Ա­հա­զան­գող նա­մակ, այ­լեւ հա­մա­հայ­կա­կան ար­ձա­գանք
Գլխավոր » Լրահոս » Ա­հա­զան­գող նա­մակ, այ­լեւ հա­մա­հայ­կա­կան ար­ձա­գանք

Ա­հա­զան­գող նա­մակ, այ­լեւ հա­մա­հայ­կա­կան ար­ձա­գանք

«Ա­զատ Օր»-ի է­ջե­րէն լոյս տե­սաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի կազ­մա­կեր­պա­կան գոր­ծօն­նե­րուն կող­մէ ու­ղար­կո­ւած նա­մա­կը ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նին։ Ա­նոր մէջ, յու­նա­հա­յու­թեան կա­ռոյց­նե­րը ի­րենց ափ­սո­սանքն ու հիաս­թա­փու­թիւ­նը կը յայտ­նեն վար­չա­պե­տա­կան բե­րա­նէն հնչած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք տե­ղի ու­նե­ցան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ամ­պիո­նէն նա­խորդ օ­րե­րուն ըն­թաց­քին եւ զայ­րոյ­թի ու մտա­հո­գու­թեան ա­լիք տա­րա­ծե­ցին ամ­բողջ հա­յաշ­խար­հին մէջ։

Մ­տա­հոգ է հա­յու­թիւ­նը։ Ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի 30-ա­մեայ ան­կախ գո­յու­թեան պատ­մու­թեան մէջ, ա­մէ­նէն պաշ­տօ­նա­կան բե­րա­նէն կը հնչէ այն­պի­սի հիաս­թա­փեց­նող յայ­տա­րա­րու­թիւն, տե­ղա­տո­ւու­թեան խոս­տո­վա­նու­թիւն, ծած­կո­ւած մի­ջազ­գա­յին ու­ժե­րուն կող­մէ պար­տադ­րո­ւած «նշա­ձո­ղի ի­ջեց­ման» յոր­դո­րով, որ ան­յա­րիր է ժո­ղո­վուր­դի մը հա­մար, ո­րուն պատ­մա­կան եր­թը, թէ­կուզ փշոտ, ե­ղած է դի­մադրու­թեան ու վե­րապ­րու­մի լու­սա­ւոր օ­րի­նակ։

Ա­հա, այս են­թա­պատ­կե­րին մէջ, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի գլխա­ւո­րու­թեամբ եւ յու­նա­հայ կազ­մա­կեր­պա­կան կա­ռոյ­ցի միաս­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, յու­նա­հա­յու­թեան նա­մա­կը կոչ կ­՚ուղ­ղէ ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տին, գէթ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու այս կա­րե­ւոր հանգ­րո­ւա­նին, ցու­ցա­բե­րել այն խի­զա­խու­թիւ­նը, որ կը պա­հան­ջո­ւի երկ­րի մը ղե­կա­վա­րի պաշ­տօ­նը ու­նե­ցող ան­ձէն։

­Կը խօ­սինք ­Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք կը կա­տա­րո­ւին ի վնաս Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցին, նկա­տի առ­նե­լով, թէ Ատր­պէյ­ճան ա­մէն ա­ռի­թով կը յո­խոր­տայ իր կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի հա­մար 5 կէ­տե­րէ բաղ­կա­ցած ծանր պայ­ման­նե­րուն մա­սին։ ­Միա­ժա­մա­նակ, Ատր­պէյ­ճա­նի բռնա­կա­լը ա­ռիթ չի փախց­ներ խօ­սե­լու «­Հա­յաս­տա­նի մէջ ռե­ւան­շիս­տա­կան ու­ժե­րու գլուխ բարձ­րաց­նե­լու» ու ա­նոնց չէ­զո­քաց­ման մա­սին, ա­պա որ­պէս վերջ­նա­կան լու­ծում կ­՚ա­ռա­ջադ­րէ ­Հա­յաս­տա­նի կող­մէ «ար­դէն ըն­դու­նո­ւած» ատր­պէյ­ճա­նա­կան պայ­մա­նա­գի­րի ամ­բող­ջա­կան հաս­տա­տու­մը։

Իսկ, ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց վրայ կ­՚ա­ւել­նան նաեւ երկ­րի պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան այլ այ­րե­րու նմա­նօ­րի­նակ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ, միայն զայ­րոյթ եւ մտա­հո­գու­թիւն կրնան ստեղ­ծել հա­յու­թեան հա­տո­ւած­նե­րուն մօտ։

Այս հիմ­նա­կան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ, նա­մա­կը կը պա­հան­ջէ վար­չա­պե­տէն ը­սել «Ոչ» այն բո­լոր ճնշում­նե­րուն, ո­րոնք 2020-ի նո­յեմ­բե­րեան օ­րե­րէն մին­չեւ այ­սօր, հանգ­րո­ւա­նա­յին կեր­պով կը բա­նե­ցուին հայ ժո­ղո­վուր­դին վրայ, իսկ այ­սօր շնչա­հեղձ կը դարձ­նեն Ար­ցա­խեան հիմ­նա­հար­ցը եւ հա­մա­թու­րա­նա­կան վտան­գին տակ դրած են ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի լի­նե­լու­թիւ­նը։ Ա­նոնք, «զան­գե­զու­րեան մի­ջանցք»ի ու սահ­մա­զատ­ման-սահ­մա­նագծ­ման յանձ­նա­խում­բեր կազ­մե­լու ստի­պո­ղա­կան ճնշում­նե­րով, Ատր­պէյ­ճա­նի հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու պար­տադ­րան­քով, կը փոր­ձեն խեղ­դա­մահ ը­նել հա­յու­թեան ի­րա­ւա­կան ա­մէն տե­սա­կի պա­հանջ, Ար­ցա­խի ա­պա­գան տես­նե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի հա­յաս­պան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ներ­քեւ, կրկնե­լու հա­մար այն ինչ որ 1920-էն ի վեր մին­չեւ 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մը Ար­ցա­խի հա­յը ճա­շա­կեց թրքա­կան ցե­ղա­պաշ­տու­թեան մո­լուց­քին տակ։

