Արցախցի երեխաների կրթական անգլերէն դասընթացի հաստատագրերի բաշխում

27 Յունուար 2025-ին, Երեւանի Big Mind Kids ուսումնական կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ արցախցի 20 երեխաներու համար նախատեսուած անգլերէն դասընթացքի հաստատագրերու բաշխումը։ Կրթական վեցամսեայ այս ծրագիրը, հովանաւորուած էր Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի Չարեանի կողմէ, համագործակցութեամբ՝ Երեւանի Big Mind Kids ուսումնական կեդրոնի հիմնադիր-տնօրէն Պրն. Յակոբ Մաքտիսի։
Վեցամսեայ կրթական այս ծրագրին մասնակցող արցախցի քսան երեխաները ընտրուած էին ներկայացուած բազմաթիւ դիմումնագրերէն, որոնց մէջ կան նաեւ զոհուած զինուորներու երեխաներ։

Երեխաները մեծ հաճոյքով մասնակցած են մանկավարժական եւ հոգեբանական չափանիշներով ուսումնասիրուած ծրագրին, որ իր արդիական մօտեցումներով տուած է ցանկալի արդիւնք. անգլերէն լեզուի ուսուցումը կատարուած է նկարազարդ գունագեղ ու հրապուրիչ գիրքերով եւ աշխատանքային տետրակներով, ուսուցումը ուղեկցուած է նաեւ կառուցողական խաղերով. մասնակիցները «Լեկօ»-ներով կազմած են այն ինչ կ՚երեւակայեն, ապա անգլերէնով պատմած` իրենց կատարած աշխատանքի մասին։
Հաստատագրերու բաշխումէն առաջ, Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ Դոկտոր Տանիա Օհանեան, ողջունեց փոքրիկները եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց՝ այս կարեւոր եւ արդիւնաւէտ ծրագրին իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերելու հնարաւորութիւնը ունենալուն համար, ապա երեխաներէն խնդրեց, որ պատմեն, թէ ինչպէ՞ս կ՚ընթանան իրենց դասընթացները։ Երեխաները իրենց բառերով նկարագրեցին դասերուն ընթացքը եւ գոհունակութիւն յայտնեցին հաճելի եւ օգտակար ծրագրին մասնակցելու համար։
Նախաձեռնութեան աւարտին՝ մասնակիցները տօնական մթնոլորտի մէջ ստացան դասընթացքին մասնակցելու իրենց հաստատագրերը։
Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանը արցախահայութեան նուիրուած իր մարդասիրական ծրագրերուն զուգահեռ՝ կը շարունակէ իրականացնել նաեւ կրթական ծրագրեր, որոնք կարեւոր դերակատարութիւն կ՚ունենան մասնակիցներու միտքն ու հոգին զարգացնելու գործին մէջ։
ԴԻՒԱՆ ԿԱՆԱԴԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