Ակնարկ. ՀՀՇ-ի վերափոխումը ՔՊ-ի
Գլխավոր » Լրահոս » Ակնարկ. ՀՀՇ-ի վերափոխումը ՔՊ-ի

Ակնարկ. ՀՀՇ-ի վերափոխումը ՔՊ-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստանի Հանրապետութիւն արգիլելը կը վերաթարմացնէ քաղաքական յուշեր: Խօսքը բնականաբար 1992-ին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի արտաքսման որոշումին կը վերաբերի` Հայաստանի Հանրապետութեան օրուան նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ: Տարբերութիւնը այն է, որ Հրայր Մարուխեան կը գտնուէր Երեւան եւ կ՛ենթարկուէր արտաքսման` նկատուելով ոչ ցանկալի անձնաւորութիւն: Կը հետեւէր անշուշտ Հայաստան վերադարձի արգելքի որոշումը:

Հիմնական կարեւոր տարբերութիւն կար անշուշտ: Իր որոշումը պարզաբանելու համար, թէկուզ ոչ համոզիչ, արուեստական եւ գերքաղաքական, այդուհանդերձ Տէր Պետրոսեան պարտաւոր կը զգար հանրութեան երկարատեւ բացատրութիւններ եւ հիմնաւորումներ տալու: Խնդիրը այս պարագային այդ որոշումի յերիւրածոյութիւնը չէր, որքան երկարատեւ եւ ուղղակի հեռարձակուող նախագահական ելոյթը:

Հիմա կատարուածը յանկարծակի է, չունի իրաւական պարզաբանում: Ոչ միայն վարչապետը ի՛նք անձամբ բացատրութիւն չէ տուած, այլ ընդհանրապէս համապատասխան բաժանմունքին կողմէ գործադրուած որոշումին մասին որեւէ հաղորդագրութիւն չէ հրապարակուած: Չի բացառուիր, որ հետեւի պաշտօնական հաղորդագրութիւն, սակայն արդէն չորրորդ օրն ըլլալով համապատասխան մարմինները կը զլանան հրապարակային բացատրութիւն տալ:

Նման արարք մը հետեւաբար նախընթաց կը ստեղծէ մետասաներորդ պահուն ճակատագրական որոշում տալու կամայական վարուելակերպի, հեռու` իրաւականութենէ: Պարզ է, բոլոր առումներով, որ խնդիրը զուտ քաղաքական է:

Բայց գանք 1992-ի զուգահեռին եւ այդ պարունակին մէջ Տէր Պետրոսեանով մարմնաւորուած քաղաքական ընդհանուր վարքագիծի վերադարձին: Եւ այստե՛ղ կը կայանայ բուն խնդիրը, որ հիմա սուր ընդգծում կը ստանայ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին Հայաստան մուտքի արգելքի որոշումով:

Որքան ալ որ այսօրուան իշխանութիւնները փորձեն ցուցական հեռաւորութիւն պահել Հայոց համազգային շարժումի կամ Հայ ազգային քոնկրեսի գաղափարախօսութենէն, կառոյցէն եւ գործելակերպէն` իրենք զիրենք տարանջատելով առաջին նախագահի խումբէն. որքան ալ որ Տէր Պետրոսեան-Փաշինեան ցուցադրական սուր բանավէճեր հրամցուին եւ հռետորաբանութեանց մէջ վիրաւորական որակումներ հնչեն, պարզ է, որ այսօրուան արձանագրուող իրադրութիւնները կրկնօրինակումն են Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մտածողութեան եւ գործողութիւններուն:

Հայ քաղաքական միտքին համար այնքան պարզ է, որ արձանագրուածը պարզապէս ՀՀՇ-ի վերափոխումն է ՔՊ-ի: Բնականաբար ո՛չ միայն սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական գործիչի հայրենիք մուտքի արգելքով: Տարբերութիւնը այն է հիմնականին մէջ, որ 1990-ականներուն այդ բոլորին փորձ կը կատարուէր քաղաքագիտական շղարշում ապահովելու, հիմա քաղաքականօրէն եւ պետականօրէն անգրագէտ յատկանիշներով կ՛իրականանան գործընթացները:

«Պատերա՞զմ, թէ՞ խաղաղութիւն. լրջանալու պահը» վերափոխուած է «խաղաղութեան դարաշրջան» անբովանդակ ծրագիրով, «Զարգանալ զիջելով»-ը` «Նշաձող իջեցնելով», «երկքաղաքացիութեան արգելքը»` «սփիւռքահայերուն քաղաքացիութիւն շնորհելու նոր սահմանափակումներով»:

Կամ ընդհանրապէս «Սերգոն» «Պօղոս»-ով:

Տէր Պետրոսեանով մարմնաւորուած գաղափարախօսութեան վերադարձը կը շարունակէ հարուածել համահայկական օրակարգը: Որեւէ տարբերութիւն չկայ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքական օրակարգէն դուրս բերելուն կամ այսօր ընդհանրապէս այդ ուղղութեամբ պետական քաղաքականութիւն չկիրարկելու միջեւ:

Խնդիրը ուրեմն Տէր Պետրոսեանի գաղափարներու մակընթացութիւնն է: Իրադրութիւններու կրկնօրինակումն ու գործողութիւններու վերադարձի փաստը այլ բան ալ կը յուշեն:

Քաղաքական ճիշդ պահուն ժողովուրդը կը մերժէ զիջողական քաղաքականութիւնը եւ կը պաշտօնազրկէ անարժանապատիւ խաղաղութիւն խաղացողները, ինչպէս ըրաւ 1998-ին:

Սփիւռքահայ գործիչին դէմ կիրարկուած այս մեթոտը կը նախանշէ, որ դէպի հոն կ՛ուղղուին հետագայ իրադրութիւնները:

«Ա.»
aztagdaily.com

1