Քաղաքական առցանց ելոյթ
Գլխավոր » Լրահոս » Քաղաքական առցանց ելոյթ

Քաղաքական առցանց ելոյթ

Գի­շե­րո­ւան ժա­մը 9-ին, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ «Ա­զատ Օր»ի հա­մա­ցան­ցի է­ջե­րէն սփռո­ւե­ցաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած քա­ղա­քա­կան ե­լոյ­թը։ ­Յայ­տա­գի­րը սկսաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի «Յ. ­Փա­փա­զեան» երգ­չա­խում­բին կող­մէ, ընկ. Մկր­տիչ Գ­րի­գո­րեա­նի խմբա­վա­րու­թեամբ եր­գո­ւած ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ո­գերգ­նե­րու հնչու­մով։

­Յա­ջոր­դա­բար, բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց ընկ. ­Տիգ­րան Պ­լէ­ճեան, որ յա­տուկ անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Թուր­քիոյ՝ Ար­ցա­խին վրայ շղթա­յա­զեր­ծած պա­տե­րազ­մին եւ դա­տա­պար­տեց հա­մաթր­քու­թեան ա­նու­նով կա­տա­րո­ւած ո­ճիր­նե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դին վրայ։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան կուռ խօս­քը փո­խան­ցեց ընկ. Ա­լին Այ­վա­զեան, որ նշեց թէ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ մնալ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար պայ­քար­նե­րուն դրօ­շա­կա­կի­րը։ Եր­կու ըն­կեր­նե­րուն խօս­քը կու տանք ա­ռան­ձին։

­Նախ­կին նա­խա­գահ Ֆ­րան­սո­ւա Օ­լան­տի խօս­քը


Այս տա­րո­ւան ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյ­թին յա­տուկ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ Ֆ­րան­սա­յի հա­յա­սէր նախ­կին նա­խա­գահ Ֆ­րան­սո­ւա Օ­լանտ, որ մաս­նա­ւոր նկա­րա­հա­նո­ւած ու­ղերձ մը ղրկեց։ ­Նախ­կին նա­խա­գա­հի խօս­քը կու տանք ստո­րեւ։

«­Շատ կը փա­փա­քէի ձե­զի հետ ըլ­լալ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 106-ա­մեա­կի նշու­մին, ո­րով­հե­տեւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը փաս­տա­ցի ի­րո­ղու­թիւն մըն է եւ ­Թուր­քիան պա­տաս­խա­նա­տու է ա­նոր հա­մար։
­Շատ ցա­ւե­ցայ, որ պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեանս ըն­թաց­քին որ­պէս նա­խա­գահ, ա­պա որ­պէս քա­ղա­քա­կան այր, ­Թուր­քիան չճանչ­ցաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։

|Ֆ­րան­սան զբա­ղե­ցաւ յի­շո­ղու­թեան եւ պատ­մու­թեան այս ի­րո­ղու­թեան հետ -ան­շուշտ միա­կը չէր որ այդ­պէս ը­րաւ-եւ ի մի հա­ւա­քեց այս ող­բեր­գու­թեան բո­լոր մաս­նիկ­նե­րը։

Ֆ­րան­սան ճանչ­ցած է ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ հան­դի­սա­ցաւ այն ա­ռա­ջին եր­կիր­նե­րէն մէ­կը, որ ճա­նա­չու­մը կա­տա­րե­ցին, որ­մէ յե­տոյ յա­ջոր­դե­ցին նաեւ այլ եր­կիր­ներ։ ­Նա­խա­գա­հա­կան պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեանս ըն­թաց­քին ի­րա­գոր­ծե­ցինք ո­րոշ քայ­լեր եւս՝ քրէա­կա­նաց­նե­լու հա­մար ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը։

Ան­շուշտ, մեր օ­րե­րուն, Ֆ­րան­սա­յի մէջ եւ այ­լուր, գո­յու­թիւն ու­նին ո­րոշ ան­հատ­ներ եւ խմբա­ւո­րում­ներ, ո­րոնք ծա­նօթ են մե­զի եւ կը ներշն­չո­ւին Էր­տո­ղա­նի վար­չա կար­գէն ու շա­րու­նա­կեն ժխտել ու խե­ղա­թիւ­րել պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւ­նը։

Այս պատ­ճա­ռով ալ հե­տա­մուտ ե­ղանք հաս­տա­տե­լու քրէա­կա­նա­ցու­մը։

Այ­սօր, ու­շադ­րու­թիւնս կեդ­րո­նա­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի վրայ։ ­Վեր­ջին ա­միս­նե­րուն շատ լուրջ ռազ­մա­կան բա­խում մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նին հետ, որ նա­խա­ձեռ­նեց յար­ձա­կու­մին յե­նո­ւե­լով իր ու­ժին վրայ, ինչ­պէս նաեւ ու­նե­նա­լով ­Թուր­քիոյ եւ ­Սու­րիա­յէն հա­սած վարձ­կան­նե­րու ա­ջակ­ցու­թիւ­նը, ո­րոնք մաս­նա­կից դար­ձան այս պա­տե­րազ­մին։

