Արցախեան հակամարտութեան ուղղութեամբ Զուիցերիոյ մէջ առնուած նախաձեռնութիւնները կը յուշեն հակամարտութեան էջը չփակելու մասին
Գլխավոր » Լրահոս » Արցախեան հակամարտութեան ուղղութեամբ Զուիցերիոյ մէջ առնուած նախաձեռնութիւնները կը յուշեն հակամարտութեան էջը չփակելու մասին

Արցախեան հակամարտութեան ուղղութեամբ Զուիցերիոյ մէջ առնուած նախաձեռնութիւնները կը յուշեն հակամարտութեան էջը չփակելու մասին

Պեռնի մէջ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Զուիցերիոյ աւետարանական եկեղեցւոյ համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համագումարը խորքին մէջ պատասխան էր Պաքուի կողմէ կիրարկուող արցախեան հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան տէր կանգնելու եւ այս առումով պետութիւնը նենգափոխելու փորձերուն: Համաեւրոպական հնչեղութիւն ստացած այս համագումարը եւ այդ առիթով եկեղեցական, իրաւական թէ քաղաքական դէմքերու կատարած յայտարարութիւնները Ազրպէյճանին ուղղուած պատասխանը կ՛ընդգծեն:

ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէր, որ 26 մայիս 2025-ին դարձեալ Պեռնի մէջ իր աշխատանքները կը մեկնարկէ «Զուիցերիոյ խաղաղութեան նախաձեռնութեան» աջակցող 19 պատգամաւորներէ կազմուած միջկուսակցական յանձնախումբը` օժանդակելու արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրականացման համար միջազգային անհրաժեշտ գործիքակազմեր կենսագործելու մասին` Զուիցերիոյ խորհրդարանի վերին պալատի 18 մարտի որոշման, ինչ որ երկրի գործադիր իշխանութեան համար ունի իրաւակիրառ պարտադիր նշանակութիւն:

Կը հետեւէր խորհրդարանական յանձնախումբի ստեղծումը` Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը կարգաւորելու խաղաղ նախաձեռնութիւնը խթանելու համար: Այս մէկը հարթակ է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու միջեւ երկխօսութեան համար: Նպատակը այս նախաձեռնութեան կազմակերպել է քննարկման ֆորում, որուն ընթացքին երկու կողմերը կրնան քննարկել հակամարտութեան հետեւանքները եւ անոր լուծման հաւանական ուղիները: Խորհրդարանական յանձնախումբը, կոչ կ՛ընէր Զուիցերիոյ աշխուժ դեր ունենալու խաղաղութեան գործընթացին մէջ եւ նպաստելու հայերու վերադարձին Լեռնային Ղարաբաղ: Յանձնախումբը աջակցութիւն ստացած է ինչպէս Ազգային խորհուրդէն, այնպէս էլ պետութիւններու խորհուրդէն (խորհրդարանի մեծ եւ փոքր պալատներ): Երկու պալատներն ալ արդէն իսկ ընդունած են այս մասին բանաձեւ, հակառակ Դաշնակցային խորհուրդի առարկութիւններուն:

Երկու առանցքային օրակարգ նշուած այս նախաձեռնութիւններուն մէջ կարմիր թելով կ՛անցնին որոշումներուն եւ բանաձեւերուն մէջ: Առաջինը Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքն է, իսկ երկրորդը` հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանումը:

Անմիջապէս պէտք է նկատել նաեւ այն, որ նախաձեռնութիւնը կ՛առաջադրէ երկկողմ բանակցութիւններ: Հայկական կողմին համար կայ ձեւակերպում` Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներ: Ահա այստեղ կը կայանայ Արցախի հանրապետութեան պետական հաստատութիւններու գոյութեան շարունակութեան ռազմավարական կարեւորութիւնը: Յատկապէս Ազգային ժողովի եւ նախագահական հիմնարկներու իրաւական առկայութիւնը, որպէսզի անոնք կարենան նման միջազգային ատեաններու մօտ ներկայանալ Արցախի ժողովուրդին անունով եւ պաշտպանել նախ եւ առաջ հաւաքական վերադարձի իրաւունքը:

Զուիցերիան յայտնի է միջնորդական եւ հաշտեցման հարթակի դերի իր հանգամանքով: Պատահական չէ ընտրուած միջավայրը եւ թիրախային աշխատանքը այս ուղղութեամբ: Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը համակարգող յանձնախումբը ունի պետական հաստատութեան ներկայացուցչութիւնը դիւանագիտական այս աշխատանքները վարելու, հարթակը ձեւաւորելու, միջխորհրդարանական յանձնախումբի ստեղծումը առաջադրելու եւ օրակարգերը ձեւակերպելու:

Եկեղեցական միջազգային կառոյցներու նեգրաւումը այստեղ եւս ռազմավարական նշանակութիւն ունի: Ազրպէյճանը Վատիկանի մէջ համաքրիստոնէական միջավայրեր թիրախաւորել կը փորձէ եւ կը վերաշարադրէ պատմութիւնը հայապատկան քաղաքակրթական կոթողները ոչ հայկական ներկայացնելու:

Քրիստոնէական քաղաքակրթութեան մը սպառնացող ոչնչացման վտանգի ահազանգը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին մօտ ահազանգելը եւ նման հեղինակաւոր կառոյց այս աշխատանքներուն մէջ ներագրաւելը մարտավարական կարեւորագոյն քայլ է, որ կու տայ իր արդիւնքները: Եւ այստեղ պատահական չէ ինչպէս Էջմիածինի, այնպէս նաեւ Անթիլիասի հեղինակութիւնն ու գործնական ազդեցութիւնը նման համագումարներ կազմակերպելու:

«Արցախի էջը փակուած չէ». հիմա կը յայտարարէ պաշտօնական Պեռնը, որ գործնական քայլ կ՛առնէ խորհրդարանական յանձնախումբ նշանակելով: Այս մեկնարկն է տակաւին յառաջիկայ քայլերուն: Քայլեր, որոնք ուղղուած են նախ եւ առաջ Արցախի ժողովուրդին հաւաքական վերադարձի եւ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման:

Ազդակ

1