«Արցախի էջը փակուած չէ մեզի համար»․ Արամ Ա
Գլխավոր » Լրահոս » «Արցախի էջը փակուած չէ մեզի համար»․ Արամ Ա

«Արցախի էջը փակուած չէ մեզի համար»․ Արամ Ա

«Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը՝ ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» համագումարը նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ին, ընթացք առաւ Շաբաթ, 20 Ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ՝ ներկայութեամբ Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր դատախազ դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփոյի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանի եւ մասնակցութեամբ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն հրաւիրուած պատմաբաններու, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներու եւ քաղաքագէտներու։

Հայրապետական պատգամով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կատարեց համագումարին բացումը։ Ողջունելով Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր դատախազին ներկայութիւնը՝ Հայրապետը գնահատեց յանուն արդարութեան տարած անոր գործունէութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ արդարութիւնը Աստուծոյ ընծայած շնորհքն է եւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, որուն հաւատարիմ է հայ եկեղեցին։ Այս համագումարը կը միտի արծարծելու այն ճանապարհները, որոնք կը տանին արցախահայութեան իրաւունքներու վերականգումին, որովհետեւ Արցախի էջը փակուած չէ՛ մեզի համար, ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը։

Ապա, Արցախի կացութեան վերաբերեալ դոկտ. Օքամփոյի վերջին երկու տեղեկագիրներու լոյսին տակ, Հայրապետը հարցադրումներով բարձրացուց Արցախի մէջ կատարուած ցեղասպանութեան հանդէպ միջազգային ընտանիքին անտարբերութեան խնդիրը, ինչպէս նաեւ Միջազգային Քրէական Դատարանին դիմաց Ալիեւը հետաքննութեան ենթարկելու կարելիութիւնները։ Հայրապետը նաեւ հարց դրաւ արցախահայութեան վերադարձի եւ իրաւունքներու վերահաստատման խնդիրներով միջազգային օրէնքի հեռանկարները, մանաւանդ երբ Ազրպէյճան ինք կը հրաւիրէ արցախահայութիւնը Արցախ վերադառնալ որպէս Ազրպէյճանի քաղաքացիներ։ Վեհափառ Հայրապետը վերոնշեալ երկու խնդիրները որակեց իբրեւ գոյակցական պայքար եւ ընդգծեց անոնց թէ՛ իրաւաբանական եւ թէ՛ քաղաքական խնդիր ըլլալը։ Այս հարցերուն լոյսին տակ Հայրապետը հրաւիրեց դոկտ. Օքամփոն՝ «Ազրպէյճանի Իրականացուցած ցեղասպանութիւնը եւ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը» նիւթը ներկայացնելու։

Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահ Մարիօ Նալպանտեան հակիրճ տողերով ներկայացուց դասախօսը եւ անոր հայանպաստ աշխատանքը։ Դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ պէտք է շարունակենք Արցախի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները որակել իբրեւ ցեղասպանութիւն, որովհետեւ առանց ցեղասպանութեան հատուցման՝ արցախահայութեան վերադարձը եւ իրենց իրաւունքներու ապահովումը անկարելի է։ Խօսելով պետութիւններու անտարբերութեան մասին՝ ան ըսաւ, որ պատճառը պետութիւններու պարտաւորութիւններէ խուսափիլն է եւ իրենց աշխարհաքաղաքական շահերուն չհամընկնիլը։ Այս ծիրին մէջ ան յանձնարարեց նեղի մատնել ղեկավարները՝ Ալիեւի հետ իրենց գործակցութեան համար։ Օքամփօ նաեւ բացատրեց միջազգային օրէնքի նրբութիւնները, օրինակ երբ Ալիեւին ցեղասպան անուանելը կը պահանջէ յատուկ դատավարութիւն, ուստի նոյն խնդիրը տարբեր կերպով կարելի է բարձրացնել։

Օքամփոյի զեկոյցէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան խօսք առնելով՝ ըսաւ, որ ցեղասպանութեան դէմ պայքարը միշտ եղած է հայ ժողովուրդի պայքարներու ճակատին՝ իւրաքանչիւր հանգրուանին ա՛լ աւելի մարտահրաւէրներ բանալով մեր առջեւ։ Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ ժամանակի ընթացքին ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման պայքարը կրնայ նուաղիլ։ Օսկանեան խօսեցաւ Արցախի ցեղասպանութեան հարցը բարձրացնելուն շուրջ Օքամփոյին տարած աշխատանքին մասին եւ հարց տուաւ մեր դատին համար իրաւաբանութեան եւ քաղաքականութեան ճիշդ օգտագործումին գծով՝ շեշտելով Հայաստանի իշխանութեան կարեւոր դերակատարութիւնը այս հարցին շուրջ։

Զեկոյցներէն ետք տեղի ունեցաւ շահաւէտ քննարկում-զրոյց, ուր անդրադարձ կատարուեցան Արցախի մէջ կատարուած մարդկային իրաւունքներու խախտման քաղաքական հարց ըլլալուն, ինքնավարութեան, երրորդ կողմի պատասխանատուութեան, Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին մէջ այս հարցերուն բարձրացման, Սփիւռքի դերակատարութեան, անիրական երազներով պայքար տանելու վտանգին, Ռուսիոյ խաղաղապահ ոյժերու դերակատարութեան եւ հանրային կարծիքի ազդեցութեան մասին, ի շարս այլոց։

1