­Հա­յաս­տա­նը վտան­գի տակ է ։ ­Շատ կա­րե­ւոր է, որ ­Հա­յաս­տա­նի բո­լոր բա­րե­կամ­նե­րը աշ­խա­տին մի­ջազ­գա­յին լու­ծում մը ա­պա­հո­վե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Ֆ­րան­սան պէտք է իր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը ու­նե­նայ, ամ­բող­ջա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ։ ­Տե­ղեակ եմ, որ ­Ճօ ­Պայ­տըն կը գի­տակ­ցի այն վտան­գին, ո­րուն են­թա­կայ են ­Հա­յաս­տա­նը եւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը։
Այս­պէս, յի­շե­լով ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րե­լի­ցը, պար­տա­ւոր ենք միշտ մտա­ծել ­Հա­յաս­տա­նի մա­սին։ Ու­րախ եմ, որ այս դժո­ւար ժա­մա­նա­կին կա­րո­ղա­ցայ իմ խօս­քը ձե­զի ուղ­ղել։

­Լա­ւա­գոյ­նը կը մաղ­թեմ ձե­զի։ ­Մի՛ հրա­ժա­րիք։ ­Քաջ գի­տակ­ցե­ցէ՛ք, որ ձեր ծա­ռա­յած նպա­տա­կը չի վե­րա­բե­րիր միայն հա­յե­րուն, այլ ամ­բողջ ­Մարդ­կու­թեան նպա­տակն է։ Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն»։

­Դես­պան ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լա­նի խօս­քը

­Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. դես­պան պ. ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեան ե­լոյթ ու­նե­նա­լով յայտ­նեց՝ «­Թուր­քիան այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ շա­րու­նա­կում է կառ­չած մնալ ժխտո­ղա­կա­նու­թեան խոր­շե­լի քա­ղա­քա­կա­նու­թեա­նը՝ ցու­ցա­բե­րե­լով ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րի ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեանն ու յի­շա­տա­կի հան­դէպ վի­րա­ւո­րանք եւ ան­ցեա­լի հետ ա­ռե­րե­սո­ւե­լու ան­կա­րո­ղու­թիւն։ Ինչ­պէս 1915 թ., այն­պէս էլ ա­ւե­լի քան մէկ դար անց, ­Թուր­քիա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը շա­րու­նա­կում է բա­ցա­յայ­տօ­րէն մար­տահ­րա­ւէր նե­տել մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քին եւ պատ­մա­կան ի­րա­կա­նու­թեա­նը:
­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը աշ­խար­հի տուր­քը չէ հայ ժո­ղովր­դին ու նրա զո­հե­րին»։ Ան նաեւ շեշ­տեց, թէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը մարդ­կա­յին խիղ­ճի եւ ար­դա­րու­թեան յաղ­թա­նակն է ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան ու ա­տե­լու­թեան հան­դէպ։ ­Դես­պա­նին խօս­քը կը հրա­տա­րա­կենք ա­ռան­ձին։

Օ­րո­ւան բա­նա­խօ­սի ե­լոյ­թը

Ո­գե­կո­չա­կան ձեռ­նար­կի գլխա­ւոր բա­նա­խօսն էր Ա­թէն­քի հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս եւ քա­ղա­քա­կան փոր­ձա­գէտ պ. Իոան­նիս ­Մա­զիս, որ իր ա­կա­դե­մա­կան գոր­ծու­նէու­թեան մէջ ներ­կա­յա­ցու­ցած է նկա­տա­ռե­լի թի­ւով հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ ու աշ­խա­տու­թիւն­ներ տա­րա­ծաշր­ջա­նի խնդիր­նե­րուն եւ ­Թուր­քիոյ ծա­ւա­լո­ղա­պաշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մա­սին։ ­Յատ­կա­պէս, Ար­ցա­խի վրայ սան­ձա­զեր­ծո­ւած վեր­ջին պա­տե­րազ­մէն ետք, յոյն դա­սա­խօ­սը հրա­տա­րա­կեց իր նոր աշ­խա­տու­թիւ­նը, վեր­լու­ծե­լով ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­կան ծալ­քե­րը։