­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը, ար­դեօք ինչ­պէ՞ս կը բա­ցատ­րեն ­Մոն­թե­վի­տէո­յի մէջ ­Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Մեւ­լութ ­Չա­ւու­շօղ­լո­ւի «­Գորշ գայ­լե­րու» նշա­նը ը­նե­լու շար­ժու­մը, իր դի­մաց մէկ­տե­ղո­ւած հայ զան­գո­ւած­նե­րուն։ Որ­քան ալ բա­րի դրա­ցիու­թեան, յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման հրա­պու­րիչ հրա­ւէր­ներ հաս­նին դի­մա­ցի կող­մէն, յստակ կը դառ­նայ, որ թուրք-ատրպէյ­ճա­նա­կան զի­նակ­ցու­թիւ­նը միշտ յե­նո­ւած պի­տի ըլ­լայ ի­րենց ցե­ղի ազ­գայ­նա­կան ու ցե­ղա­պաշ­տա­կան գա­ղա­փար­նե­րուն վրայ, ո­րոնք կը մի­տին բնաջն­ջել ու ան­հե­տաց­նել հայ տար­րը ­Կով­կա­սի իր բնօր­րա­նէն։

­Հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը թող լա­ւա­պէս սեր­տեն Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան 25 Ապ­րի­լի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ընդ­դէմ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ ­Ճօ ­Պայ­տը­նի «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րի գոր­ծա­ծու­թեան, որ ժխտե­լով 1915-ի ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան ճշմար­տա­ցիու­թիւ­նը, կու գար հաս­տա­տե­լու ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը ­Թուր­քիոյ կա­տա­րած ո­ճի­րին, զայն որ­պէս օ­րի­նակ իւ­րաց­նե­լով՝ իր իսկ կող­մէ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծո­ւած ա­հա­ւոր ջար­դե­րուն հա­մար, պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին։

­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը թող անն­կատ չան­ցը­նեն յու­նա­հա­յու­թեան ցա­սումն ու ար­դար պոռթ­կու­մը ներ­կայ զար­գա­ցում­նե­րուն առն­չու­թեամբ։ ­Բո­ղո­քի ձայ­նը հա­մընդ­հա­նուր է, ու­նի հա­մազ­գա­յին հնչե­ղու­թիւն, ու­նի հա­մա­հայ­կա­կան ուժ եւ տա­րո­ղու­թիւն։

­Պե­տու­թեան մը ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը պէտք է գի­տակ­ցի, նոյ­նիսկ ե­թէ պար­տո­ւած կող­մի դիր­քե­րէն կը բա­նակ­ցի, ցու­ցա­բե­րել այն ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը, որ ժո­ղո­վուրդ մը ամ­բողջ կը սպա­սէ տես­նել իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու բա­րո­յա­կան եւ ազ­գա­յին կե­ցուած­քին մէջ։

Ե­րե­ւան վա­ղուց կորսն­ցու­ցած է թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան վտան­գին դէմ հա­մա­հայ­կա­կան դի­մադ­րու­թեան ո­գին վա­հա­նի վե­րա­ծե­լու իր գի­տակ­ցու­թիւ­նը։

­Յու­նա­հա­յու­թեան կող­մէ ա­հա­զանգ հնչեց­նող նա­մա­կի մէկ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը կու գայ ան­գամ մը եւս յի­շեց­նե­լու այն սկզբուն­քը, որով պար­տին ա­ռաջ­նոր­դուիլ պե­տա­կան այ­րե­րը՝

«­Խա­ղա­ղու­թիւ­նը կեն­սա­կան է ոչ միայն մե­զի, այլ նաեւ շա­հագր­գիռ բո­լոր եր­կիր­նե­րուն հա­մար՝ թշնա­մի թէ բա­րե­կամ: ­­Սա­կայն խա­ղա­ղու­թիւն՝ փո­խա­դարձ յար­գան­քի ու ար­դա­րու­թեան հի­մուն­քով, եւ ոչ թէ սա­կար­կե­լով հե­րոս­նե­րու ա­րիւ­նը, ազ­գի ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը, ի­րա­ւուն­քը եւ հպար­տու­թիւ­նը, ո­րոնց հան­դէպ նա­խան­ձախնդ­րու­թիւ­նը գործն է ա­մէն մէկ ազ­գա­յի­նի եւ ա­ռա­ջին հեր­թին՝ իշ­խա­նա­ւոր ղե­կա­վա­րու­թեան»:

«Ազատ օր»-ի խմբագրական

1