Մուսա լերան առիւծը
ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
«Աստ հանգչին ցեղ, մեր լերան սէգ արծիւները հիմա,
Աստ կը նիրհեն խոյանքի մեծ ասպետներն ահաւոր,
Կայծակնազօր բան մ՛այստեղ շքեղօրէն կը մեծնայ,
Անցորդ, գլուխդ հակէ, զի ցեղն է հոս սգաւոր»:
ՏԱՊԱՆԱԳԻՐ
(ԵԴՈՒԱՐԴ ՊՈՅԱՃԵԱՆ)
Ո՞վ է Մուսա լերան հերոսամարտի անկրկնելի հերոսը, հերոսներուն հերոսը, որուն մասին շատ քիչ բան յայտնի է:
Ամէն անգամ, երբ կը գրուի կամ կը խօսուի Մուսա լերան հերոսամարտի մասին, արդարօրէն միշտ կը յիշուին հերոսներ Եսայի Եաղուպեանը, Պետրոս Տմլագեանը, Պետրոս Տուտագլեանը, Յաբէթ Իսկէնտէրեանը, 18 նահատակները… Կը յիշուին նաեւ հերոսամարտի կեդրոնական վարչութեան նախագահ պատուելի Տիգրան Անդրէասեանը եւ զինուորական ընդհանուր վերահսկիչ Մովսէս Տէր Գալուստեանը (իր երկու օգնականներով` Սերոբ Շերպեթճեան եւ Տիգրան Իբրաճեան)` իբրեւ հերոսամարտի գլխաւոր պատասխանատուներ: Ընդունինք սակայն, թէ շատ քիչերու ուշադրութեան եւ գնահատանքին արժանացած է հերոսամարտի առիւծը:
Ինչո՞ւ, որովհետեւ խոնարհ հերոսները մեծ կը մնան իրենց խոնարհութեան մէջ, քիչ կը գրուի իրենց մասին, սակայն անոնք կ՛արժանանան ժողովուրդի պաշտամունքին:
Այո՛, իսկական առիւծ էր Մուսա լերան Վագըֆ գիւղի Վարի Ազզէր թաղամասէն Յակոբ Գարակէօզեանը (1880- 1915): Խոնարհ երիտասարդ մը` շատ համեստ ընտանիքէ:
«Հերոս էր ծնած վագըֆցի այս խոնարհ երիտասարդը, հերոսական գործեր էր կատարած ու հերոսական մահով ալ ինկաւ Ճէպէլ Մուսայի ապստամբութեան երկրորդ ճակատամարտի ընթացքին (հատուած «Մուսա լերան 18 նահատակները» գրքոյկէն, հրատարակուած` Մուսա լերան Ուսումնասիրաց միութեան կողմէ, Պէյրութ, 1960՞)»:
Յակոբ Գարակէօզեան կը կոչուէր ԸԼԼԷՕՆ (առիւծ` յունարէնով): Ան երկար տարիներ ահ ու սարսափի մէջ ձգած էր շրջակայ գիւղացիները եւ թուրքերը: «Առիւծ»-ը առաջիններէն եղած էր Սուէտիոյ շրջանը զինելու խիստ գաղտնի աշխատանքին մէջ: Իր քաջագործութիւններով մեծ յարգանք վայելած էր Մուսա լերան ժողովուրդին մէջ: Անանիա Վիրաւորեանին հետ դարձած էր Մուսա լերան մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն եւ ամէնէն գործունեայ անդամներէն: Սիրուած էր բոլորէն եւ արժանացած ժողովուրդի պաշտամունքին: Լեռ բարձրանալու, դիմադրելու եւ քաջաբար մեռնելու ջատագովն էր երիտասարդութեան եւ լերան փախստականներուն մէջ: Բոլորին աչքերը իր վրայ էին…
1915-ի օգոստոս 10-ին, հերոսամարտի երկրորդ ճակատամարտի ընթացքին, քաջաբար դիմադրելով թուրքերու յարձակումին, Յակոբ ծանրօրէն կը վիրաւորուի: Վիրաւոր առիւծը պուտ մը ջուր կը խնդրէ իր ընկերներէն եւ կ՛ըսէ իր վերջին խօսքը. «Խնդրեմ ինձմով մի՛ զբաղիք. ես արդէն ինչ որ պիտի ըլլամ եղած եմ, դուք գացէ՛ք եւ թշնամիին դիմադրեցէ՛ք»:
Առիւծը իր աչքերը կը փակէ մխացող լերան վրայ եւ կը դառնայ Մուսա լերան հերոսամարտի առաջին նահատակը: Իսկական հերոս, որ կեանք մը ամբողջ նուիրած էր իր ժողովուրդին:
Հիմա արդէն անցած են 105 տարիներ: Պայմանները ձեռնտու չեն ժողովրդային մեծ տօնախմբութիւններով վերյիշելու Մուսա լերան յաղթական հերոսամարտի տարեդարձը: Սակայն հերոսները չեն մեռած, այլ կ՛ապրին ժողովուրդի սրտին մէջ: Մուսա լերան առիւծները կը պատգամեն`
1.- Մի՛շտ պատրաստ պէտք է ըլլալ քաջաբար դիմադրելու` բոլոր ժամանակներուն եւ բոլոր պայմաններուն մէջ:
2.- Մի՛շտ արդար պէտք է ըլլալ, եւ պայքարիլ արդարութեան յաղթանակին համար:
3.- Մի՛շտ բարձր պէտք է պահել հայ ազգին արժանապատուութիւնը:
4.- Երբեք պէտք չէ յուսահատիլ, պէտք է համոզուած ըլլալ, որ «յաղթանակը մերն է»:
Այսօր յաղթանակի տարեդարձ է, եկէ՛ք գինովնանք Մուսա լերան անկրկնելի հերոս առիւծ Յակոբ Գարակէօզեանի օրինակով եւ արժանին մատուցենք մեր ժողովուրդին:
8 սեպտեմբեր 2020
Մուսա լեռ – Այնճար
aztagdaily.com