Իր խօս­քին մէջ, բա­նա­խօ­սը յա­տուկ նշում ը­րաւ Ար­ցա­խի մա­սին պատ­րաս­տո­ւած իր վեր­ջին գիր­քին, յայտ­նե­լով թէ աշ­խա­տան­քը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ցոյց տա­լու հա­մար իր մեծ սէրն ու հա­մակ­րան­քը հայ ժո­ղո­վուր­դին հան­դէպ։ Ան վեր­լու­ծեց ­Թուր­քիոյ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան նկրտում­նե­րը հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս, ինչ­պէս նաեւ անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց ­Ռու­սիոյ եւ Ա­րեւ­մուտ­քի կե­ցո­ւած­քին ամ­բողջ պա­տե­րազ­մի տե­ւո­ղու­թեան։ ­Շեշ­տեց ­Թուր­քիոյ ռազ­մա­կան գլխա­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը եւ հա­մաթր­քու­թեան գա­ղա­փա­րի ծա­ւա­լու­մը, որ կը սպառ­նայ շրջա­նի եր­կիր­նե­րու անվ­տան­գու­թեան վրայ։ Ան շեշ­տա­ւո­րեց ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ընտ­րանք­ներն ու ռազ­մա­կան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը, ամ­րապն­դե­լու հա­մար ա­պա­հո­վու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան ըն­թաց­քը շրջա­նէն ներս։

Ող­ջոյ­նի խօս­քեր

Օ­րո­ւան ի­մաս­տին շուրջ ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան յու­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, Կր­թու­թեան եւ կրօ­նից փոխ­նա­խա­րար պ. Ա­կե­լոս ­Սիր­ղոս, հայ յու­նա­կան խոհր­դա­րա­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ պ. ­Տի­միթ­րիս ­Մար­քո­փու­լոս, Ա­տի­կէի մարզ­պետ պ. Եոր­ղոս ­Փա­թու­լիս, ­Մա­կե­դո­նիոյ փոխ­մարզ­պետ պ. Ա­փոս­փո­լոս ­Ծի­ծի­քոս­թաս, Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ մարզ­պետ պ. Խ­րիս­թոս ­Մե­թիոս։

­Բո­լոր խօ­սող­նե­րը անդ­րա­դար­ձան ­Թուր­քիոյ ան­պատ­ճե­լիու­թեան, մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի հան­դուր­ժո­ղու­թեան եւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­հա­տոյց մնա­լու ի­րո­ղու­թեան, ո­րուն հե­տե­ւան­քը ե­ղաւ թուրք-ա­զե­րիա­կան յար­ձա­կու­մը Ար­ցա­խի վրայ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի վրայ նոր բռնու­թիւն­նե­րու ծա­ւա­լու­մը։ ­Բո­լոր խօ­սող­նե­րը շեշ­տե­ցին ­Թուր­քիոյ յար­ձա­կո­ղա­պաշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ։

­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր

«Կ­ռունկ» եւ «Ե­րա­նի» եր­գե­րու յու­զիչ մեկ­նա­բա­նու­թեամբ հան­դէս ե­կաւ ­Մա­րիա Ս­փի­րի­տու­նի­տու, դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ­Լե­ւոն ­Բի­ջախ­ճեա­նի։

Ե­րի­տա­սարդ երգ­չու­հիի յու­զում­նա­լից եր­գե­րուն ըն­թաց­քին, պաս­տա­ռին վրայ ցու­ցադ­րո­ւե­ցան 1915-ի մռայլ օ­րե­րու տե­ղա­հա­նում­նե­րու եւ ջար­դե­րու վա­ւե­րա­կան նկար­ներ։

­Խոր ապ­րու­մով եւ յու­զիչ մեկ­նա­բա­նու­թեամբ, Հ.Յ.Դ. ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ ընկ. ­Նա­րօտ ­Շա­հի­նեան աս­մուն­քեց ­Շարլ Ազ­նա­ւու­րի «Ա­նոնք ին­կան» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, իսկ ե­լոյ­թի ա­ւար­տին ան մեկ­նա­բա­նեց Ո­ւի­լիըմ ­Սա­րո­յեա­նի «­Հա­յե­րու մա­սին» ծա­նօթ խօս­քը։

Ե­լոյ­թի ա­ւար­տէն ա­ռաջ, ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ յա­տուկ տե­սա­նիւթ մը ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ս­փիւռ­քի հա­յու­թեան՝ նա­խորդ տա­րի­նե­րու պա­հան­ջա­տի­րա­կան ե­լոյթ­նե­րու ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով։ ­Յա­տուկ տե­սա­րան­նե­րով ցու­ցադ­րո­ւե­ցան Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ ի­րա­գոր­ծո­ւած պա­հան­ջա­տի­րա­կան ե­լոյթ­նե­րու նմուշ­ներ, ցոյց տա­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­քա­կան կամ­քը ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ու­ղիին վրայ։

azator.gr

1