ազատ ու անկախ ինքնորոշուելու իրեն պատկանող տարածքներուն վրայ:
Պիտի շարունակէ ապահովել Լիբանանի ներկայացուցիչներուն արդար դիրքորոշումը` Արցախի հարցին միջազգային քննարկումներուն եւ քուէարկութիւններուն ընթացքին:
ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի ներկայացուցիչէն կը պահանջենք, որ`
1.- Դատապարտէ Ազրպէյճանի գործած ռազմական յանցագործութիւնները:
2.- Պահանջէ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու որդեգրումը:
3.- Կողմ քուէարկէ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը բացայայտող բանաձեւի նախագիծին:
4.- Իբրեւ ցեղային զտում ճանչնայ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շրջափակման քաղաքականութիւնը:
5.- Սատարէ Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման անհրաժեշտութիւնը շեշտող յայտարարութիւններուն եւ այդ ճամբով մարդասիրական օժանդակութիւններուն Արցախ ուղարկումին:
6.- Պահանջէ Ազրպէյճանէն, որ յարգէ եռակողմ համաձայնութիւնը, հրադադարը եւ, ըստ այդ համաձայնութեան, անմիջապէս վերացնէ Բերձորի միջանցքին տեղակայած իր անցակէտերը:
7.- Անյետաձգելիօրէն պահանջէ հայ ռազմագերիներու վերադարձը, որոնց շարքին` լիբանանահայ ռազմագերիին Լիբանան վերադարձը:
8.- Դատապարտէ միջազգային ահաբեկչութեան ներգրաւումը արցախեան պատերազմին` Ազրպէյճանը համարելով ահաբեկչական պետութիւն:
Եւ վերջապէս, սատար կանգնի Արցախի հայութեան ինքնորոշման եւ բոլոր տեսակի իրաւունքներուն` շեշտելով, որ Արցախը չի կրնար մաս կազմել ահաբեկչական պետութեան մը ղեկավարած երկրին:
Լիբանանը բոլոր պատճառներն ու հիմնաւորումները ունի իբրեւ պատմութեան մէջ սովամահութեան ենթարկուած երկիր` յայտարարելու, թէ ինչպէս Լիբանանը չէր կրնար շարունակել մաս կազմել այնպիսի կայսրութեան մը, որ զանգուածային սովամահութեամբ ցեղային զտումի քաղաքականութեան դիմեց լիբանանցի ժողովուրդին դէմ, այնպէս նաեւ Արցախը չի կրնար մաս կազմել մարդասիրական ճգնաժամով եւ ցեղասպանական սովամահութեամբ Արցախի հայաթափումը նպատակադրած Ազրպէյճանին:
Մենք գիտենք, որ թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի քաղաքական փլաթֆորմը, այլ խօսքով, գրաւուած Շուշիի մէջ հրապարակուած հռչակագիրով Անգարան եւ Պաքուն ծրագրած են միասին դէմ դնել Արցախին, Հայաստանին եւ սփիւռքին: Սփիւռքի մարտադաշտին վրայ լիբանանահայ համայնքը առաջնագծի վրայ է, ինչպէս որ կանգնած է Արցախի զինուորը ռազմաճակատի առաջին դիրքերուն վրայ:
Ի՛նչ տեսակի ալ ըլլան լիբանանահայութեան դէմ պարտադրուող պաշարումները կամ թուրքեւազրպէյճանական սադրանքները, մենք համոզուած ենք, որ հերթական անգամ լիբանանահայութիւնը Արցախին զօրակցելու իր պայքարին մէջ յաղթական դուրս պիտի գայ եւ սփիւռքի առաջնագիծը ամուր պահելով` նպաստած պիտի ըլլայ`
– Շուշիի եւ Հադրութի վերաազատագրումին,
– Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումին,
Եւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումին:
Չկայ փրկութիւն` առանց վերականգնումի եւ ճանաչումի:
Ուրեմն, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան անունով կը յայտարարենք, որ շեղում չկայ այս պայքարէն, մինչեւ որ`
– Ճեղքուի պաշարումը,
– Տեղ հասնի մարդասիրական օժանդակութիւնը,
– Վերականգնի Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը:
Մինչեւ որ յարգուի Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ ապահովուի Արցախի անվտանգութիւնը:
Արցախի հրաշալի ժողովուրդը մինակ չէ իր գոյակռուին մէջ: Սփիւռքի բոլոր համայնքներէն առաջ եւ վերջ Արցախի կողքին է զանազան հանգրուաններու գոյակռիւներ շահած, միաւորուած եւ միասնական լիբանանահայութիւնը:
*«Մենակ չէք, միասին ենք, մէկ ենք» խորագիրով հաւաքին երեք կուսակցութիւններուն անունով արտասանուած խօսք:
aztagdaily.com