«Արցախը Մե՛րն է…»․ Գինեձօն Պոսթընի Մէջ

Երեքշաբթի Մայիս 13-ին, Պոսթընի մէջ տեղի ունեցաւ Նայիրի Մկրտիչեանի հեղինակած «Արցախը մե՛րն է…» պատանեկան գիրքին շնորհանդէսը։
Հովանաւորութեամ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի եւ նախաձեռնութեամբ Արեւելեան ԱՄՆ-ի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան՝ Նայիրի Մկրտիչեանի հեղինակած եւ Թամար Հերկելեանի խմբագրած «Արցախը մե՛րն է․․․» գիրքին շնորհանդէսը իրականացաւ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի շէնքին կից գտնուող «Բաբգէն Սիւնի» սրահէն ներս։
Արեւելեան ԱՄՆ-ի ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան փոխ-ատենապետուհի Սեդա Աղամեանց կատարեց գինեձօնի բացումը եւ ներկայացուց գիրքի հեղինակ Նայիրի Մկրտիչեանի կենսագրականը, ապա հրաւիրեց հեղինակը` ներկայացնելու «Արցախը մե՛րն է…» գիրքը։
Նայիրի Մկրտիչեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ պահը շատ յուզիչ է իրեն համար, որովհետեւ պատկառելի պատմութիւն ունեցող «Հայրենիք»-ի տարածքին մէջ կը կատարուի իր հեղինակած երեք գիրքերէն առաջինին շնորհանդէսը՝
նախաձեռնութեամբ պատկառելի կազմակերպութեան մը, ու հարազատներու, ընկերներու եւ բարեկամներու ջերմ մթնոլորտի մէջ։
Գիրքը գրուած է, երբ Արցախը շրջափակման մէջ էր, իսկ այդ իրավիճակը կը ներկայացուի կազմին վրայ պատկերուած թեք յուշարձանով, զոր պատանիները կը փորձեն ուղղել, իսկ ուղղելու համար, պէտք է ճանչնան իրենց ինքնութիւնը։ Այդ ինքնութեան մէկ մասնիկը Արցախն է՝ իր պատմութեամբ, խորհրդանիշներով եւ մշակութային արժէքներով, գիրքին մէջ տեղ գտած այդ տեղեկութիւնները իւրացնելով։ Գիրքի վերջին նկարին մէջ պատանիները Արցախը կը միացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան։
Հեղինակը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրբ Ստեփանոս դպրոցի մանկամսուր-մանկապարտէզի տնօրէնուհի Մարալ Օրչանեանին եւ ուսուցչական կազմին՝ իր այցը ջերմութեամբ ընդունելու համար եւ գնահատեց Սուրբ Ստեփանոս վարժարանի երկար տարիներու հայրենաւանդ ուսուցչուհի Արտեմիս Մկրտիչեանի գլխաւորութեամբ աշակերտներու այցը Հայաստան, ըսելով,- «Երկար տարիներ աւանդոյթ դարձած այս այցելութիւնները կ՛ամրապնդեն աշակերտներուն կապը Հայրենիքի հետ եւ պորտալարի դեր խաղալով միշտ կը սնուցանեն հայեցիութեամբ»։
Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի գնահատեց այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը եւ աւանդական ձեւով կատարեց գիրքը գինիով օծելու արարողութիւնը։
Նայիրի Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ ձեռնարկին ներկայ գտնուելու համար, կոչ ըրաւ՝ միշտ ապրելու «Արցախը մե՛րն է…» կարգախօսով եւ հաւատալու, որ պիտի վերադարձնենք Արցախը։
