Հայ քաղաքական երեք կուսակցությունները վերահաստատում են հայկական պահանջատիրության անժամանցելիությունը
Գլխավոր » Լրահոս » Հայ քաղաքական երեք կուսակցությունները վերահաստատում են հայկական պահանջատիրության անժամանցելիությունը

Հայ քաղաքական երեք կուսակցությունները վերահաստատում են հայկական պահանջատիրության անժամանցելիությունը

Չորեքշաբթի, 14 ապրիլին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը:

Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի նշումին ընդառաջ, միջկուսակցական հանդիպումը առիթ եղաւ վերստին ընդգծելու հայկական միասնական կեցուածքը հայկական պատմական իրաւունքներուն վերականգնումին գծով: Առ այդ, ժողովականները նաեւ վերահաստատեցին հայկական պահանջատիրական պայքարի անժամանցելիութիւնը` մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրի միջազգային ամբողջական ճանաչումը, դատապարտումը եւ վնասուց արդար հատուցումը` ցեղասպան Թուրքիոյ պետութեան կողմէ:

Ժողովականները նոր-օսմանական եւ համաթուրանական ծաւալապաշտ քաղաքականութեան ցայտուն արտայայտութիւնը նկատեցին 27 սեպտեմբեր 2020-ին Թուրքիոյ անմիջական օժանդակութեամբ հայութեան դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմը, որուն իբրեւ հետեւանք Ազրպէյճանը բռնագրաւեց Արցախի Հանրապետութեան տարածքէն մեծ բաժինը, իսկ ցեղասպանական ոճիրներու իբրեւ շարունակութիւն պատերազմական գործողութիւնները ուղեկցուեցան քաղաքային բնակչութեան դէմ ուղղուած Թուրքիոյ ցեղասպանական նկարագիրը արտացոլացնող արարքներով, ինչպէս նաեւ մինչեւ օրս հարիւրաւոր հայ գերիներ եւ պատանդներ Ազրպէյճանի մէջ կը պահուին` ենթարկուելով անմարդկային վերաբերումի:

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները շեշտեցին, որ հայ ժողովուրդի կրած հողային ու մարդկային այս ծանր կորուստէն ետք, հայկական միասնականութիւնը ամրապնդելու, ազգային պահանջատիրական երթը անխախտ պահելու, ինչպէս նաեւ թշնամի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ հայութեան ու Հայաստանի նկատմամբ մինչեւ օրս շարունակուող յարձակողապաշտ ու ծաւալապաշտ ախորժակները կասեցնելու եւ նաե՛ւ 44-օրեայ արցախեան պատերազմի հետեւանքները դարմանելու համար, այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, համայն հայութեան ներուժի համախմբումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է:

Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ անցնող տարուան ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու Հայ դատի պահանջատիրական երթին մէջ միջազգային հարթակներու վրայ արձանագրուած նուաճումներուն, որոնք աւելիով կ՛անհանգստացնեն թշնամին, եւ ան կը փորձէ հայկական հարցի զօրակցող երկիրներու հետ խնդրոյ առարկայ դարձնել ու սպառնալ տարբեր միջոցներով կասեցնել միջպետական յարաբերութիւնները:

Նոր-օսմանական եւ համաթուրանական ծաւալապաշտ քաղաքականութեան միեւնոյն ծիրին մէջ, հանդիպումին մասնակիցները մտահոգութեամբ անդրադարձան Թուրքիոյ միջամտութիւններուն` արաբական երկիրներու ներքին հարցերուն, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Միջերկրականի շրջանին մէջ Թուրքիոյ ունեցած ապակայունացնող դերակատարութեան` նկատել տալով, որ թրքական պետութեան դրսեւորած գերաշխուժ դերակատարութիւնը անոր որդեգրած նոր-օսմանական ծաւալապաշտական գաղափարախօսութեան արդիւնքն է:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Լիբանանի մէջ ստեղծուած քաղաքական, ընկերային-տնտեսական եւ առողջապահական անկայուն կացութեան պատճառով հայ համայնքի դիմագրաւած տագնապներուն եւ մարտահրաւէրներուն եւ այս ծիրին մէջ անհրաժեշտ նկատուեցաւ երաշխաւորել համայնքի կարիքներուն անսալու եւ անոր համահայկական պատմադրոշմ դերակատարութիւնը անխախտ պահելու միասնական ճիգերով իրականացուող աշխատանքներու շարունակականութիւնը:

Մեկնելով այս բոլոր նկատառումներէն, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները որոշեցին, որդեգրելով «Քորոնա» ժահրի համավարակին հետ կապուած անհրաժեշտ նախազգուշութիւնները, այս տարի եւս միասնական կեցուածքով նշել Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակը` շաբաթ, 24 ապրիլին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ տեղի ունենալիք Ս. պատարագէն եւ Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն նուիրուած եկեղեցական արարողութենէն անմիջապէս ետք: Ձեռնարկը պիտի սփռուի առցանց եւ հասանելի դառնայ ամբողջ հայութեան:

ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

aztagdaily.com

1