Ահազանգող նամակ, այլեւ համահայկական արձագանք

«Ազատ Օր»-ի էջերէն լոյս տեսաւ յունահայ գաղութի կազմակերպական գործօններուն կողմէ ուղարկուած նամակը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։ Անոր մէջ, յունահայութեան կառոյցները իրենց ափսոսանքն ու հիասթափութիւնը կը յայտնեն վարչապետական բերանէն հնչած յայտարարութիւններուն համար, որոնք տեղի ունեցան Ազգային ժողովի ամպիոնէն նախորդ օրերուն ընթացքին եւ զայրոյթի ու մտահոգութեան ալիք տարածեցին ամբողջ հայաշխարհին մէջ։
Մտահոգ է հայութիւնը։ Առաջին անգամ ըլլալով, Հայաստանի ու Արցախի 30-ամեայ անկախ գոյութեան պատմութեան մէջ, ամէնէն պաշտօնական բերանէն կը հնչէ այնպիսի հիասթափեցնող յայտարարութիւն, տեղատուութեան խոստովանութիւն, ծածկուած միջազգային ուժերուն կողմէ պարտադրուած «նշաձողի իջեցման» յորդորով, որ անյարիր է ժողովուրդի մը համար, որուն պատմական երթը, թէկուզ փշոտ, եղած է դիմադրութեան ու վերապրումի լուսաւոր օրինակ։
Ահա, այս ենթապատկերին մէջ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի գլխաւորութեամբ եւ յունահայ կազմակերպական կառոյցի միասնական նախաձեռնութեամբ, յունահայութեան նամակը կոչ կ՚ուղղէ Հայաստանի վարչապետին, գէթ բանակցութիւններու այս կարեւոր հանգրուանին, ցուցաբերել այն խիզախութիւնը, որ կը պահանջուի երկրի մը ղեկավարի պաշտօնը ունեցող անձէն։
Կը խօսինք Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն մասին, որոնք կը կատարուին ի վնաս Արցախի հիմնահարցին, նկատի առնելով, թէ Ատրպէյճան ամէն առիթով կը յոխորտայ իր կողմէ ներկայացուած Հայաստանի ու Արցախի համար 5 կէտերէ բաղկացած ծանր պայմաններուն մասին։ Միաժամանակ, Ատրպէյճանի բռնակալը առիթ չի փախցներ խօսելու «Հայաստանի մէջ ռեւանշիստական ուժերու գլուխ բարձրացնելու» ու անոնց չէզոքացման մասին, ապա որպէս վերջնական լուծում կ՚առաջադրէ Հայաստանի կողմէ «արդէն ընդունուած» ատրպէյճանական պայմանագիրի ամբողջական հաստատումը։
Իսկ, Հայաստանի վարչապետի յայտարարութիւնները, որոնց վրայ կ՚աւելնան նաեւ երկրի պետական եւ քաղաքական այլ այրերու նմանօրինակ յայտարարութիւններ, միայն զայրոյթ եւ մտահոգութիւն կրնան ստեղծել հայութեան հատուածներուն մօտ։
Այս հիմնական մտահոգութիւններու լոյսին տակ, նամակը կը պահանջէ վարչապետէն ըսել «Ոչ» այն բոլոր ճնշումներուն, որոնք 2020-ի նոյեմբերեան օրերէն մինչեւ այսօր, հանգրուանային կերպով կը բանեցուին հայ ժողովուրդին վրայ, իսկ այսօր շնչահեղձ կը դարձնեն Արցախեան հիմնահարցը եւ համաթուրանական վտանգին տակ դրած են Հայաստանի ու Արցախի լինելութիւնը։ Անոնք, «զանգեզուրեան միջանցք»ի ու սահմազատման-սահմանագծման յանձնախումբեր կազմելու ստիպողական ճնշումներով, Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալու պարտադրանքով, կը փորձեն խեղդամահ ընել հայութեան իրաւական ամէն տեսակի պահանջ, Արցախի ապագան տեսնելով Ատրպէյճանի հայասպան քաղաքականութեան ներքեւ, կրկնելու համար այն ինչ որ 1920-էն ի վեր մինչեւ 44-օրեայ պատերազմը Արցախի հայը ճաշակեց թրքական ցեղապաշտութեան մոլուցքին տակ։
Հայաստանի իշխանաւորները, արդեօք ինչպէ՞ս կը բացատրեն Մոնթեվիտէոյի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի «Գորշ գայլերու» նշանը ընելու շարժումը, իր դիմաց մէկտեղուած հայ զանգուածներուն։ Որքան ալ բարի դրացիութեան, յարաբերութիւններու կարգաւորման հրապուրիչ հրաւէրներ հասնին դիմացի կողմէն, յստակ կը դառնայ, որ թուրք-ատրպէյճանական զինակցութիւնը միշտ յենուած պիտի ըլլայ իրենց ցեղի ազգայնական ու ցեղապաշտական գաղափարներուն վրայ, որոնք կը միտին բնաջնջել ու անհետացնել հայ տարրը Կովկասի իր բնօրրանէն։
Հայրենի իշխանութիւնները թող լաւապէս սերտեն Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան 25 Ապրիլի յայտարարութիւնը ընդդէմ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի «Ցեղասպանութիւն» եզրի գործածութեան, որ ժխտելով 1915-ի եղեռնագործութեան ճշմարտացիութիւնը, կու գար հաստատելու ատրպէյճանական հաւատարմութիւնը Թուրքիոյ կատարած ոճիրին, զայն որպէս օրինակ իւրացնելով՝ իր իսկ կողմէ Արցախի ժողովուրդին դէմ գործուած ահաւոր ջարդերուն համար, պատմութեան ընթացքին։
Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները թող աննկատ չանցընեն յունահայութեան ցասումն ու արդար պոռթկումը ներկայ զարգացումներուն առնչութեամբ։ Բողոքի ձայնը համընդհանուր է, ունի համազգային հնչեղութիւն, ունի համահայկական ուժ եւ տարողութիւն։
Պետութեան մը ղեկավարութիւնը պէտք է գիտակցի, նոյնիսկ եթէ պարտուած կողմի դիրքերէն կը բանակցի, ցուցաբերել այն ազգային արժանապատուութիւնը, որ ժողովուրդ մը ամբողջ կը սպասէ տեսնել իշխանաւորներու բարոյական եւ ազգային կեցուածքին մէջ։
Երեւան վաղուց կորսնցուցած է թուրք-ատրպէյճանական վտանգին դէմ համահայկական դիմադրութեան ոգին վահանի վերածելու իր գիտակցութիւնը։
Յունահայութեան կողմէ ահազանգ հնչեցնող նամակի մէկ արտայայտութիւնը կու գայ անգամ մը եւս յիշեցնելու այն սկզբունքը, որով պարտին առաջնորդուիլ պետական այրերը՝
«Խաղաղութիւնը կենսական է ոչ միայն մեզի, այլ նաեւ շահագրգիռ բոլոր երկիրներուն համար՝ թշնամի թէ բարեկամ: Սակայն խաղաղութիւն՝ փոխադարձ յարգանքի ու արդարութեան հիմունքով, եւ ոչ թէ սակարկելով հերոսներու արիւնը, ազգի արժանապատուութիւնը, իրաւունքը եւ հպարտութիւնը, որոնց հանդէպ նախանձախնդրութիւնը գործն է ամէն մէկ ազգայինի եւ առաջին հերթին՝ իշխանաւոր ղեկավարութեան»:
«Ազատ օր»-ի խմբագրական