Յունաստանի Ա.Գ. նախարարի նամակը Հայ դատի յանձնախումբին՝ յոյն դեսպանի Շուշի այցելութեան համար
Ինչպէս արդէն հաղորդած էինք որոշ ժամանակ առաջ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը 12 Յուլիսին նամակ մը ուղարկած էր Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասին, որուն մէջ կը յայտնէր յունահայութեան զարմանքն ու ընդվզումը Ատրպէյճանի մէջ Յունաստանի դեսպան Նիքոլաոս Փիփերիկոսի այցելութեան համար ատրպէյճանական ուժերէն բռնագրաւուած Շուշի, որ տեղի ունեցաւ մասնակցութեամբ մեծ թիւով հաւատարմագրուած օտար դեսպաններու եւ միջազգային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու։ Օրին, յոյն դեսպանի մասնակցութիւնը Ալիեւի կողմէ բեմադրուած խեղկատակութեան, ինչպէս նաեւ Հայ դատի յանձնախումբի նամակը բողոքի բուռն ալիք բարձրացուցին յունական հասարակութեան եւ քաղաքական շրջանակներուն մօտ, քննադատելով յոյն դիւանագէտի անընդունելի մասնակցութիւնը «հայերու դէմ ատրպէյճանական յաղթանակի տօնախմբութիւններուն»։
Պատասխանելով յունահայ գաղութի անունով ղրկուած ընդվզումի նամակին, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս հետեւեալ նամակը ղրկեց Հայ դատի յանձնախումբին։
«Նախ եւ առաջ, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր 12 Յուլիս 2021 թուակիր նամակին համար։ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը, զոր ժրաջան կերպով կը ներկայացնէք, Հայաստանի յոյն համայնքին հետ միասնաբար կը հանդիսանայ յաւերժական բարեկամութեան կամուրջ Յունաստանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն միջեւ։ Տեղեակ էք, որ Յունաստանը կը պահէ երկարամեայ գերազանց պատմական եւ բարեկամական կապեր Հայաստանի հետ։ Հայաստանի համար դժուար ժամանակներուն, Յունաստան կանգնեցաւ երկրին եւ անոր ժողովուրդի կողքին։ Ես անձամբ՝ 16 Հոկտեմբեր 2020-ին, այցելեցի Երեւան՝ փոխանցելով զօրակցութեան ուղերձ, այն ժամանակին, երբ պատերազմական գործողութիւնները ծաւալած էին Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին։ նաեւ, ընդառաջելով մեր երկրին մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու դիմումին, Արտաքին գործոց նախարարութեան Միջազգային զարգացման սպասարկութեան համադրումով, Յունաստան իրագործեց մարդասիրական երկու առաքելութիւններ (առողջապահական միջոցներ եւ սնունդ)՝ որոնք կատարուեցան 12 Դեկտեմբեր 2020-ին եւ 8 Յունուար 2021-ին, ցոյց տալով գործնական աջակցութիւն եւ զօրակցութիւն։
Նոյն պահուն, ինչպէս ծանօթ է, 1992-էն Յունաստան դիւանագիտական կապեր կը պահէ Ատրպէյճանի հետ։ 2020-ի աշնան ընթացքին երկկողմանի յարաբերութիւններու տագնապէն ետք, Յունաստանի դեսպանը այլեւս վերադարձած է Պաքու, ուր իր պատասխանատուութիւններու ծիրէն ներս կապեր կը պահէ հաւատարմագրուած երկրին հետ եւ մօտէն կը հետեւի տեղական զարգացումներուն։ Նաեւ, նկատի առնելով մեր երկրի Եւրոպական Միութեան անդամ ըլլալու հանգամանքը, դեսպանութիւնը իր գործունէութիւնը կը համադրէ մեր գործընկերներուն հետ միասնաբար։ Այս պատճառով ալ, յոյն դեսպանին կողմէ ատրպէյճանական արտաքին գործոց նախարարութեան հրաւէրին ընդունումը նման հրաւէրներու վեց շարունական մերժումներէն ետք, որոնք արդէն ընդունելի դարձած էին եւրոպական այլ դեսպանութիւններէ որեւէ մէկ պարագային կարելի չէ ընդունիլ որպէս հիւրընկալող երկրի տեսակէտներու որդեգրում կամ արարքներու ճանաչում, մանաւանդ՝ «մասնակցութիւն տօնակատարութիւններու»։ Այն տեղի ունեցաւ համադրութեամբ անդամ-երկիրներուն, նպատակ ունենալով տեղւոյն վրայ դիտարկելու եւ արձանագրելու եղելութիւնները՝ արտաքին գործոց նախարարութեան ճշգրիտ տեղեկատուութիւն փոխանցելու համար։
Կը շարունակենք կանգնիլ ձեր կողքին, մեր միջեւ հաստատուած սերտ գործակցութեան ծիրէն ներս»։